ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐ

Մեր օրերուն դիւրին է հանդիպիլ մարդոց, որոնք ստուգապէս մտահոգուած են հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ապագայով եւ նման մարդոց ներկայութիւնը մեր հասարակութեան մէջ գովելի է. սակայն, կեանքը ցոյց տուաւ, որ անոնցմէ ոմանք լոկ արտաքնապէս «մտահոգ» են այդ բոլորով, որովհետեւ անոնց դիտաւորութիւնն ու մտադրութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է այն մտահոգութենէն՝ որ կը փորձեն ցոյց տալ: 

Այսօր մեր մէջ շատ են մարդիկ, որոնք թերթ կը հիմնեն, միութիւններ կը կազմեն, հայապահպանման անուան տակ որոշ միջոցառումներ կը կազմակերպեն, որպէսզի հասնին իրենց միակ նպատակին՝ սեփական շահին եւ հաւատացէք, որ ներկայ դարուստ ամենէն «արդար» ու «ազնիւ» մուրացկանութեան ձեւը հայապահպանման համար պայքարող ըլլալն է. մուրացականութիւն՝ որ մարդուն առիթ կու տայ բացէ ի բաց, առանց ամօթ մը զգալու դուրս գալ հրապարակ եւ այս կամ այն հայապահպանման ծառայութեան համար գումար խնդրել, վստահ ըլլալով, որ տակաւին կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են իրենց սեփական միջոցները զոհելու՝ ի սէր հայութեան, ի սէր հայերէնին ու հայրենիքին: 

Այս դժբախտ երեւոյթը ի զօրու է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Անշուշտ, այս բոլորը վերջին օրերու ծնունդը չեն. Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը լաւագոյն հայելին են այս երեւոյթին. կարդացէ՛ք եւ պիտի տեսնէք մերօրեայ իրականութիւնը։ Խմբագիրը Աբիսողոմ Աղայէն դրամ կը խնդրէր՝ որպէսզի իր մամուլի գործերը առջեւ տանի՝ խոստանալով, որ անոր անունը մեծատառ կը գրէ իր թերթին էջերուն մէջ. հեղինակներն ու բանաստեղծները դրամ կը խնդրէին՝ որպէսզի գրեն եւ «ծաղկեցնեն» հայոց լեզուն, որուն դիմաց կը խոստանային գիրքի ճակատին դնել Աբիսողոմ Աղայի անունը: Դասատուները իրենց կարգին գումար կը խնդրէին Աբիսողոմ Աղայէն, որովհետեւ սերունդներ կը դաստիարակէին եւ սերունդներու դաստիարակութիւնը ապահովելու համար կ՚ուզէին իրենց գիրքերը վաճառել: Քահանաները գումար կը խնդրէին՝ որովհետեւ անոնք վերջապէս ազգի ծառաներն էին եւ դարեր շարունակ եղած էին հայ մշակոյթի պահապանը եւ այսպէս դերասանը, տպարանի տէրը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ դրամ կը խնդրէին: 

Մերօրեայ վիճակը տարբեր չէ. տարօրինակ ձեւով ազգին ծառայելու, ազգի վիճակը բարեփոխելու նուիրուած հաստատութիւններ ժողովուրդը հարստացնելու փոխարէն իրե՛նք կը հարստանան. կուսակցութիւններ՝ որոնք օրին ոչինչ ունէին բացի ժողովուրդը՝ այսօր ունին շատ շատ աւելին, տեղ մը նոյնիսկ հարուստ կոչուելու աստիճան: Ցաւ ի սիրտ, այսօր ընդունինք թէ ոչ, հայ ժողովուրդը ո՛չ կուսակցութիւններու, ո՛չ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան վրայ յոյս ունեցած է: Այս բոլորը կարելի է փաստել մէկ պարզ կէտով. անցեալին մեր հարուստ հայերու թիւը համեմատած մեր օրերուն շատ աւելի քիչ էր, սակայն, հակառակ այդ քիչ ըլլալուն, անոնց ջանքերով ստեղծուեցաւ գրեթէ այն բոլորը, ինչ որ ունինք այսօր սփիւռքի մէջ. մեր սփիւռքի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ հաստատութիւններուն զգալի մեծ մասը ստեղծուեցաւ այդ ժամանակներուն. այսօր ունինք շա՜տ աւելի հարուստ հայեր, սակայն, անոնք հակառակ իրենց հսկայական հարստութեան, չեն յաջողիր ընել այն՝ ինչ ըրաւ անցեալի փոքրամասնութիւնը: 

Մերօրեայ հայը իր դպրոցին, մամուլին եւ ընդհանրապէս մշակոյթին վիճակը կը վստահի մեծահարուստներուն՝ կարծելով, որ հարուստներուն, կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն գործն է դպրոցը, մամուլը եւ կազմակերպութիւնները ոտքի պահելը. այս կէտով է, որ մենք կը տարբերինք անցեալէն, որովհետեւ անցեալին այդ պարտաւորութիւնը ամէն հայ ինքն իր մէջ կը զգար. նոյնիսկ օրը օրին ապրող ու չարաչար աշխատող բանուորը իր վրայ պարտաւորութիւն կը զգար այդ բոլորին մէջ իր լուման բերելու: 

Այսօր փոխուած են թէ՛ նուիրեալները եւ թէ նուիրատուները. փոխուած է ժողովուրդը, որ մարդկայնօրէն ազգէն առաջ ինքն իր «փրկութեան» եւ «հարստութեան» մասին կը մտածէ: 

Թող այս գուշակութիւնը սուտ դուրս գայ. սակայն մեր ապագան հետեւեալն է. մեր ազգին մէջ ունինք եւ ունեցած ենք բարերարներ, որոնց ապաւինելով մինչեւ օրս ձեւով մը յաջողած ենք մեր ազգի մակոյկը հասցնել այստեղ։ Բայց եւ այնպէս, ապագան նոյնը պիտի չըլլայ. այդ բարերարներուն ժառանգները՝ այսպէս կամ այնպէս պիտի հեռանան իրենց հայութենէն եւ եթէ նոյնիսկ չհեռանան, պիտի նախընտրեն այդ գումարը այլ հաճոյքներու համար ծախսել՝ քան ազգին եւ գաղութին: Մեր թերթերը, եկեղեցին, կուսակցութիւնները այսքան երկար տարիներու ընթացքին չկրցան (եւ կամ գուցէ չուզեցին, չփորձեցին) ինքնաբաւ ըլլալ. չփորձեցին հաստատուած նիւթական աղբիւր մը ապահովել իրենց գործունէութեան համար. մի՛շտ ապաւինեցան ուրիշին: Օր պիտի գայ, որ ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ մամուլը եւ ո՛չ կուսակցութիւնները պիտի չյաջողին բարերար մը անգամ գտնել, որովհետեւ այս ժողովուրդը ունի մեծապատիւ մուրացկանութիւնը ճշմարիտ ծառայութենէն: 

Անշուշտ, կ՚ընդունինք, որ տակաւին կան այդ ազնիւ ծառայութիւնը մատուցելու նուիրուածներ, որոնք թիւով շա՜տ աւելի քիչ են քան այն մուրացկանները, որոնք մի քանի հայանպաստ ձեռնարկներ ընելէ ետք հրապարակ կը հանեն իրենց հիմնական դիտաւորութիւնը՝ դրամ ուզելու աղբիւրներ ստեղծել, որպէսզի ազգի սիրոյն իրե՛նք հարստանան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ տխրութեա՞ն ժամանակ ընկերներու պէտքը կը զգայ, թէ ուրախութեան:

Պատասխան. Մարդ տխրութեան ժամանակ ընկերոջ կարիքը աւելի կը զգայ, քան ուրախութեան: Այդ պահերուն բարեկամի մը ջերմ խօսքը, աջակցութիւնը եւ նոյնիսկ լուռ ներկայութիւնը կրնայ հոգեկան մխիթարութիւն տալ մարդուն: Թէեւ ուրախութեան պահերը հաճելի է կիսել ընկերներու հետ, սակայն, իրական բարեկամութիւնը ի յայտ կու գայ յատկապէս դժուար ժամանակներուն, երբ մարդ կը փնտռէ մէկը՝ որ իր կողքին ըլլայ առանց զինք քննադատելու կամ մեղադրելու: Տխրութեան մէջ մարդ կը փնտռէ փոխըմբռնում, ինչ որ անվտանգութեան զգացում կու տայ մարդուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025