ԱՅՐ ԵՒ ԿԻՆ՝ ՄԻՆ ՄԻՒՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
Այրը եւ կինը մին միւսին համար ստեղծուած են, ասիկա Ս. Գիրքը կը հաստատէ. «Լաւ չէ որ մարդը առանձին ըլլայ». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Կինը՝ ըլլալով. «մարմին անոր մարմինէն». (ԾՆՆԴ. Բ 23), «անոր հաւասար եւ համարժէք» անոր, Աստուծմէ տրուեցաւ մարդուն իբր «օգնական». (ԾՆՆԴ. Բ 18), այսպէս ներկայացնելով այն Աստուածը՝ որ մեր օգնականն է. (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ 2)։ «Ասոր համար մարդը պիտի թողու իր հայրը եւ մայրը եւ պիտի կապուի իր կնոջ եւ երկուքը պիտի ըլլան մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24)։
Արդարեւ, թուաբանական եւ տրամաբանական անշեղ եւ շիտակ սկզբունք է, թէ մէկ առաւել մէկի արդիւնքը երկու է։ Բայց իմաստասիրական գետնի վրայ յարաբերական է այս արդիւնքը եւ կրնայ տարբեր արժէք մը ստանալ։ Արդարեւ, վերոյիշեալ Սուրբ Գիրքի համարին մէջ «… երկուքը պիտի ըլլան մէկ…» փոխաբերական իմաստով՝ թուաբանական եւ տրամաբանական սկզբունքը կը հակասէ։ Արդարեւ, այր-մարդը «մէկ», կին-մարդը «մէկ» պէտք է «երկու» ըլլայ, բայց անոնք «մէ՛կ» կ՚անուանուին եւ այսպէս կ՚որակուին։ Արդարեւ, ամուսնութիւնը, իր լայն առումով «միութիւն» մըն է, այսինքն՝ երկու հոգիին «մէ՛կ» ըլլալը։ Ուստի, կ՚երեւի, որ դրական աշխարհի կարգ մը սկզբունքներ բարոյական եւ հոգեկան կեանքի մէջ կրնան տարբեր արժէքներ ստանալ։
Այր-մարդու եւ կին-մարդու երկու հոգիի այս օրինաւոր միութենէն կը ծնի նաեւ ուրիշ «մէկ»ը, այսինքն, այս կերպով ալ՝ երկուքին արդիւնքը դարձեալ «մէկ» կ՚ըլլայ։
Արդարեւ, նոյն Ինքն Աստուած ցոյց կու տայ, թէ «երկուքին մէկ մարմին» ըլլալը իրենց երկու կեանքին անբաժանելի, անլուծանելի միութիւնը կը նշանակէ, երբ կը վերյիշեցնէ, թէ «սկիզբէն» իսկ ի՛նչ եղած էր Արարչին ծրագիրը. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4). «Ուրեմն անոնք այլեւս երկու մարմին չեն, այլ մէկ մարմին». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։
Ամէն մարդ իր շուրջը եւ իր անձին մէջ չարին փորձառութիւնը կը կրէ։ Այս փորձառութիւնը զգալի կը դառնայ նաեւ այն այր-մարդուն եւ կին-մարդուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Անոնց «միութիւն»ը՝ «մէ՛կ ըլլալ»ը ամէն ժամանակ գժտութեան, տիրապետումի ոգիին, անհաւատարմութեան, նախանձին, ատելութեան եւ խզումին հասնող բախումներու սպառնալիքին ենթարկուած է։
Այս ներքին կարգը խախտող վիճակը կրնայ աւելի կամ նուազ սուր հանգամանք առնել, ինչպէս կրնայ նաեւ աւելի կամ նուազ չափով յաղթահարուիլ ըստ ժողովուրդի մը զարգացումի աստիճանին, ըստ ժամանակաշրջաններուն, ըստ անհատներու նկարագրին։ Սակայն կը թուի, թէ երեւոյթը ընդհանրական բնոյթ ունի։
Արարչագործութեան կարգ կանոնը կը գոյատեւէ սակայն, նոյնիսկ եթէ ծանրօրէն խանգարուած է։ Մեղքին վէրքերը բուժելու համար, այր-մարդը եւ կին-մարդը կարիքը ունին շնորհքին հայրախնամ օգնութեան՝ զոր Աստուած Իր անհո՜ւն ողորմութեամբ երբեք չէ մերժած անոնց. (ԾՆՆԴ. Գ 16-19)։ Առանց այս հայրախնամ օգնութեան այր-մարդը եւ կին-մարդը անկարող կ՚ըլլան իրականցնելու իրենց կեանքերուն միութիւնը՝ որուն համար Աստուած «սկիզբէն» ստեղծեց զանոնք։
Արդարեւ «միութիւն»ը՝ ամուսնութիւնը կ՚օգնէ յաղթահարելու անկումին յաջորդած հոգեկան կծկումին, եսասիրութեան, անձնամոլ հաճոյքի փնտռումին, կ՚օգնէ բացուելու դիմացինին, փոխադարձ օգնութեան, ինքնանուիրումին։
Ամուսնութեան միութեան եւ անլուծանելիութեան հանդէպ բարոյական խղճմտանքը զարգացաւ հին օրէնքին դաստիարակումով։
Վերջապէս, վերադառնալով մարդկային եւ աստուածային թուաբանական հարցին՝ հարկ է նշել, որ մարդուն տեսանկիւնը եւ Աստուծոյ տեսանկիւնը բոլորովին տարբեր են, եւ մարդ չի՛ տեսներ ճշմարտութիւնը, ինչպէս՝ Աստուած։ Ուստի Իմաստութեան Գիրքին մէջ Սողոմոն կ՚ըսէ.
«Ո՞ր մարդը կարող է իմանալ Աստուծոյ խորհուրդները, եւ կամ ո՞վ կարող է խելամուտ ըլլալ, թէ ի՛նչ կը կամենայ Տէրը, որովհետեւ մահկանացուներու մտածումները անստոյգ են, իսկ մեր գիտելիքները՝ անհաստատ». (ԻՄԱՍՏ. Թ 13-14)։
Եթէ ունենայինք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գիտնայինք Անոր կամքը… ճշմարտութեան կը հասնէինք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 5, 2026, Իսթանպուլ