ԵԿՈ՛ՒՐ, Ո՞ՒՐ ԵՍ…
Մեր օրերուն երգահանները ինչ ոճի եւ բնոյթի երգեր կը գրեն՝ այդքան ալ հետաքրքրուած չեմ, որովհետեւ անոնց ոռնոցը, «ջա՜ն ջա՜ն»երն ու իրարու քով փակցուած բառերը այնքան իմաստ ու արժէք չունին՝ ինչքան հին երգերը, որոնք երգ ըլլալէ բացի բարոյական դասեր, ընկերային կեանք ու մարդկային արժէքներ ունին փոխանցելիք: Երգը դարեր շարունակ եղած է ազգի մը հայելին, երաժշտութեան ու բառերու միջոցով փոխանցած է ազգի մը նկարագիրն ու հոգեվիճակը։ Եղած է ժամանակի վկան եւ ազգի մը ինքնութեան արտայայտութեան ձեւը։ Բացէ՛ք հայկական ժողովրդական երգերը եւ այդտեղ շատ աւելի յստակ ձեւով պիտի տեսնէք հայը՝ իր ուրախութիւններով, իր տխրութեամբ ու մտահոգութիւններով: Սակայն ներկայ երգերը ամբողջութեամբ զուրկ են այդ յատկութենէն, որովհետեւ ներկայ հասարակութիւնը «լուրջ» ու «խելացի» բաներու դէմ պայքար մը յայտարարած ըլլալով՝ յիմարութիւններով կը զբաղի:
Այս բոլորը գրած ժամանակ դիմացս ունիմ Հայաստանի մէջ սիրուած «երգիչ»ի մը երգի բառերը. վիճակը մեր պատկերացուցած աւելի վատ է. ահաւասիկ երգի բառերը.
«Նոր ընկերուհիիդ ըսէ, ուզածին հասաւ. Ինքը իմ տեղս է հիմա, քու գիրկդ է»։
Եկէք պահ մը մենք մեզի համոզենք, որ երաժշտութիւնը ազգի մը հայելին չէ, այլապէս երեւոյթով հանրութեան ներկայանալը քիչ մը անպատուաբեր կրնայ ըլլալ. կար ժամանակ, երբ սիրային երգերը նոյնիսկ ունէին որոշ արժէք ու արժանապատուութիւն։ Վկայ Կոմիտասի եւ միւս բոլոր գուսաններու երգերը՝ որոնք թէ՛ որպէս երաժշտութիւն եւ թէ որպէս բանաստեղծութիւն ունին իրենց յատուկ տեղը հայ ժողովուրդի մշակոյթին մէջ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով ըսենք, որ հին գուսաններու երգի բառերը կարելի է նաեւ որպէս բանաստեղծութիւն ընթերցել եւ առ այդ այսօր որպէս մեր յօդուածի նիւթ նկատի կ՚ունենաք Աշուղ Ջիւանիի «Կեղծ ընկեր» երգ-բանաստեղծութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր այժմէականութիւնը պահել:
Իր այս երգին մէջ Ջիւանի կ՚անդրադառնայ դրամին հասարակութեան մէջ ունեցած դերին եւ ազդեցութեան։ Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին դրամը ընկերութեան մէջ մարդը «սիրելի» կը դարձնէր, սակայն, հայ գուսանը իր այս երգով կու գայ ըսել, այդ «սիրելի» ըլլալը եւս ժամանակաւոր է, որովհետեւ մարդիկ կը յարգեն ու կը սիրեն անձը՝ որ դրամ ունի՝ մինչեւ այն ժամանակ, որ կը շարունակէ դրամ ունենալ. երգին առաջին տողը կ՚ըսէ.
«Լայն օրերուս ուրախացող կեղծ ընկեր,
Այժմ նեղը ինկած եմ, եկո՛ւր, ո՞ւր ես»։
Բառերը շատ յստակ են. երբ ունիս դրամ՝ մարդիկ շուրջդ կը հաւաքուին, սակայն, երբ դրամ չունիս՝ նոյնիսկ անոնք որոնք անցեալին կեղծաւորութեամբ շուրջդ էին, մէկ առ մէկ կը մեկնին. այս տողը զիս կը յիշեցնէ հօրս պատմած Աղա Կարապետը. անձ՝ որ մեծ հարստութեան տէր ըլլալով Լիբանանի մէջ բազմաթիւ բարեգործութիւններ կը կատարէ, թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ ակումբներուն իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ, սակայն երբ օր մը սնանկ կը դառնայ, զինք ո՛չ ոք կը յիշէ. անցեալին պաշտօնական հանդիսութիւններու ամենէն դէմը նստող Աղա Կարապետը այլեւս նոյնիսկ չի կանչուիր նման արարողութիւններու:
Ջիւանի կը շարունակէ.
«Պատառներուս կտորներու շատակեր,
Մեծը քեզ եմ տուած, եկո՛ւր, ո՞ւր ես»:
Յայտնի մանկավարժ Ժան Ժաք Ռուսօ իր գործերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Դրամը այն միջոցն է, որով կեղծ ընկերներ ձեռք կը բերես»։ Այս տողերը հայելին են մեր ներկայ ընկերութեան, որովհետեւ ներկայիս մարդ կ՚արժեւորուի իր ունեցուածքով՝ փոխան իր ունեցած հոգեկան եւ բարոյական սկզբունքներուն եւ կեցուածքներուն:
Արդի ընկերութիւնը մարդկային յաջողութիւնը կապած է նիւթականին եւ հետեւաբար իրենք զիրենք խաբելով կը ձեւացնեն «յաջողութեան» մօտ եղող՝ քան դրամին:
Ջիւանիի «Կեղծ ընկեր» երգը մարդկային ընկերութեան վէրքերն է, որ կը նկարագրէ.
«Երբ ունէի փայլուն մետաղ բաւական,
Ինձ կ՚ըսէիր «չի՛ կայ քեզ նման մարդ»,
Ո՞ր անկիւնը մտած ես... եկո՛ւր, ո՞ւր ես...»:
Լսուած բան է, որ մարդ իր շուրջինները կը ճանչնայ երբ դժուարութեան մէջ յայտնուի. ուրախութեան պահուն բոլորը շուրջդ կ՚ըլլան, ուրախութեանդ ուրախակից կը դառնան, սակայն, բոլորս ալ գիտենք, որ մարդու մը համար ուրախութենէն աւելի տխրութեան զինք սփոփող, նեցուկ կեցող անձերու կարիքը ունի. ուրախութեան մասնակից դառնալը դիւրին է, սակայն տխրութեան ժամանակ նեցուկ կանգնելու համար մարդ բարձր բարոյական արժէքներու կարիքը ունի՝ ինչ որ մեր օրերուն գրեթէ անգտանելի արժէք մըն է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ տխրութեա՞ն ժամանակ ընկերներու պէտքը կը զգայ, թէ ուրախութեան:
Պատասխան. Մարդ տխրութեան ժամանակ ընկերոջ կարիքը աւելի կը զգայ, քան ուրախութեան: Այդ պահերուն բարեկամի մը ջերմ խօսքը, աջակցութիւնը եւ նոյնիսկ լուռ ներկայութիւնը կրնայ հոգեկան մխիթարութիւն տալ մարդուն: Թէեւ ուրախութեան պահերը հաճելի է կիսել ընկերներու հետ, սակայն, իրական բարեկամութիւնը ի յայտ կու գայ յատկապէս դժուար ժամանակներուն, երբ մարդ կը փնտռէ մէկը՝ որ իր կողքին ըլլայ առանց զինք քննադատելու կամ մեղադրելու: Տխրութեան մէջ մարդ կը փնտռէ փոխըմբռնում, ինչ որ անվտանգութեան զգացում կու տայ մարդուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան