ՊԵՏՐՈՍ Ա. ԳԵՏԱԴԱՐՁ (Գ.)
Կոնստանդին Թ. խաղաղ ճանապարհով Անիին տիրելու համար 1044 թուականին Գագիկը Պոլիս հրաւիրեց։ Երիտասարդ թագաւորը վտանգը զգալով՝ չէր փափաքեր երթալ. բայց Վեսա Սարգիսը, ինչպէս նաեւ միւս նախարարները յորդորեցին Գագիկին կայսեր կամքը կատարել եւ Պետրոս Գետադարձի միջնորդութեամբ երդուեցան անոր հաւատարիմ մնալ եւ Անին պահպանել։
Երիտասարդ թագաւորը գնաց, բայց հաւատարմութեան երդում տուողները դրժեցին իրենք խոստումը։ Վեստ Սարգիսը, Գրիգոր Մագիստրոսը եւ յատկապէս կաթողիկոսը նենգեցին՝ դրժեցին Գագիկը։ Կաթողիկոսը սակարկութեան մէջ մտաւ յունաց հետ Անին յանձնելու նկատմամբ եւ փողով Անիի բանալիները յոյներուն տրուեցան։ Եւ այսպէս վերջացաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, եւ այս՝ եթէ հայ մեծամեծներու սիրտը չմորմոքեց, մորմոքեց հայ զօրքի եւ ժողովուրդի սիրտը՝ որոնք կու լային իրենց թագաւորական աթոռին, իրենց թագաւորին եւ կ՚անիծէին Գագիկի նենգաւորները։ Բայց այս դաւաճաններն ալ անդորրութիւն չգտան. Պետրոս Գետադարձը թէեւ կայսրէն մեծամեծ ընծաներ, նուէրներ ստացաւ, բայց չկարողացաւ երկար վայելել։
Անիի յոյն իշխանը 1048 թուականին Պետրոս Գետադարձը հեռացուց Արծն քաղաք. բայց այստեղ ալ երկար չմնաց. կայսեր հրամանով դարձեալ կալանաւորուեցաւ (1051թ.) եւ Պոլիս ուղարկուեցաւ՝ ուր թէեւ առ երեսս ան մեծ պատուով ընդունուեցաւ եւ իբրեւ պատուաւոր կալանաւոր երեք-չորս տարի մնաց, մինչեւ որ Ատոմ Արծրունի իր երաշխաւորութեան առաւ զայն եւ տարաւ Սեբաստիա՝ ուր եւ 1058 թուականին վախճանեցաւ։
Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն յետոյ հայ թշուառ երկրի վիճակը առաւել եւս վատթարացաւ։ Այս դառնութեան օրերը սրտի խոր կսկիծով կը ներկայացնեն հայ պատմիչները՝ Լաստիվերացին, Ուռհայեցին եւ Սմբատը։
Հայրապետական այդ խրթնացած աթոռի վրայ այս թշուառութեան ժամանակ կը բազմէր Խաչիկ Բ. Անեցի (1058-1065թթ.)՝ Պետրոս կաթողիկոսի քեռորդին, որ արդէն նախապէս (1049թ.) տեղապահ նշանակուած էր։
Կոնստանդին Ժ. Տուկիծ կայսրը (1059թ.) լսելով Պետրոս Գետադարձի մահը՝ անմիջապէս Խաչիկ կաթողիկոսը Պոլիս կանչեց եւ սկսաւ ամենայն խստութեամբ իրմէ պահանջել Պետրոս կաթողիկոսի գանձերը, որովհետեւ կը կարծէր, թէ հայոց թագաւորի հարստութեան մէկ մասը անոր մօտ էր։
Այսպէս, ներքին եւ արտաքին ճըն-շումներ կը ճնշէին հայ իրականութեան վրայ…։ Խաչիկ կաթողիկոս թէեւ ամէն կերպով աշխատեցաւ կայսրը համոզել, թէ ինք գանձ չունի, բայց կայսրը չհամոզուեցաւ. ան Խաչիկի վրայ տարեկան ծանր հարկ դրաւ, բայց կաթողիկոսը այդ եւս մերժե՛ց՝ չնայելով կայսեր սպառնալիքներուն։
Խաչիկ կաթողիկոս երեք տարի Պոլիս մնաց եւ ազատուեցաւ միայն հայ իշխաններուն շնորհիւ, որոնք անոր համար կայսեր մեծ գումար տուին։ Բայց Խաչիկ կաթողիկոս Անի չեկաւ, այլ գնաց Թաւբլուր աւանը եւ այստեղ տառապալից կեանք մը ապրեցաւ, յիշելով հայրապետական աթոռի երբեմնի փառաւոր վիճակը եւ այժմեան անշքութիւնը եւ աղքատութիւնը՝ ողբալով Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումը՝ ան իր կեանքը կնքեց (1064թ.)։
Երբ Խաչիկ կաթողիկոս տակաւին Պոլիս կը գտնուէր, Տուկիծը փորձեց դէպքէն օգտուիլ եւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու միութիւնը գլուխ հանել, որպէսզի հայ թագաւորական իշխանութեան վերացման հետ միաժամանակ նաեւ հոգեւոր իշխանութիւնը վերանայ։
Դաւանափոխութեան գործին ան փորձեց սկսիլ իշխաններէն, եւ Պոլիս կանչեց Ատոմ եւ Աբուսահլ Արծրունի իշխանները՝ որոնք իրենց հետ տարին նաեւ Յակոբ Սանահնեցի վարդապետը։
Պոլիս՝ կրօնական վիճաբանութիւն եղաւ եւ Յակոբ վարդապետ բոլոր Հայ Եկեղեցիի կողմէ միութեան նամակ տուաւ։
Գահազուրկ Գագիկը երբ իմացաւ այս իրողութիւնը, յայտնեց Տուկիծ կայսեր, թէ վարդապետի մը կարծիքը այդպիսի խնդրի մէջ նշանակութիւն չունի՛. եւ ինք 1060 թուականին մեծ վիճաբանութիւն ունեցաւ յոյն վարդապետներու հետ՝ պաշտպանելով Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնը եւ մերժե՛ց միութեան առաջարկը։ Այս վիճաբանութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ Մատթէոս Ուռհայեցին։
Այս կրօնական-դաւանաբանական վիճաբանութիւնը աւելի եւս գրգռեց յոյները հայերու դէմ, եւ այնուհետեւ ո՛ր յոյն քաղաքի մէջ որ հայ մը կը գտնուէր՝ սաստիկ չարչարանքներ կը կրէր. հայը ամենավատ ազգն էր յոյնին համար եւ ամէն տեսակ զրկանքներու արժանի…
Անշուշտ, պատմութեան կառչիլ ու մնալ յառաջդիմութեան եւ բարեփոխութեան ամենամեծ արգելքն է, բայց սա եւս պէտք չէ ուրանալ, թէ պատմութիւնը իմաստուն դաստիարակ մըն է՝ այնքան ատեն, որ ան ճշգրիտ է եւ ստոյգ։ Անհատական եւ հաւաքական կեանքը՝ պատմութեան՝ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի շարունակական ընթացք մըն է եւ պէ՛տք է հետզհետէ ուսանիլ այդ ընթացքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2025, Իսթանպուլ