ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՅՄԱՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող ղեկավարութիւնն ու զիրենք քաջալերող խմբակը կը հաւատան, որ Հայաստան օր ըստ օրէ աւելի կը զարգանայ եւ աւելի կը հզօրանայ եւ այդ հզօրացումը կ՚ուզեն տեսնել դրացի երկիրներու հետ բարեկամական կապերու ամրապնդմամբ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ տեղի ունեցող յարաբերութիւններով եւ այլ երեւոյթներով: Հայաստանը իրապէս հզօրացման ընթացքի մէ՞ջ է թէ ոչ՝ ժամանակն ու պատմութիւնը պիտի փաստէ, սակայն յստակ է, որ թէ՛ ղեկավարութիւնը եւ թէ զիրենք քաջալերող խմբակը կը մոռնայ, որ հայրենիքի հզօրացման համար անհրաժեշտ է սփիւռքը. տարօրինակ ձեւով ներկայ իշխանութիւններու կողմէ շուքի տակ դրուած է այսօր սփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը։ Հայ ժողովուրդը տասնամեակներ, երկա՜ր դարեր շարունակ հաւատաց, որ Հայաստանի հզօրացման համար անհրաժեշտ է հայրենադարձութիւնը, որովհետեւ հայրենիքի մէջ արարելով, հայրենիքի մէջ ընտանիք կազմելով ու բազմանալով, հասակ առնող նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով է, որ կը յառաջդիմէ ու կը հզօրանայ:
Մենք այսօր հայաթափումի լուրջ վտանգին դիմաց կը գտնուինք. Հայաստանի իշխանութիւններուն սփիւռքի հանդէպ ունեցած անտարբերութիւնը պարզապէս կը նպաստէ հայաթափումին եւ ո՛չ հակառակը. սփիւռքահայը ինքզինք ինչքանո՞վ հայ կը զգայ՝ այդ մէկը իր սեփական հարցն է, իր դաստիարակութեան հայելին է, սակայն հայրենիքը՝ որպէս ծնող պարտի իր զաւակները իր շուրջ հաւաքել եւ գէթ հեռաւորութեան վրայ, անոր մէջ կարենայ հայրենիքի հանդէպ իր պատասխանատուութեան զգացումը արթնցնել: Այս մէկը ո՛չ թէ ի շահ սփիւռքահայուն՝ այլ ի շահ հայրենիքին է, որովհետեւ հայրենիք մը կը զարգանայ իր ժողովուրդով:
Եթէ վիճակագրականօրէն հետեւինք մեր դրացի պետութիւններուն, պիտի տեսնենք, որ տարուէ տարի անոնց թիւը աճ կ՚արձանագրէ. տասը տարիներու ընթացքին անոնց թիւը լուրջ փոփոխութիւն կրելով բարձրացած է ու կը շարունակէ բարձրանալ, սակայն, Հայաստանի վիճակագրական տուեալները նոյնը ցոյց չեն տար. օրինակի համար, եթէ նայինք վիճակագրութիւններուն՝ 2020 թուականին Հայաստանի մէջ շատ աւելի հայ կար՝ քան 2024 թուականին. անդին Թուրքիոյ բնակչութիւնը 2020 թուականէն 2024 աւելցած է 2.2 միլիոնով: Այս մէկը ցաւալի փաստ է՝ սակայն իրականութիւն. 1995 թուականին Հայաստանի մէջ կ՚ապրէին 3.2 միլիոն հայեր. այսօր բնակչութեան թիւը հասած է 2.9 միլիոնի:
Այս մէկը նկատի ունենալով, պէտք է խոստովանինք, որ Հայաստան տակաւին հզօրացման եւ յառաջդիմութեան մէջ չի գտնուիր. հզօրանալու համար ո՛չ բարեկամական կապեր եւ ո՛չ ալ Եւրոպայի հետ կապեր պէտք են. նախ հայը պէտք է կապ հաստատէ հայուն հետ. հայը հայուն հետ պէտք է լեզու գտնէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան առաջնահերթութիւնը պարտի ըլլալ արտագաղթի կանխումը. ինչո՞ւ համար շատեր կ՚ուզեն գաղթել Եւրոպա կամ Ամերիկա. պետութիւնը պարտի մտածել, թէ այդ երկիրները ի՞նչ կու տան հայուն՝ որ Հայաստանը չի կրնար տալ: Կը տեսնենք, որ մերօրեայ պետութիւնը կը զբաղուի մանրուքներով. սրբազաններով, անոնց կուսութեամբ, մեծահարուստ բարերարներու ունեցուածքով, նախկին քաղաքական գործիչներու ունեցուածքով եւ նման հազարումէկ բանով, մինչ ընթացքին հայրենիքը կը հայաթափուի. արդէն վերջին ութ տարուան ընթացքին «հայրենադարձութիւն» բառը ընդհանրապէս վերացած վիճակ մը ունի:
Հայրենադարձութիւնը ո՛չ թէ հայերուն, այլ հայրենիքին համար շատ կարեւոր է եւ հզօրացում. այսօր սփիւռքի մէջ՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ կան բազմաթիւ անապահով հայ ընտանիքներ, որոնք վայրկեան առաջ կ՚ուզեն դուրս գալ այդ երկիրներէն եւ Հայաստան հաստատուիլ։ Անոնք, որոնք նիւթապէս աւելի բարելաւ վիճակ մը ունէին եւ կամ բախտ ունէին՝ գացին Գանատա, Ամերիկա՝ մի քանի սերունդ ետք օտարանալու դժբախտ անգիտակից վիճակով, սակայն, անդին մնացին անոնք, որոնք ո՛չ Եւրոպա եւ ո՛չ ալ Ամերիկա երթալու փափաքը կամ ցանկութիւնը ունեցան. պետութիւնը զանոնք դէպի հայրենիք հրաւիրելու համար ի՞նչ աշխատանքներ կատարեց. մեր դրացիները օրէ օր կ՚աճին, իսկ մենք օրէ օր կը նուազինք թէ՛ հայրենիքի մէջ թիւով եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ հայաթափութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներուն համաձայն, երկքաղաքացի մը՝ սփիւռքահայ մը նախարար կամ պետական գործիչ չի կրնար դառնալ. առաջին հերթին մեր պետութիւնը պէտք է գիտակցի եւ Ազգային ժողովին մէջ օրէնքի փոփոխութեամբ ունենայ սփիւռքի ներկայացուցիչ սփիւռքահայ մը, որովհետեւ Հայաստանը միայն հայրենիքի մէջ ապրողին չի պատկանիր. պետական մակարդակի վրայ եթէ կարեւորութիւն տրուի սփիւռքահայութեան, ապա սփիւռքահայը շատ աւելի քաջալերուած կ՚ըլլայ հայրենիքով: Հաւատացէ՛ք, որ նիւթապէս ապահով բազմաթի՜ւ հայեր սէր ունին հայրենիքի հանդէպ, սակայն երբեւէ այցելած կամ իրենց հայրենիքը տեսած չեն. պէտք է սիրաշահիլ զանոնք, որովհետեւ զիրենք սիրաշահելով հայրենիքը կը զարգանայ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Զգացական առումով շատեր կրնան հաւատալ, որ «կը հզօրանանք». սակայն ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ «թիւերը չեն խաբեր». մենք յառաջդիմելու տեղ կը նահանջենք:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մի՛ սիրէք մելամաղձոտ կեանքը. միշտ զուարթ, միշտ ուրախ եղէք, սիրեցէ՛ք երգը, երգեցէ՛ք ձեր զբօսանքի ժամերուն, ձեր սարերուն, ձեր լեռներուն երգը։ Երգը ամենամեծ ազդեցութիւնը, ամենէն լաւ տպաւորութիւնը կը գործէ մեր հոգիներուն ու մեր զգացումներուն վրայ, ան վառ ու կենդանի կը պահէ հայրենիքի սէրը, վիշտը, տառապանքը մեր մտքին ու սրտին մէջ:
ՆԵՐՍԷՍ ԵՊՍԿ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան