ԲԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Ո՜վ իմ հայրերու Աստուած եւ Տէրդ ողորմութեան, դո՛ւն ես, որ քու խօսքովդ ստեղծեցիր բոլորը եւ քու իմաստութեամբդ ձեւաւորեցին մարդը՝ որ տիրէ քու ստեղծած արարածներունդ, սրբութեամբ եւ արդարութեամբ կառավարէ աշխարհը եւ ուղիղ հոգւով դատ ու դատաստան ընէ։ Տո՛ւր ինձ քեզ գահակից իմաստութենէդ եւ խոտան մի՛ համարեր ինձ քու ծառաներէդ։ Արդարեւ, ես քու ծառադ եմ եւ քու աղախնի որդին». (ԻՄԱՍՏ. ՍՈՂՈՄՈՆԻ, Ը 19-Թ 5)։

Բանաւորութիւնը եւ իմացականութիւնը աստուածատուր շնորհներ են մարդուն տրուած։

Արդարեւ, աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն կը ճոխացնեն մեր ճանաչումները տիեզերքի ստեղծման, տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներուն լինելիութեան մասին, մարդուն երեւման մասին. (Etienne Bonnot de Condillac, «Essai sur L՚origin des connaissances humaines, 1746) (Emile Boutroux, «Science et Religion dans la Philisophie Contemporaine, 1908

Այս գիւտերը եւ տեսութիւնները կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի՛ հիանալու Արարչին մեծութեան վրայ. Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան, իմաստութեան եւ բանականութեան համար, զորս Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։ Սողոմոնի հետ անոնք կարող են գոչել. «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցը աշխարհի, յատկութիւնները տարրերուն (…) որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի». (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։

Աստուած մարդը բանաւոր-իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր բանականութիւն եւ «անձ»ի մը արժանապատուութիւնը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ. «Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին» (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձամբ փնտռել ճշմարտութիւնը՝ իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր իր արարքներուն…»։

Վերոյիշեալ խորհրդածութիւններու մէջ կը յայտնուի հարց մը. մարդ իրեն յանձնուած որեւէ յատկութիւն կրնա՞յ փոխանցել ուրիշի մը։ Մարդ կրնայ ինքզինք դնել «արարիչ»ի դիրքի։ Այս մասին սկզբունքն է՝ իւրայատուկ առանձնաշնորհները չփոխանցել ուրիշի մը։

Արդարեւ, գիտութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը տարբեր իրողութիւններ են. այս իմաստով, մարդ ազատ է գիտնալու, բայց ստեղծումի արարքը սահմանափակ է, քանի որ ոչինչէն ստեղծել Աստուծոյ կը վերաբերի։

Եթէ յետամտութիւն չհամարուի հետաքրքիր հարցում մը ունիմ. սա, բոլորին մեծ համարում եւ արժէք ընծայած, շատերուն հաւաստի եւ արժանահաւատ համարած, վստահած «արհեստական բանականութիւն»ը իրապէս այդքան արժէք ունի՞ մարդկային կեանքին մէջ։ Զոր օրինակ, Տաթեւացին ի՞նչ կ՚ըսէր այս մասին, «արհեստական» բանի մը այսքան վստահիլ ճի՞շդ է։

Յարգանքը անձերու հանդէպ է, գաղափարներ, տեսութիւններ՝ գնահատանքի եւ արժեւորման առարկայ են։ Ուստի, պէտք է անձին՝ մարդու բանականութեան եւ իմաստութեան վստահիլ, քան անոր արարքներուն։

Իմաստութիւնը՝ Աստուծոյ ճանաչում է. բանականութիւնը ա՛յս կ՚ենթադրէ, եւ երկրորդ հարցում մը. «արհեստական բանականութիւն»ը ունի՞ Աստուծոյ ճանաչութիւն։ Եթէ չունի՝ ինչպէ՞ս վստահինք անոր…

Ըսինք, թող յետադիմութիւն, յետամտութիւն չհամարուի մեր այս տարակուսանքները, քանի որ «յառաջդիմութիւն» բառին ստուգաբանութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի «աջ», հակառակ ընդհանուր կարծիքին, թէ յառաջդիմութիւնը ուրիղ ընթանալ կը նշանակէ։

Արդարեւ, ի՞նչ է, ո՞րն է «ուղիղ»ը։ Ահաւասիկ, այս հարցումին պատասխանը մեզի ցոյց պիտի տայ, թէ՝ ո՞վ յետադէմ է եւ ո՛վ յառաջադէմ։

Վերջապէս, յիշենք, որ ամէն նորութիւն անպայման բարի չէ, երբ անիկա օգտակար չէ, կամ օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառէ։ Նպատակը չ՚արդարացներ առարկան կամ միջոցը…

Աւելցնենք՝ մարդ արարածին սխալական ըլլալուն մասին, կը կարծեմ, համակարծիք ենք բոլորս, ապա ուրեմն, մարդու որեւէ ձեռակերտ արդիւնաբերութիւն ալ բնականաբար սխալութիւն կրնայ ունենալ, յուսամ համամիտ ենք նաեւ այս մասին։ Չէ՞ որ դրական գիտութիւնն ալ ամէն ճշմարտութեան կը մօտենայ 99,9 տոկոսով եւ 100 տոկոս ճշդութիւն չ՚ընծայեր որեւէ իրողութեան կամ երեւոյթի՝ նկատի ունենալով սխալութեան փոքր մաս մը։ Այս ալ կը նշանակէ՝ որ մարդուս արտադրած որեւէ բան 100 տոկոսով վստահութիւն չի՛ ներշնչեր…

Այս ուղղութեամբ, բնական բանականութիւնը եւ արհեստականը պէտք է տարբերել, քանի որ աստուածայինը եւ մարդկայինը տարբեր են։

Մարդուս համար կատարելութեան ձգտիլ կարելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, բայց ամենակատարելութեան յաւակնիլ՝ վտանգաւոր եւ անկարելի՛։ Եւ ուրեմն, անշուշտ, պիտի վստահին մարդուն բանականութեան եւ անոր արտադրութիւններուն, բայց ո՛չ այնքան՝ որքան կը վստահինք Աստուծոյ եւ Անոր ամենակարողութեան եւ ճշդութեան։

Ա՛յս է մարդուն կոչումը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 4, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025