Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ… (Բ.)
Մեր թուականէն 97 տարիներ առաջ՝ 20 փետրուար 1928 թուականին, Գահիրէի մէջ շինուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան առիթով «Լուսարձակ» շաբաթաթերթը Բ. տարի, թիւ 64-ի հրատարակութեան մէջ կը գրէ. «Եկեղեցւոյ քանդումը գաղութներու մէջ, աղէտ մը պիտի ըլլար մեր պատմական-անհատական գոյութեան համար». եւ այս գիտակցութեամբ է, որ ցեղասպանութենէն ետք հայ գաղթականները սփիւռքի տարածքին եկեղեցիներ կառուցելու կարեւորութիւնը նկատեցին, որովհետեւ հասկցան, որ օտարութեան մէջ եկեղեցի ունենալը միայն հաւատքի արտայայտութիւն մը չէ. եկեղեցին պաշտպանն է նաեւ հայու ինքնութեան:
Գաղութներու մէջ եկեղեցին լոկ ծիսակատարութիւն եւ կամ պատարագ չկատարեց. անոր դերը բազմազան էր. այսպէս՝
Ա.- Ուսուցում եւ առաջնորդութիւն՝ կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն.- Կը տեսնենք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին մի՛շտ ալ գտնուած է առաջնորդողի եւ ուսուցողի դերին մէջ. մեր անցեալի մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն մեծ մասը եղած են եկեղեցականներ. անոնք ուսուցանած են ո՛չ միայն կրօնական եւ քրիստոնէական արժէքներ, այլեւ մարդասիրական գաղափարներու կողքին յաջողած են ժողովուրդին մէջ սերմանել հայ ըլլալու արժէքն ու սրբութիւնը։ Այդ գիտակցութեան համար է, որ ազգը եկեղեցին կոչած է «ազգային», որովհետեւ հոգեւորին չափ եւ թերեւս աւելին ան եղած է ազգին կողքին՝ մանաւանդ իր դժուարին պահերուն՝ այն ժամանակ, երբ չենք ունեցած թագաւոր, չենք ունեցած իշխան եւ իշխանութիւն: Սերտեցէ՛ք սփիւռքահայ պատմութիւնը. եկեղեցիները եղած են դպրոց եւ այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ հայ սփիւռքի դժբախտ պայմաններուն մէջ եկեղեցին եղած է դպրոց, ուր ո՛չ միայն քրիստոնէութիւն, այլ հայրենասիրութիւն փոխանցուած է աշակերտներուն:
Եկեղեցին չէ՛ կեդրոնացած պատարագին եւ ծէսին վրայ, այլ ստանձնած է նաեւ հայկական մշակութային պահպանութեան կարեւոր հարցը՝ գրական, երաժշտական, արուեստի եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներու պարագային:
Բ.- Ընկերային եւ քաղաքական.- Շատեր կը շեշտեն, որ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին տեղը լոկ եկեղեցին է, սակայն, նման անձեր կը մոռնան յիշել Շնորհալին, որ քաղաքական ուժերու բացակայութեան պատճառով իր վրայ առած է հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքը, որովհետեւ մի՛շտ ալ եկեղեցին այդ դերը իր ուսերուն առնելով փորձած է լուծել հայ ժողովուրդի խնդիրները: Իշխանութիւններ, թագաւորութիւններ եկած ու գացած են, սակայն մնացած է եկեղեցին:
Այս լոյսին տակ Հայ Առաքելական Եկեղեցին բերած է իր հասարակական ծառայութիւնը։ Եկեղեցւոյ եւ վանքերու ճամբով դարեր շարունակ աղքատներ, որբեր եւ հիւանդներ ուշադրութեան արժանի եղած են. եկեղեցին շինած է դպրոցներ, հիւանդանոցներ, որբանոցներ, ծերանոցներ եւ փորձած է իր ընկերային ծառայութիւնը բերել ժողովուրդին։ Եկեղեցին հրատարակած է իր թերթը, ունեցած է իր երիտասարդական խումբերը, ունեցած է մանկական կիրակնօրեայ դպրոցներ եւ զանազան ձեւերով փորձած է հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն: Ան իր կարեւոր դերը ունեցած է հայ դատի պաշտպանութեան մէջ:
Տ. Բաբգէն Եպսկ. Ապատեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Կը սխալինք մենք, երբ մեր եկեղեցիին արժէք կու տանք մի՛այն իբրեւ ազգային ժառանգութիւն: Այս բանապաշտ մերձեցում մըն է, որ կը նսեմացնէ եկեղեցւոյ առաքելութեան իրական նշանակութիւնը: Վերլուծել պէտք է մեր պատմութիւնը, համոզուելու համար այն իրողութեան, որ մեր եկեղեցին իր գաղափարաբանութեամբ փրկիչն է մեր ազգին: Այդ շատ բան պիտի փոխէ մեր դիրքաւորումներուն մէջ: Ի՞նչ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր եկեղեցին չըլլար. այս հարցումը պէտք է դնէ իւրաքանչիւր ոք ինքն իրեն. պատասխանը պիտի ըլլայ շատ որոշ, թէ՝ պատմութեան աւերակներուն տակ կորած ժողովուրդ մը, կամ ուրիշ ժողովուրդներու, նոր կրօններու, զօրաւոր մշակոյթ ունեցող ազգերու մէջ կորսուած ժողովուրդ մը պիտի ըլլայինք: Ու հետեւցնենք անմիջապէս, որ մեր ժողովուրդի կեանքին, մշակոյթին, յառաջդիմութեան եւ գոյատեւման միակ գաղտնիք եւ պատճառ եղողը մեր սուրբ եկեղեցին է»:
Շատեր պիտի մտածեն, որ եկեղեցական մը վստահաբար այս կարծիքը պիտի ունենայ, սակայն, իրականութեան մէջ, եկեղեցական ըլլալ-չըլլալու հետ կապ չունի. պատմութիւնը կը մնայ վկայ եւ այդ մէկը երբեք փոխել կարելի չէ. եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ամէ՛ն տեսակէտով: Իրապէս ալ կարեւոր հարցում մըն է. «Ի՞նչ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր եկեղեցին չըլլար»։ Պատասխանը մէկ է. բոլոր այն «հայրենասէր»ները պիտի չունենային հայրենիք. հայ պիտի չըլլային:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդին ճակատագիրը, եթէ Հայ Եկեղեցին չըլլար:
Պատասխան. Եթէ Հայ Եկեղեցին չըլլար, հայ ժողովուրդին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային ինքնութիւնը վտանգուած պիտի ըլլար, որովհետեւ դարեր շարունակ եկեղեցին եղած է ո՛չ միայն հաւատքի, այլ գրագիտութեան, կրթութեան եւ ազգային միասնութեան պահպանման կեդրոն: Պատերազմներու, ցեղասպանութեան եւ այլ դժբախտ ժամանակներու եկեղեցին փոխարինած է պետութիւնը՝ պահելով լեզուն, պատմութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները: Առանց Հայ Եկեղեցիի հայ ազգը կրնար շեղիլ իր արմատներէն ու դառնալ ենթակայ օտարացումի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան