ՄԵՍՐՈՊԱՏԱՌՆ ՈՒ ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆԸ
Որպէս գրասէրներ, վստահաբար, բազմաթի՜ւ բաներ լսած եւ կամ գուցէ կարդացած էք Աղեղեանական ուղղագրութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին հրամցուեցաւ որպէս «բարիք» եւ «բարեփոխութիւն», սակայն, իրականութիւնը տարբեր էր ներկայացուածէն: Մինչեւ 1920 թուականը աշխարհի բոլոր հայերը ունէին Մեսրոպատառ դասական ուղղագրութիւնը, սակայն, Սովետական Միութիւնը որպէս թէ լեզուն ժողովուրդին աւելի «մօտիկ» դարձնելու համար ստեղծել տուաւ նոր ուղղագրութիւն մը եւ այդ պաշտօնը յանձնեց Մանուկ Աբեղեանին՝ որ հայերէն դասական ուղղագրութիւնը բարդ կը նկատէր: Անշուշտ, ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ Աբեղեան հայոց ուղղագրութիւնը փոխելու գաղափարը ունեցած էր 1890-ական թուականներէն եւ 1920 թուականէն առաջ՝ 1913-ին արդէն իսկ հանդէս եկած էր փոփոխութեան առաջարկով. 1922 թուականին կը հրատարակուի Աբեղեանի «Առաջնորդ հայոց լեզուի նոր ուղղագրութեան» աշխատութիւնը:
Հայոց լեզուի «բարեփոխութեան» նպատակը կը ներկայացուէր որպէս հետեւեալ.- «Ամէն մէկ հնչիւն միայն մէկ առանձին նշանագիր պիտի ունենայ եւ ամէն մէկ տառ միայն մէկ հնչիւն»։ Այլ խօսքով՝ օրինակի համար «օ» տառի փոխարէն գրել «ո»՝ մանաւանդ երբ «օ» տառը կը հանդիպի բառակէսին. ինչպէս օրինակ՝ ակօս, աղօթք, ամօթ, գօտի եւ այլն. «է» տառին փոխարէն գրել «ե»՝ դարձեալ մանաւանդ այն պարագային երբ «է» տառը կը հանդիպի բառակէսին. օրինակ՝ ապաւէն, չէզոք, քրէական եւ այլն: Այլ օրինակ մը. «ւ» տառի փոխարէն գրել «վ». օրինակ՝ հրաւէր, սէր եւ այլն: Անշուշտ, շարքը կարելի է երկարել ու խօսիլ «թիւն»ը «թյուն», «ոյ»ը «ույ» դարձնելու մասին, սակայն, այդ մէկը դուրս կը մնայ մեր յօդուածի նպատակէն:
Անշուշտ, այս մէկը ունեցաւ երկու ճակատ. շատեր ուրախութեամբ ընդունեցին նոր ուղղագրութիւնը, իսկ ուրիշներ խստութեամբ քննադատեցին. օրինակի համար՝ «Խորհրդային Հայաստան» թերթի մէջ կը տեսնենք այս որոշումը քաջալերող հրապարակումներ՝ նոյնիսկ սպառնալիքի ոճով. Օրինակ՝ անոնցմէ մէկը կը գրէր. «Նոր ուղղագրութիւնը աղմուկ կ՚առաջացնէ ազգային ջոջերու, կղերական վեղարաւորներու եւ տիրացու վարժապետներու հակայեղափոխական խախտամիտներու շրջանին մէջ, բայց մենք պիտի տարածենք այդ նոր ուղղագրութիւնը»: Անդին կար նաեւ քննադատողները. օրինակ՝ բանասէր ու ազգագրագէտ Վահան Հացունի այդ փոփոխութիւնը անընդունելի կը նկատէր, այդ փոփոխութիւնը նկատելով ծայրայեղ ու վնասակար:
Անշուշտ յայտնենք, որ այս բարեփոխումը ընդունողներուն մօտ նպատակ կար ընդհանրապէս վերացնել մեսրոպատառ դասական ուղղագրութիւնը. անոնք նոր ուղղագրութեան բարեփոխումը ղրկած էին նաեւ Պոլիս, Վրաստան, Եւրոպա, Ամերիկա եւ գրեթէ ամէն տեղ, որպէսզի հայկական սփիւռքին մէջ եւս տեղի ունենայ ուղղագրութեան բարեփոխութիւն:
Այս «բարեփոխութեան» դէմ եղած են շատ մը մեծ հայ գրողներ. օրինակի համար՝ օրին իշխանութեան եւ այդ օրէնքը ընդունողներուն նամակ գրած է Յովհաննէս Թումանեանը. մինչեւ օրս արխիւին մէջ պահուող այդ նամակին մէջ Թումանեան կը գրէ. «Ես որպէս հայ գրող եւ հայ գրողներու միութեան նախագահ՝ կու գամ յայտնելու իմ զարմանքս եւ բողոքելու այն վարմունքին դէմ, որ ունեցած է Հայաստանի լուսժողկոմը նման կարեւոր խնդիրի դիմաց: Պ. Մանուկ Աբեղեանը առաջարկ ըրած է ու դրած հրապարակ: Շատ լաւ: Բայց Հայաստանի լուսժողկոմը ուրկէ՞ գիտցած է թէ Պ. Մանուկ Աբեղեանը եւ ինք՝ լուսժողկոմը անսխալական են եւ առանց քննութեան ենթարկելու առաջարկը, հրաման ընդունած է միայն այդ ուղղագրութեամբ գրել»: Այս տողերէն կը հասկնանք, որ օրինակ՝ հայ մտաւորականութեան կարծիքին դիմած չեն նման կարեւոր փոփոխութեան մը համար. գրողները՝ որոնք լեզուն եւ գիրը կը մշակեն, անակնկալի դիմաց յայտնուած են եւ բնականաբար բարձրացուցած իրենց բողոքի ձայնը: Նոր ուղղագրութենէն դժգոհ էր նաեւ Աւետիք Իսահակեան, որ իր բարեկամներէն մէկուն գրած նամակին մէջ կը յիշէ, թէ Հայաստանի մէջ ամէն բան լաւ է՝ բացի ուղղագրութենէն:
Բարեփոխուած ուղղագրութեան հակառակ եղած է նաեւ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակը. ան առիթով մը լեզուի եւ ուղղագրութեան մասին խօսելով ըսած է. «Մէկ եւ միասնական ուղղագրութեան հարցին մասին ես արդէն քանի տարի, նստիմ թէ կանգնիմ, նոյն բանը կ՚ըսեմ. առիթ բաց չեմ ձգեր ըսելու, որ մեր սխալ գործունէութիւններուն մէջ ամենէն մեծ սխալը եղած է մեր ուղղագրութեան «բարեփոխում»ը: Պատմական աղբիւրները կը վկայեն, որ Աբեղեանական ուղղագրութեան բարեփոխութեան դէմ եղած են Յովհաննէս Թումանեանը, Հրաչեայ Աճառեանը, Ստեփան Մալխասեանցը եւ ընդհանրապէս ժամանակի բոլոր հայ մտաւորականները»:
Մեր լեզուի բարեփոխութիւնը վնաս էր մեզի, որովհետեւ մէկ ուղղագրութեան տէր եղող ժողովուրդի մը զաւակները արդէն իսկ իր ուղղագրութիւնը լաւ չէր գիտեր. այդ վէրքին վրայ եկաւ աւելնալու նորը՝ երկու ուղղագրութիւնը. մեր ազգին մէջ երկուները շա՜տ են. երկու ուղղագրութիւն, երկու խօսակցական լեզու, երկու կաթողիկոսութիւն, սփիւռք եւ հայրենիք եւ գրեթէ ամէ՛ն բան երկու: Սակայն անոնք, որոնք այդ մէկը մտածեցին եւ ըրին՝ յաջողեցան իրենց չար նպատակներուն մէջ. յաջողեցան ժողովուրդին մոռնալ տալ մեսրոպատառ դասական ուղղագրութիւնը. այսօր արդէն դար մը ետք այդ բարեփոխումն է, որ գործածութեան մէջ կը շարունակէ մնալ հայրենիքի մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայերը ունին արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Այս մէկը վնա՞ս է ժողովուրդի մը համար, թէ շահ:
Պատասխան. Հայ ժողովուրդը լեզուական հիմնական երկու ճիւղ ունի՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, որոնք նոյն արմատի ծնունդ են: Շատերու կողմէ այս մէկը կրնայ դիտուիլ իբր հարստութիւն, որովհետեւ բազմազանութիւնը կը պահպանէ լեզուական եւ մշակութային յատկանիշները՝ հայ ժողովուրդին տալով աւելի մեծ ժառանգութիւն, սակայն, կրնայ դիտուիլ նաեւ որպէս թուլութիւն, որովհետեւ տարբերութիւնները կրնան խոչընդոտներ ստեղծել : Այս երեւոյթին շահ թէ վնաս ըլլալը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը գործածէ եւ կը պահէ իր երկու լեզուական ճիւղերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան