ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄԵՐԸ
«Կ՚ուզե՞ս բարձրանալ։ Սկսէ՛ վար իջնել։ Եթէ կը ծրագրես ամպերուն հասնող աշտարակ մը շինել, նա՛խ խոնարհութեան հիմերը դիր»։
ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԱՒՐԵԼԻՈՍ
Յիսուս կը պատուիրէ, որ միա՛յն իմաստուն անձեր կը գործադրեն, մեծութիւնը չչափել մեր շահածովը եւ ունեցածովը, այլ անով՝ որ մենք կու տանք։ Արդարեւ, քանի հոգի ասկէ դար մը յետոյ պիտի յիշուի, երբ այսօրուան մեծատուները եւ համբաւ ունեցողները թառամին մթութեան մէջ։ Անշուշտ շատ քիչեր։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ որ աւելի՛ տուած է աշխարհին՝ քան ստացած։
Ասիկա կեանքի ճշմարտութիւնն է, թէեւ յաճախ չեն անդրադառնար մարդիկ անոր։ Մեծութիւնը մարդուս շահածին չափը չէ, այլ տուածին կշիռն է, քանի որ Աստուած սրտաբուխ տուողը կը սիրէ. «Այրի կնոջ լուման» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 41-44) ճշմարիտ օրինակն է այս ճշմարտութեան։ Եւ Յիսուսի խօսքը կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։ Ուստի, մա՛րդ ինքզինք մեծ համարելով ճշմարիտ բարձրութեան չի հասնիր եւ անով չի կրնար չափուիլ, այլ ան կը չափուի իր խոնարհութեան մէջ։ Գոռոզ, մեծամիտ եւ ինքնահաւան՝ անձնասիրութեան պատճառներով ո՜րչափ յիմարական գործեր տեղի կ՚ունենան այս աշխարհի վրայ…
Եթէ կ՚ուզես կարեւոր անձ մը ըլլալդ հասկնալ՝ մատդ դի՛ր աման մը ջուրին մէջ, դուրս հանէ զայն, եւ փոսին նայէ՛… մեծութիւնը, բարձրութիւնը չափ եւ սահման չունի, քանի որ միշտ աւելի մեծը, աւելի բարձրը կայ. այն որ մե՛ծ կը կարծէ ինքզինք, նախ պէտք է նայի մեծութիւններու եւ բարձրութիւններու, եւ պիտի տեսնէ, որ ինք այնքան ալ մեծ եւ բարձր չէ՛։
Աքաղաղը կը խորհի, թէ իր գագացելը՝ երգելովը արեւը կը ծագի՝ երկիրը լուսաւորելու։ Ամէն արշալոյսին, ան կ՚արթննայ եւ կ՚երգէ, եւ արեւը կը ծագի։ Ասիկա «տրամաբանական» է աքաղաղին կարծիքով, թէ ի՛նչ պատասխանատու է այս հետեւանքին։ Կը պատմուի, թէ աքաղաղը մոռցած էր երգել, բայց արդէն արեւը ծագած էր… Մարդ ալ, երբեմն ո՜րքան կը սխալի, երբ ինքզինք «կոյր» կը ձեւացնէ։ Ինքզինք պարզ խոնարհութենէն շատ աւելի վեր բարձրացնել եւ կարեւոր անձ մը նկատել՝ մարդոց յաճախակի սխալանքը եղած է կեանքի մէջ…
Մարդ մը՝ որ շարունակ ինքզինք կը գովէ, կը բարձրացնէ եւ իր նմաններուն «վերէն կը նայի» եւ «պայթելու աստիճան կ՚ուռի», այնպիսի բաներ կ՚ընէ, որ ուրիշներէն քայլ մը աւելի առաջ կամ սանդուխի աստիճան մը աւելի բարձր երեւի, անոր սիրտը անապահով է եւ վախի մէջ կ՚ապրի։ Այսպիսի անհատի մը ներքին պարապութիւնը ո՜րչափ մեծ է, ա՛յնքան ալ աւելի մեծ են մարդիկը շրջապատող արտաքին յաջողութեան թակարդները։
Իսկական բարձրութիւնը չի՛ չափուիր՝ ո՛րքան մենք զմեզ բարձր կը համարենք, «կ՚ուռեցնենք», այլ ո՛րքան կը յօժարինք մենք զմեզ խոնարհեցնել։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն եւ կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ՚երթայ։ Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է». (ԱՌԱԿ. ԺԶ 18-19)։ Կեանքը ունի ձեւ մը, ցոյց տալու մեր տկարութիւնը եւ անձնական սնափառութիւնը։ Բայց սորվիլ այն դասը, թէ «կործանումին առջեւէն հպարտութիւնը կ՚երթայ», կրնայ դարձակէտ մը ըլլալ՝ որ մեր կեդրոնացումը մենք զմեզ փառաբանելէ, գովելէ հեռանալով, կեդրոնացնենք Աստուծոյ վրայ։ Երբ որդեգրենք խոնարհ հոգի մը Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, կրնանք իմաստութեան միջոց մը դառնալ ուրիշներուն. «Երբ հպարտութիւն գայ՝ անարդարութիւնն ալ ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներու հետ է» (ԱՌԱԿ. ԺԱ 2)։
Երբ մեր կարեւորութիւնը փառաբանենք, կը ձախողինք։ Բայց երբ զԱստուած փառաբանենք, որ մեր բոլորին կարիքները կը հոգայ, իմաստուն կեցուածք մը կ՚ունենանք։ Հպարտութիւնը, մեծամտութիւնը կ՚ամչցնէ, իսկ խոնարհութիւնը իմաստութի՛ւն կը բերէ։
Ո՞ւրկէ կու գայ մարդուն ինքզինքին «արժէք» տալու զգացումը, ինքնահաւանութիւնը, եթէ ո՛չ յաջողութեան թակարդէ։ Տկար մարդը ինքնահաւանութեամբ կ՚ուզէ ծածկել իր տկարութիւնը։ Իսկ խոնարհ մարդը ծածուկ ոչինչ ունի։ Ուրեմն, հետեւինք Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։ «Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէ՛կ է» (ԱՌԱԿ. ԺԶ 19)։
Արդարեւ, Յիսուս կը պատուիրէ «մանուկի մը պէս ըլլալ», եւ Իր մասին կը վկայէ, որ չէ՛ եկած սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ՝ սպասաւորելո՛ւ։ Ուստի, Յիսուս «Աստուծոյ բնութիւնը ունենալով, մարդացաւ, մարմնացաւ՝ հաւասարելով մարդոց». նաեւ. «Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը»։ Ան փոխանակ «շահելու»՝ Ան տուա՛ւ եւ Ինքզինք խոնարհեցուց մինչեւ խաչը։
Ուստի, խոնարհեցո՛ւր քու անձդ եւ վստահէ՛ քու համբաւդ Աստուծոյ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 5, 2025, Իսթանպուլ