ԱՇԽԱՐՀԸ ԹԱՆԿԱԳԻՆ Է
Այս աշխարհը՝ որուն վրայ կ՚ապրինք, թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն, է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, երջանկաբեր, որպէսզի միակողմանի չըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը. մեր կարողութիւններուն մէկ մասը պէտք չէ՛ մնայ մթութեան մէջ, մեր բարոյական ուժերը եւ ազնուութիւնները պէտք չէ, որ մոռցուին՝ մեր նիւթական զբաղումներու խոշորութիւններուն մէջ, քանի որ լոկ մարմնի ուժը եւ գեղեցիկ աճումը կրնա՞յ կեանքի բուն նպատակը կազմել։ Ո՛չ։ Կարելի՞ է անսպառ կարծուած հարստութեան մը մէջ խեղդել մարդկային կեանքի մեծութիւնը։ Ո՛չ։ Հերի՞ք է, որ մարդ իր ուղեղի զարգացման տայ իր ամբողջ ուժը՝ բացարձակապէս նիւթական եւ դրական իմաստով։ Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ։ Բացարձակապէս ո՛չ…
Ո՜րչափ իմաստուն է մարդը՝ սա բանաւոր արարածը։
Մարդուն համար հացի չափ կենսական կարեւորութիւն ունի «ԲԱՆ»ը՝ բարոյական կեանքի էական սնունդը։
Արդարեւ, հացը բաւական չէ ապրելու՝ գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար կեանքը։ Աստուծոյ բերնէն ելած «Բանն» ալ, խօսքը, անհրաժեշտ պէտք մը՝ պահանջք մըն է. «Բան» բառին ամենէն լայն, ամենէն կարեւոր, ամենէն կենսական, այսինքն՝ մարդու հոգեկան կամ բարոյական զարգացումներուն պատասխանող իմաստովը։
Քրիստոս չ՚ընդունիր միակողմանի զարգացում մարդոց կարողութիւններուն համար. այսպիսի վիճակ մը աննպատակ, անիմաստ եւ յոգնեցուցիչ է, նոյնիսկ մեղանչում մըն է մարդկային բնութեան դէմ։ Եւ եթէ աւելի ուշադրութեան, աւելի խնամքի, աւելի հոգածութեան պէտք ունին մարդիկ, զայն ալ պէտք է նուիրեն այն ազնիւ կարողութիւններու՝ որոնք կրնան շուտով տկարանալ, բթանալ եւ նոյնիսկ ոչնչանալ մարդոց հասարակ եւ խոշոր կարողութիւններու չափազանց զարգացումներուն մէջ։
Դիւրին չէ՞ ուրեմն ըմբռնել, թէ Քրիստոսի ձայնը մեզ կ՚առաջնորդէ մարդոց կեանքին նկատմամբ կենսական խնդիրներ լուծելու։ Ինչո՞ւ, ուրեմն, կեանքի հոգերու, մտահոգութիւններու, հոգեկան ցաւ եւ վիշտերու, հասակի կնճիռներուն տակ ճնշուած եւ ահագին բեռներու ծանրութիւն զգացող քրիստոնեաներ՝ անգամ մըն ալ ուշադրութիւն չընեն Քրիստոսի ձայնին. «Ինծի եկէ՛ք»։
Քրիստոսի այդ ձայնը կը նմանի հրեշտակային երաժշտութեան մը՝ զոր կը լսեն քնացող մարդիկ խոր գիշերուան մէջ, որ կարծես հեռուէն կու գայ եւ հետզհետէ կը զօրանայ, կը գգուէ ջիղերդ եւ դուն հաճոյք կը զգաս, կ՚արթննաս շուտով՝ կատարեալ գիտակցութեամբ վայելելու համար զայն։ Կենսատու ճառագայթներու պէս է այդ ձայնը, որոնք մութ գիշերը պատռող արեւէ մը կը թափին առատ առատ, եւ դուն՝ ուժ մը՝ նորոգութիւն մը կը զգաս առտուանց զուարթ։ Արդարեւ, Փրկչի մը ո՛ւխտն է այդ ձայնը, որ գորովով եւ գութով դրուած է, ո՛վ քրիստոնեայ, քեզի օգնելու համար կեանքիդ անորոշութիւններուն եւ մոլորումներուն մէջ։
Այդ ձայնը շատ շուտ արձագանգ տուաւ նոյնիսկ իր օրրանին մէջ։ Ինքնավստահներ տեսան, թէ բոլոր մարդիկ, ամբողջ աշխարհ Անոր կը հետեւի, եւ դուք, քրիստոնեայ հաւատաւորներ, գիտէք, թէ Անոր հետեւեցան «Իսրայէլին կորուսեալ ոչխարները», մեղաւորները եւ մաքսաւորները, տգէտները եւ անզօրները, անկարները, անտեսուածները, լքուածները, ինչպէս նաեւ հեթանոսները, եւ վերջապէս բոլոր անոնք, որոնք «նորոգուած կեանք»ի մը կը տենչային։
Ո՞վ ըրած է մարդկութեան այսպիսի անկեղծ եւ փրկարար հրաւէր մը։
Ո՞վ ինքզինք պատրաստած է այս պահանջկոտ աշխարհի մէջ՝ բարոյական ամենէն բարձր կեանքի մը գոյութեան վկայելու համար։
Օ՜հ. Սոկրատներու մատռուակուած բաժակները ճշմարտութեան անխորտակելի յաղթութիւնները սորվեցուցին մարդոց, աշխարհ շա՜տ բան կը պարտի ուղիղ համոզումներու եւ յայտնի հաւատքներու այդ «մարտիրոսներ»ուն.
Բայց Քրիստոսին բաժակը տարբեր էր. աւելի մեծ, աւելի յստակ ճշմարտութեան մը բաժակին մէջ էր այդ. որովհետեւ ի՜նչ տարօրինակ, եզակի երեւոյթ, երբ Քրիստոս կը յայտարարէ, թէ Ի՛նքը աշխարհ եկած է «Ճշմարտութեան» վկայելու համար։
Հռովմայեցի դատաւոր մը չի քաշուիր հարցնելու, թէ «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը». կարծես թէ բան մը ըսուած չըլլար մարդոց յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ, եւ Սոկրատներ ի զո՜ւր քամած ըլլային մոլեխինդի բաժակները ցմրուր։ Ի՜նչ շուտ մոռացում, ի՜նչ շուտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6, 2025, Իսթանպուլ