ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ

Ճշմարտութեան հասնելու եւ զայն գտնելու համար՝ պարտաւոր ենք մեր սրտէն եւ մտքէն դուրս հանել ամէն նախապաշարում եւ կանխակալութիւն։

Այս իմաստով, կրօնքը հրամայականոն դրութիւն մը չէ, այլ՝ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, պէտք է հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ։ Հաւատքը փաստի չի կարօտիր, քանի որ հաւատքը կեանքն իսկ է. ապրումներու մէջ արդէն կայ հաւատքը, ամէն ճշմարտութիւն։ Եւ եթէ հաւատքը կեանքի մէջ՝ անբաժան է կեանքէն, ապա ուրեմն մարդուս կեանքը ինքն իր մէջ փաստ մըն է հաւատքին։

Առողջ տրամաբանութիւնը մեզի այն երաշխաւորութիւնը կու տայ, թէ՝ ճշմարիտ եւ կենդանի Աստուած, անշուշտ հետազօտող մարդկութեան ներշնչեալ գրաւոր յայտնութիւն մը տուած է Իր մասին։ Ուրեմն. «Ի՞նչ՝ եթէ ոմանք զուրկ են հաւատքէ. միթէ անոնց հաւատքի պակասութիւնը պիտի խափանէ՞ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը. Աստուա՛ծ չընէ. սակայն թող Աստուած ճշմարիտ գտնուի, եւ բոլոր մարդիկ՝ սո՛ւտ. ինչպէս որ գրուած է, որ քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս, եւ դատուելու ատենդ յաղթես». (ՀՌՈՎՄ. Գ 3-4)։

Ուստի անկեղծութեան արտայայտութիւն է քաջութիւնը ունենալ խոստովանելու իր սխալները եւ մեղքը։ Եթէ թողունք որ Աստուած՝ Ճշմարիտը, Իր արձանագրուած Խօսքովը ճշմարտութիւնը պիտի սորվեցնէ մեզի, այն ատեն կը հասնինք ճշմարտութեան։ Այս կը նշանակէ՝ Աստուծոյ Խօսքը, Սուրբ Գիրքը, իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունիլ։ Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ. «Շշնջող եւ քրթմնջող վհուկներուն եւ նշանագէտներուն հարցուցէք՝ ան ատենը ըսէ՛ք թէ ժողովուրդը եւ իր Աստուծոյ պիտի չհարցնէ՞, կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ։ Օրէնքին եւ վկայութեանը թող հարցնեն, թէ՝ որ այս խօսքին համեմատ չգրուին, չզրուցեն, անոնք ամենեւին լոյս չունին». (ԵՍԱՅ. Ը 19-20)։ Եթէ աշխարհի մարդոց ուսուցումներուն մէջ լոյս չկայ՝ որոնք գերմարդկային անտեսանելի դեւերուն, չար ոգիներուն ազդեցութեան ներքեւ կը յայտնուին, անոնք աշխարհի վրայ տիրող խաւարին գլխաւոր պատասխանատունե՛րն են։

Մարդ եթէ չդիմէ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին օրէնքին եւ վկայութեան, երբեք պիտի չտիրանայ այն լոյսին՝ որոնք, ճառագայթները ցոյց կու տան, թէ արդարութեան եւ ճշմարտութեան «նոր աշխարհ»ի մը առաւօտը ա՛լ մօտեցած է։

Մաղաքիա մարգարէ, Եսայիի նման կ՚ըսէ. «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը, այսինքն ան կանոնները եւ դատաստաններէ ամբողջը՝ որ անոր պատուիրեցի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլի համար». (ՄԱՂ. Դ 4)։

Մաղաքիա մարգարէին դէպի ետ մինչեւ Մովսէս երթալով՝ կարելի է տեսնել, որ Սուրբ Գիրքի մատենագիրներէն եւ ո՛չ մին կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին հետ բերանացի կամ աւանդական օրէնք մըն ալ գոյութիւն ունէր։ Անոնք եւ ո՛չ մէկ տեղ կը յայտարարեն, թէ կրօնամոլ եւ մոլեռանդ մարդոց բերանացի աւանդութիւնները Աստուծոյ արձանագրուած Խօսքին հետ համահաւասար են, եւ կամ թէ՝ գրաւոր Խօսքը «կիսկատար» է՝ առանց այդ բերանացի աւանդութիւններուն։ Մովսէս մարգարէ նախանձախնդրութեամբ կը յայտարարէ, թէ՝ ինք հակառա՛կ էր չներշնչուած մարդոց բերանացի աւանդութիւնները Աստուծմէ տրուած օրէնքին եւ վկայութեանը վկայ աւելցուած ըլլալուն։

Յիսուս իր շրջանի րաբունիներուն հետ «բախում» ունեցաւ։ Այս մասին Աւետարանը կ՚արձանագրէ. «Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրներ եւ փարիսեցիներ, որոնք Երուսաղէմէն էին, եւ ըսին.- Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ՚ընեն, որովհետեւ իրենց ձեռքերը չեն լուար, երբ հաց կ՚ուտեն։ Ան ալ պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոնց.- Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանները զանց կ՚ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ Քանզի Աստուած պատուիրեց, ըսելով.- Քու հայրդ եւ մայրդ պատուէ, եւ ով որ հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի». (ԵԼԻՑ. Ի 12, ԻԱ 17)։

Այսպէս ցոյց տրուած է, թէ՝ աւանդապաշտները, նախապաշարուածները եւ կանխակալները ստախօսներ եւ Աստուծոյ գրաւոր օրէնքը բեկանողներ էին, մինչդեռ՝ Յիսուս անկե՛ղծ եւ ճշմարտախօս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 7, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2025