ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

Յաճախ կը յիշենք եւ կը կրկնենք Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «…աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այս պատճառով, աշխարհ միշտ նեղութեան մէջ է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարդ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար կը ջանայ կարօտեալները եւ չքաւորեալները հոգալ։ Ուստի, ամէն շրջան, ամէն տեղ եղած են աղքատ, ընչազուրկ, տնանկ, կարիքաւոր մարդիկ եւ ասոր փոխարէն՝ մեծատուններ, ունեւորներ, բարւոք կեանք ապրողներ։ Այս երեւոյթը, ընկերային կեանքին մէջ բնական է։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ իրերօգնութեան, սիրոյ եւ ծառայութեան ոգիին անհրաժեշտութիւնը։

Քանի որ ընկերային կեանքի մէջ կայ այսպիսի «անհաւասարութիւն» մը՝ պէ՛տք է ներդաշնակուի, հաւասարակշռուի եւ հաստատուի «հաւասարութիւն»ը մարդոց փոխյարաբերութիւններու մէջ։

Ո՞վ պիտի մտածէ աշխարհէն զատուած եւ կարօտեալ մարդոց մասին։

Աստուծոյ Խօսքը կը թելադրէ յօժար ըլլալ եւ յանձն առնել ամէն տեսակ նեղութիւն՝ հաւատքի ճամբուն մէջ։ Ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵԲՐ. Ժ 32-39), (ԵԲՐ. ԺԱ 37-38)։ Եկեղեցին ի մտի ունենալով, անկեղծ եւ քրիստոսաւանդ սիրով ջանանք աջակցիլ եւ օգնել իրարու, ո՛չ անպայման նիւթականով, այլ մեր բարոյական եւ ծառայասիրական պարտականութիւնները կատարելով եւ յիշելով, թէ մարդուն առաջնակարգ կոչումը իրերօգնութիւնն է։ Այս պատուէրը եւ գործը Սուրբ Հոգիէն մեզի տրուած առանձնաշնորհում եւ պարտականութիւն է. «…Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր…». (ԳՈՐԾՔ. Բ 43-47)։ Ուստի, պէտք չէ մոռնալ, որ կարօտեալը եւ չքաւորն ալ մեր եղբայրն է եւ մա՛րդ մըն է…

Մարդիկ՝ որ տարբեր դիրքերու եւ դասակարգերու կը պատկանին, Սուրբ Հոգիին միաբանութեամբ միացած եւ հոգեւոր կեանքի սկզբունքով բոլորը մէկ մեծ ընտանիքի անդամներու պէս երկնային հօտ մը եղած են։

Սակայն, դժբախտաբար, ցաւալի՜ է, որ ոմանք այս միաբանութիւնը խափանելու փորձութեան մէջ կը գտնուին։ Անոնք այս օրհնեալ միաբանութիւնը, երկնային ընտանեկան համերաշխութիւնը՝ խաղաղութիւնը խանգարելով կ՚այլափոխեն, անձնասիրական, եսամոլական զգացումներ եւ այլ եւ այլ ոչ-էական խորհուրդներ եւ գաղափարներ կրելով, կամ թէ կարգ մը կանոններ եւ օրէնքներ հաստատելով, երբեմն՝ տեսութիւններ, կարծիքներ եւ դատողութիւններ, համոզումներ կազմելով, յաճախ անհիմն թիւրիմացութիւններ եւ տարակարծութիւններ սնուցանելով եւ երբեմն ալ մտքի եւ սրտի մէջ բազմապատկելով այն յանցանքները եւ թերութիւնները, որոնք ներել եւ ծածկել պէտք է։

Այսպէս արտաքնապէս տեսակ մը, նայւածքով ուրիշ տեսակ, իրենց ապրելակերպին եւ վարուելակերպին մէջ անվայել եւ կեղծ վիճակ մը կը ստանան։ Այս պատճառաւ աղօթքի սեղանները կը քանդուին, բաժանումներ յառաջ կու գան, քարոզչական եւ աւետարանչական գործը կը դադրի, նորահաւատներ կը գայթակղին եւ շուարումի կը մատնուին։

Գիտնալով, որ այսպիսի հիւանդագին վիճակներ չեն հաճեցներ մեր երկնաւոր Հայրը, զղջանք, խոնարհինք, խոստովանինք եւ սրբուինք։ Թող յառաջիկայ օրերը միաբանութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան օրեր ըլլան մեր բոլորին համար։

Սաղմոսերգուն կը սաղմոսերգէ. «Ահա որչա՜փ բարի եւ վայելուչ է որ եղբայրներ իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին». (ՍԱՂՄ. ՃԼԳ 1)։ Ուրեմն, ամէն միջոցաւ եւ ամէն կերպով պէ՛տք է աշխատիլ՝ հաստատելու եւ տեւականացնելու համար համատարած խաղաղութեան եւ համերաշխութեան բարիքին։ Աղօթենք՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու եւ սիրոյ մէջ խաղաղութեան յառաջացման համար բոլորս, թէ՛ անհատապէս եւ թէ միաբանութեամբ ի սրտէ աղօթենք։ Եւ Մեծ պահքի շրջանը պատեհ առիթ մըն է այս մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 5, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025