ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱՒՈՐԸ

Քաղաքականութեան մասին խօսիլ չենք սիրեր, սակայն, նկատի ունենալով Հայաստան աշխարհի վերջին մի քանի տարիներու իրադարձութիւնները եւ նկատի ունենալով նախընտրական վիճակը, կ՚ուզենք ամփոփ վերլուծական մը կատարել.- 

Հայաստանի ներկայ իշխանութեան որդեգրած մօտեցումը բնականաբար պիտի ունենայ իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները, սակայն, կ՚ուզենք, որ այդ կողմնակցութիւնն ու հակառակութիւնը անձով պայմանաւորուած չըլլայ, այլ ունենայ տրամաբանական հիմք ու մա՛նաւանդ՝ փաստարկ, այլապէս ներկայ վարչապետի անձը չսիրելու պատճառով անոր կատարած ամբողջական գործունէութիւնը ատել արդարութեան մէջ տեղ չունի։ Այդ իսկ պատճառով կ՚ուզենք մոռնալ անունները եւ կ՚ուզենք կեդրոնանալ երեւոյթներուն եւ դէպքերուն վրայ, որովհետեւ քաղաքականութիւնը ո՛չ թէ անձերով, այլ դիրքորոշումներով, եղելութիւններով կ՚առաջնորդուի եւ այդ բոլորը անկախ անձէն, կրնայ ունենալ երկու հիմնական վերջաւորութիւն՝ որպէս լաւ կամ վատ: 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ. Պէտք է խոստովանինք, որ Փաշինեան Արցախի պահով ունէր այս երկու սխալներէն մին.

1. կա՛մ լաւապէս գիտէր, թէ ինչ պիտի գայ Արցախի գլխուն եւ կը փորձէր ժողովուրդը խաբել,

2. կա՛մ իրապէս ո՛չ մէկ բանէ տեղեակ էր եւ զոհը գնաց իր անգիտութեան, ինքնավստահութեան եւ ժողովուրդի աջակցութեան։ Սակայն, որոշ երեւոյթներ մեզի մտածել կու տայ հետեւեալին մասին. 2018 թուականին, երբ տակաւին Արցախի հարցը քննարկման առարկայ չէր, ան իր յայտարարութիւններուն մէջ կ՚ըսէր. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», կը խօսէր Արցախը չյանձնելու մասին՝ երբ Արցախը յանձնելու քննարկում իսկ չկար, իսկ իր մէկ այլ արտայայտութիւնը՝ «Ձեզմէ գաղտնի փաստաթուղթ պիտի չստորագրեմ»։ Ամբողջութեամբ հայելին էր այն բոլորին, որ յայտարարութենէն ընդամէնը երկու-երեք տարի ետք կատարեց: 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախը յանձնելու որպէս պատրուակ նշեց թիւի պակասը։ Հայոց բանակը բաւարար թիւ, ինչպէս նաեւ զինամթերք չունէր եւ կը կարծենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւապէս գիտէր այս վիճակը։ Եթէ վերջին վայրկեանին գիտցան՝ լուրջ մտահոգութեան տեղի կու տայ այս մէկը: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը գիտէր, որ ունինք զէնքի եւ թիւի պակաս եւ չենք կրնար դէմ դնել յարձակողին, ինչո՞ւ համար «Յաղթելու ենք» կարգախօսով մինչեւ վերջին վայրկեանը հանրութեան դիմաց յաղթական կեցուածք ուզեցին ընդունիլ։ Շատեր այս հարցին կը պատասխանեն. «որպէսզի ժողովուրդին կորովը եւ տրամադրութիւնը բարձր պահեն» պատրուակով։ Այս մէկը թատրոն կամ զուարճութիւն չէ՛, որ ժողովուրդը բարձր տրամադրութեամբ ըլլայ։ 44-օրեայ պատերազմի մինչեւ կէսերը ժողովուրդը կը փորձէին համոզել, որ ամէն բան տիրապետութեան տակ է, հայոց բանակը ջախջախիչ առաջընթաց կ՚արձանագրէ… Կը յիշենք, նոյնիսկ կամաւոր մեկնիլ ուզող շատ մը հայրենակիցներ մերժում ստացան՝ որովհետեւ ամէն բան կարգին էր, հայ ժողովուրդը յաղթութեան մէջ էր: Ինչպէ՞ս եղաւ մէկէն ի մէկ… մի քանի ժամուան ընթացքին զգացին, որ զէնքի եւ թիւի պակաս կայ եւ կարելի չէ դէմ դնել՝ մարդ չի կրնար հասկնալ: 

Փաշինեանի կառավարութիւնը պարտութեան համար մեղադրեց նախկինները։ Մինչ այդ, պատմութեան մէջ գիտցուած բան է, որ իւրաքանչիւր կառավարութիւն կը մեղադրէ նախորդը. եւ յաջորդը, որ պիտի գայ ու նոյն բանը պիտի ընէ, որովհետեւ անոնց պայքարը ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու տեղ՝ միւս կողմը վարկաբեկելով աթոռ պահելն է։ Այս մէկը ի զօրու է բոլոր պետութիւններուն համար: Այս մէկը քաղաքականութեան աղտոտ մէկ երեսակն է, որպէսզի ստեղծուի երկու կողմ՝ որպէս նախկին եւ ներկայ եւ զիրար մեղադրեն։ Սակայն, կայ իրականութիւն մը. Արցախի պարտութեան համար մեղաւոր են թէ՛ նախկինները եւ թէ ներկաները հաւասարապէս։ Որպէսզի այս մեղաւորութիւնը զգացական ու վերացական չըլլայ՝ գանք տուեալներով. վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 1990 թուականին Հայաստանի մէջ կ՚ապրէր մօտաւորապէս 3,500,000 անձ. 35 տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ այսօր վիճակագրականօրէն կ’՚ապրի 2,900,000 հայ։ Հայաստանի մէջ բնակող հայութեան թիւը պակսած է 650,000-ով։ Պահ մը աչք նետենք դրացի պետութիւններուն. վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 1990 թուականին Ատրպէյճանի մէջ կ՚ապրէին 7,200,000 ազերիներ. 35 տարիներ ետք այսօր անոնց թիւը կը հասնի 10,500,000-ի։ Այսինքն անոնց բնակչութեան թիւը աճած է 3,200,000-ով: 

Միայն այս պատկերով արդէն իսկ կարելի է մեղադրել թէ՛ նախկինները, թէ՛ ներկաները եւ թէ հայ ժողովուրդը։ Հայկական սփիւռքը ունէր սուտ մը. որպէս թէ անոնց հայրենիք չվերադառնալու պատճառը Խորհրդային Միութիւնն էր։ Կուսակցականներ, ազգասէրներ եւ գրեթէ շա՜տ շատեր հայրենիքի կարօտը կ՚երգէին սփիւռքի մէջ, սակայն, հայրենիք չէին վերադառնար՝ որովհետեւ օտարի լուծին տակ է հայրենիքը: Գուցէ անոնք երբեք չէին կրնար ենթադրել ու մտածել, թէ օր մը կրնայ կործանիլ հսկայական Խորհրդային Միութիւնը։ Այդ երգողներէն, իրենք զիրենք հայրենասէր ծախողներէն ո՛չ ոք հայրենիք վերադարձաւ՝ նոյնիսկ անկախութենէն ետք, որովհետեւ արտաքնապէս հայրենասէր ըլլալը դիւրին, սակայն, գործնականին մէջ դժուար բան մըն էր իրենց համար: Այսօր եւս, ամբողջ կեանքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրենց առանձնատուներուն մէջ հանգստութեամբ ապրող, սակայն, լեզուով Արցախի կորուստը լացողներ շատ կան:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ազգի մը կրօնքը ամենէն հաւատարիմ ցուցիչն է իր նկարագրին եւ ճշտօրէն կը ցոլացնէ անոր ըմբռնումները կեանքի ու տիեզերքի մասին:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026