ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Ռուս մեծ գրող Լէօ Թոլսթոյ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ծնողները կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները ըլլան այնպէս՝ ինչպէս իրենք կ՚ուզէին ըլլալ»։ Այս գաղափարին բացատրութիւնը իւրաքանչիւր անձի համար ինչպիսի իմաստ ունի՝ չենք գիտեր, սակայն կը հաւատանք, որ ծնողք դառնալու մէջ հիմնական ու առաջին սխալներէն մէկը այս համոզումն է, որովհետեւ ծնողները զաւակը որպէս առանձին անհատ տեսնելու, անոր անհատականութեան, որոշումներուն, ձգտումներուն ու նախասիրութիւններուն կարեւորութիւն տալու փոխարէն կը փորձեն իրենց երազները իրականացնել անոնց ճամբով՝ հաւատալով, որ այդ ինչը որ իրենց ուրախութիւն կրնար պատճառել՝ նոյնպէս կրնայ ուրախութիւն պատճառել անոնց: Այս մէկը սխալ կը նկատենք, որովհետեւ մանուկը ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ իրավիճակի մը մէջ, ուր պարտաւոր կը զգայ իրականացնելու եւ արդարացնելու ծնողքին սպասումները: Այս երեւոյթը ունի հիմնական երկու բացասական կողմեր.

Ա.- Մանուկը միշտ իր դիմաց որպէս մարտահրաւէր կ՚ունենայ ծնողներուն սպասումները արդարացնելը եւ այդ հոգեվիճակը անոր մօտ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ։ Ան թերութիւնները ո՛չ թէ սրբագրուելու եւ աւելի լաւը դառնալու միջոց, այլ որպէս մեղաւորութիւն կը սկսի ընկալել։ Ծնողքը, որ պարտաւորութիւնը ունի իր զաւակը կեանքի դժուարութիւններուն պատրաստելու ու զինելու, իր այդ ընթացքով անոր դիմաց կամայ թէ ակամայ կը փակէ սխալելու բնական իրաւունքը եւ զաւակը կը սկսի իւրաքանչիւր սխալ իր ծնողներուն սպասելիքներուն դէմ կատարուած «դաւաճանութիւն» նկատել: Մանուկը իր յաջողութեան չափանիշը կը սկսի տեսնել իր ծնողներուն ակնկալութիւնն ու սպասումը: Այս բոլորը մանուկին մէջէն կ՚ամրապնդեն սխալելու նկատմամբ վախը. անոր մէջ ծնունդ կ՚առնէ ծնողներուն սէրն ու վստահութիւնը կորսնցնելու վախը եւ ծնողներուն կողմէ որպէս դրական արդիւնք ակնկալուող չափանիշները կրնան ամբողջութեամբ հակառակ արդիւնք տալ: Ծնողներու կողմէ որոշ չափանիշներ զաւակներուն համար կրնան բնականէն աւելի դժուար ու ծանր թուիլ եւ այս մէկը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ իր ինքնավստահութեան մէջ եւս։ 

Բ.- Նման պարագաներու զաւակները կրնան իրենց ներքին ձգտումները, պահանջներն ու նպատակները երկրորդական եւ անկարեւոր նկատել. կը սկսի հեռու մնալ իր ցանկութիւններէն, նախասիրութիւններէն եւ առաջնահերթութիւն դարձնել ծնողական պահանջները։ Այս մէկը շատերու համար «յարգանք» կը նշանակէ, սակայն, իրականութեան մէջ, յարգանքէ աւելի մարդկային կազմաւորումին ու հոգեկան վիճակին հետ աղերս ունեցող երեւոյթ մըն է, որովհետեւ նոյնիսկ իր յարգանքի վիճակին մէջ կրնայ վնասել զաւկին անհատականութիւնը: Ծնողքին դերն է զաւկին սորվեցնել կեանքը եւ տալ առիթ, որպէսզի ան լաւապէս հասկնալով կեանքը կարողութիւնը ունենայ որոշելու, թէ ի՞նչ սպասումներ ունի կեանքէն։ Սեփական ցանկութեան, պահանջի պակասը նոյնիսկ չափահասութեան զաւկին մէջ ինքնավստահութեան պակաս կը ստեղծեն, որովհետեւ ան իր պէտքերն ու ցանկութիւնները հետապնդելու փոխարէն, իրեն համար նախապէս սահմանուած չափանիշները կը հետապնդէ: 

Օրինակի համար, կը տեսնենք, թէ մայր մը իր երիտասարդութեան ունեցած է բժիշկ դառնալու ցանկութիւնը, սակայն, ինչ ինչ պատճառով այդ երազը չէ կրցած իրականացնել. զաւակը լոյս աշխարհ եկած օրէն իսկ կը սկսի նման արտայայտութիւններ ունենալ. «Իմ զաւակս բժիշկ պիտի ըլլայ»։ Այս տողը պարզ, մայրական ազնիւ փաղաքշանք որպէս կարելի է տեսնել, սակայն, անոր կրկնութիւնը կամայ ակամայ մանուկին մէջ կը ստեղծեն այն համոզումը, որ ինք լաւ զաւակ մը ըլլալու համար պարտի բժիշկ դառնալ՝ որովհետեւ ծնողքին կողմէ սպասուածը այդ է։ Այդ նախադասութիւնը այնքան խոր տպաւորութիւն կը ձգէ զաւկին վրայ, որ ան մոռնալով իր նախասիրութիւնները, նպատակներն ու ձգտումները, բժիշկ ըլլալու շուրջ կը մտածէ, որովհետեւ ներքին համոզումով մը կը հաւատայ, որ անոր հակառակ ընելը կը վշտացնէ մայրը եւ կամ հայրը:

Ծնողք մը այս թերութենէն հեռու մնացած կ՚ըլլայ, եթէ զաւկին իրապէս յաջողած ըլլայ սորվեցնել «ի՞նչ», «ինչպէ՞ս» եւ «ինչո՞ւ» բառերու գործածութիւնը. զաւակը՝ իր պատանեկութենէն սկսեալ պարտի նպատակ ունենալ, պարտի հասկնալ, թէ «ինչո՞ւ կ՚ապրի», «ի՞նչ կ՚ուզէ», այդ իր ուզածներուն «ինչպէ՞ս» կրնայ հասնիլ։ Այս բոլորին միացումն է, որ անհատը կը կազմեն: Ծնողքի պարտադրութեան տակ մանուկը կրնայ զգալ, թէ իր ցանկութիւններն ու որոշումները սխալ են, որովհետեւ տարբեր են սպասուածէն: 

Այս բոլորին լոյսին տակ, ծնողքներ իրենց նախասիրութիւնները մանուկին պարտադրելու փոխարէն, պարտին լսել անոնց պահանջները: Հայրն ու մայրը զաւակը դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդողներն են եւ ո՛չ անոր բռնապետները, որպէսզի իրաւունք վերապահեն պարտադրել այն բոլոր արժէքները, որոնք իրենց համար ճիշդ ըլլալ կը թուին: 

Մենք կը կարծենք, որ մարդու նպատակներն ու ձգտումները եւ կամ գուցէ անոր կարողութիւնն է, որ զինք յաջողութեան կ՚առաջնորդեն, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Մարդ աւելիով յաջողութիւն կ՚արձանագրէ այն ժամանակ, երբ ինքզինք իր շրջապատին, իր ծնողներուն կողմէ լսուած նկատէ: Մեծագոյն մանկավարժներէն Ժան Ժաք Ռուսօ կ՚ըսէ. «Ձգեցէ՛ք մանուկները ըլլան ան՝ ինչ որ կ՚ուզեն եւ ո՛չ թէ ան՝ ինչ որ դուք կ՚ուզէք ըլլայ»:

Նման աննկատ կարծուող սխալներ կրնան մեր սպասածէն շա՜տ աւելի խոր հետեւանքներ ունենալ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ի սէր հայութեան, ազգին ու դժբախտ հայրենեաց, սնուցանենք մեր մէջ հայը, որպէսզի անիկա վերապրի բոլոր վերագիրներէ վերջն ալ, բոլոր կուսակցութիւններէ, բոլոր յարանուանութիւններէ եւ ազդեցութիւններէն միջավայրի եւ ժամանակի:

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026