ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ՝ ՀԱՒԱՏԱ՛
Վախը՝ մարդկային կեանքին ամենէն ազդու եւ տիրապետող զգացո՛ւմն է, եւ սկզբնական վախը՝ մահուան վախն է, վախը՝ կորսնցնելու եւ կորսուելու։ Ընդհանրապէս չարին անդոհը ստելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրուող բարկութեամբ։
Երբ զօրաւոր հովը կը փոթորկէր լիճը, վախցան աշակերտները. Վախցան, որ պիտի «կորսուին», այսինքն՝ վախցան, որ պիտի մեռնին։ Մինչդեռ Յիսուս նաւակին մէջ բարձի մը վրայ կը քնանար… աշակերտները վախի մէջ արթնցուցին զԱյն։ Եւ Յիսուս դադրեցուց հովը եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց, եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք». (ՄԱՐԿ. Ե 35-40)։
Մեր ամէն մէկուն կեանքին մէջ ալ այսօր չեն պակսիր սաստիկ հովեր՝ փոթորիկներ, ալեկոծութիւններ, յուզմունք եւ խռովութիւն։ Այս բոլորը կը յայտնուին տարբեր զանազան ձեւերով՝ հիւանդութիւններ, նիւթական նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ձախողութիւններ եւ ուրիշներ։ Բայց ականջ դնենք Յիսուսի խօսքին, քանի որ այսօր ալ Ան մեզի կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք»։ Երբ ձեր նեղութիւններուն, մինչեւ իսկ յուսահատութիւններուն եւ յուսալքութիւններուն մէջ կը լսէք Յիսուսի ձայնը, հաւատաք եւ վստահիք՝ վախը պիտի փարատի եւ ան պիտի կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը, փոխանակ կորսնցնելու՝ տիրանա՛ք։
Ամէն տեսակ վախ, եւ մանաւանդ մահուան վախը միշտ կը մտահոգէ մեզ, իսկ հաստատ, աներկբայ եւ աներկմիտ հաւատքը կը փարատէ զայն. «…տակաւի՞ն հաւատք չունիք»։ Եւ ուրեմն. չվախնանք, բայց միայն հաւատա՛նք։
Աներկմիտ հաւատքը, արդարեւ վստահութիւն կ՚ենթադրէ. «հաւատք» եւ «վստահութիւն»՝ մերձիմաստ են։ Ան որ կը հաւատայ, նաեւ կը վստահի՛։ Եւ հաւատքին բնական արդիւնքն է՝ վստահութիւնը։ Իսկ ան՝ որ վստահութիւն ունի մէկու մը՝ վախ չ՚ունենար, մանուկի մը պէս՝ որ կը վստահի իր ծնողներուն՝ հօր եւ մօր, եւ ապահով, անվտանգ կը զգայ ինքզինք։
Ուրեմն, վստահինք մեր երկնաւոր Հօր եւ փարատենք ամէն վախ, ներառեալ մահուան վախը՝ կորսուելու եւ կորսնցնելու վախը։
Վախը փարատելու հաւատանք, վստահինք եւ ապաւինինք, նաեւ ընդունինք, որ նեղութիւններ, ցաւեր, վիշտեր, կորուստներ անխուսափելի են մեր այս աշխարհի վրայ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ունենաք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), բայց «քաջ եղէ՛ք…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), քանի որ Յիսուս յաղթեց աշխարհին։ Ուստի, չի բաւեր անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ, այլ՝ քրիստոնեայի պէս գործել, օրինակել եւ հնազանդիլ Յիսուսի։
Վախը մարդս տարակուսանքի կ՚առաջնորդէ՝ երկմտութիւնը հետզհետէ պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ կորսնցնէ իր հաւատքը եւ զրկուի վստահութեան ապահովութենէն։ Արդարեւ, հաւատացեալին հոգեւոր կեանքին մէջ պէտք չէ՛ տեղ ունենայ վախը։ Անշուշտ, պէտք է զանազանել երեք զգացումները. վախը, մտահոգութիւնը եւ անվախութիւնը, անհոգութիւնը եւ ասոնց նմանող անտարբերութիւնը։
Անվախ ըլլալ, բայց նաեւ զգո՛յշ մնալ, չմտահոգուիլ, բայց բոլորովին անտարբեր չըլլա՛լ։ Եւ մանաւանդ անվտանգութեան մէջ՝ վստահութեան մէջ ապահով զգալ ինքզինք, բոլորովին սանձարձակ գործել չի նշանակեր։ Չափ եւ կշիռ անհրաժեշտ են կատարեալ հոգեւոր կեանքի մը համար, եւ ինչո՞ւ չէ՝ աշխարհի համար։
Աղօթենք, որ Աստուած Իր վստահութեան շունչը ներշնչէ մեզի։ Ուստի, Յիսուս գիտէ մեր ամէն մէկուն ներքին ալեկոծումները։ Բայց մենք ալ այդ ալեկոծումներուն մէջ պէտք է գիտնա՛նք, որ Ան միշտ մեզի հետ է, մեր անմիջապէս քովը։ Չտարակուսինք այդ մասին. Ան հո՛ս է, մեզի հետ, եւ նոյնիսկ այս գրիչին ծայրը, թուղթին վրայ եւ ամէն տեղ։ Վստահինք եւ չվախնանք. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ ենք… տակաւի՞ն հաւատք չունինք»։
Սիրելի՜ներ, սիրելի բարեկամներ, սրտակիցնե՜ր. աշխարհի վրայ՝ մեր կեանքին մէջ պիտի ըլլան միշտ ալեկոծութիւններ, վախեր. անխուսփելի՛ են այդ բոլորը, քանի որ աշխարհ բուրաստան մը, ծաղկաստան մը չէ. փուշով եւ տատասկով լեցուն է, որովհետեւ ան «աշխա՛րհ» է։ Եւ անոնք կարելի է յաղթահարել հաւատքով, Յիսուսի վստահելով եւ ապաւինելով, եւ ուրեմն միշտ կրկնելով. «Տէ՛ր, կը հաւատանք, աւելցուր մեր հաւատքը, կը վստահինք ամրացուր մեր վստահութիւնը, որովհետեւ Դո՛ւն ես միակ վստահելին եւ փրկիչը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 6, 2025, Իսթանպուլ