ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՀԱՑԸ

«Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին». (ՅՈՎՀ. Զ 32-33)։ «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնա՛ւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ». ՅՈՎՀ. Զ 35)։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ՝ բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք. մարդուս ինքզինք ամենէն ապահով զգացած տեղը իր ընտանեկան ճաշասեղանն է։ Հո՛ն է՝ որ մարդ գիտէ, որ երբեք անօթի պիտի չմնայ, հոն է՝ որ ապահով է այդ մասին, քանի որ այդ սեղանին վրայ հա՛ց կայ եւ եթէ նոյնիսկ պակսի հացը իր սեղանակիցները իրեն պիտի տան հաց՝ իրենց բաժինէն։

Ասիկա շատ սիրուն եւ բնական երեւոյթ մըն է մեր առօրեային մէջ՝ որ կ՚ապրինք եւ սակայն չենք անդրադառնար ընդհանրապէս։ «Հաց»ը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ ամէն մէկուս համար եւ նո՛յնքան կարեւոր՝ հացը բաժնե՛լ։ Ժողովուրդի՝ հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ ալ կը նկատուի նոյն պարագան. հիւրեր կ՚ընդունուին՝ միասին «հաց ուտել»ու՝ ճաշելու համար, ամենապարզ ընդունելութեան մը ատեն նոյնիսկ անպայմա՛ն «ուտելիք» մը կը հրամցուի այցելուին։ Եւ բոլոր այս սովորութիւնները ցոյց կու տան «հաց»ին կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Երբ «հաց»ը այսքան կարեւոր է մեր երկրային կեանքին համար, ապա ուրեմն որքա՜ն աւելի կարեւոր մեր երկնային կեանքին համար։

Մեր առօրեային մէջ մեր հիւրերը կ՚ընդունինք ուրախութեամբ՝ կը հիւրասիրենք ճոխ ճաշասեղաններով եւ յաճախ կ՚ըսենք. «Անօթի չե՞ս, եկո՛ւր հաց ուտենք միասին»։ Անօթի կամ ո՛չ՝ միասին ճաշելը հաճոյք կը պատճառէ բոլորին, քանի որ «հաց»ը եւ «հացը բաժնել»ը ուրախութիւն կը պատճառէ մարդոց։ Հետաքրքիր է եւ ուշագրաւ՝ որ հրաւէրը միշտ «հաց»ով կը ներկայացուի։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին՝ շատ գնահատելի է այս սովորութիւնը, եւ մեր բոլորին աղօթքը պէտք է ըլլայ, որ Աստուած մեր տուներէն, մեր ընտանիքներէն, մեր ճաշասեղաններէն անպակաս ընէ «հաց»ը։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ա՛յն ցոյց կու տայ մեզի, թէ անհնար է մարդս ֆիզիքապէս կամ նիւթապէս գոհացնել։ Մարդ արարածը մի՛շտ, մնայուն եւ մշտակայ գոհացումը չէ ունեցած դժբախտաբար։ Մարդ մնայուն խաղաղութեան եւ երջանկութեան սովը կ՚ապրի, տեւական «անօթի» է եւ «հաց» կը փնտռէ. իսկ երբ գտնէ «հաց»ը՝ չի գոհանար, եւ աւելի՛ն, միշտ աւելին կ՚ուզէ։ Եւ այս իրողութիւնը, դժբախտաբար, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է մեր բոլորին կեանքին մէջ։ Մենք մնայուն երջանկութեան մը սովը ունինք։ Ինչպէս՝ մենք մնայուն, իրական եւ անկեղծ սիրոյ սովը ունինք՝ որոնք «հաց»ի չափ անհրաժեշտ են մեր կեանքին համար։ Մեր հրաւիրեալներուն ներկայացուցած «հաց»ը եթէ խաղաղութեամբ եւ սիրով խմորուած չըլլայ՝ չենք կրնար գոհացում տալ մեր այցելուներուն։

Եւ մենք մեր կեանքի յաւիտենական վախճանը եւ վայրը ապահովագրելու սովը ունինք։ Մենք ուրախ եւ նպատակային «նոր կեանք»ի սովը ունինք, այնքան՝ որքան մեր օրական հացին պէտքը ունինք։ Մենք կարիք ունինք «հա՛ց»ի՝ որ կը գոհացնէ մեր սրտի դատարկութիւնը եւ դրական՝ բարի եւ օգտաշատ արդիւնք կը բերէ մեր ընտանիքին, եւ ինչո՞ւ չէ. համայն մարդկութեան աստիճանաբար։

Ուստի անհրաժե՛շտ է «հաց»ը հասկնալ որպէս «կեանքի հաց» եւ հացին տալ իր ճշմարիտ արժէքը։ Քանի որ Յիսուս, մեր Տէրը կ՚ըսէ. «Ես եմ կենաց հացը»։ Այս կը նշանակէ, որ կեանք չի տար ո՛չ աշխարհասիրութիւնը, ո՛չ մարդու գիտութիւնը, ո՛չ դրամը, ո՛չ ֆիզիքական հաճոյքները, ո՛չ համբաւը, դիրքը, աստիճանները եւ ոչ մէկ բան, որ մարմնի եւ նիւթի կապուած է։ Միակ «հաց»ը՝ որ կը գոհացնէ մարդու հոգիի սովը, Տէր Յիսուս Քրիստոսն է. «կեանքի հա՛ց»ը։ Քանի որ Ա՛ն է յաւիտենական Աստուածը, որովհետեւ Ան Ինքը ներկայացաւ իբրեւ «հաց»ը՝ որ «երկինքէն իջաւ»։ Եւ քանի որ Ա՛ն է այն հացը, որ կը գոհացնէ այստեղ՝ երկրի վրայ եւ նաեւ ամբողջ յաւիտենականութեան անհուն ընթացքին մէջ՝ երկի՛նքը։

Եւ որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս անձամբ «Հաց» դարձաւ՝ «կենդանի հա՛ց»։

Արդարեւ, գիտենք, որ հացը կը պատրաստուի ալիւրէն. իսկ ալիւրը՝ ցորենէն։ Որպէսզի ցորենը վերածուի ալիւրի, պէտք է ան փշրուի եւ ծեծուի։ Եւ այդ նոյնը ըրաւ Տէր Յիսուս մեր բոլորին համար, երբ չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ թաղուեցաւ մեր մեղքերուն համար։ Անոր սուրբ Արիւնը թափուեցաւ եւ Անոր անմեղ Մարմինը ծեծուեցաւ մեզի համար։ Այդ մասին Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։ Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ». (ԵՍ. ԾԳ 5-6)։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այսօր, սա պահուս Տէր Յիսուս Ի՛նքն է, որ կը հրաւիրէ մեզ Իր ճաշասեղանին՝ «Հաց» ուտելու. «Կեա՜նք Հաց»ը, Հոգեւոր «Հաց»ը պատրա՛ստ է։ Սեղանը լեցուն է օրհնութիւններով՝ ուր ոչ մէկս անօթի պիտի մնանք…

Եւ Ան կ՚ըսէ. «Ե՛կ ինձ մօտ. Ես եմ կենաց հացը…»։ Ինչպէ՞ս կարելի է մերժել Անոր հրաւէրը. պէտք է ընդառաջել սիրով այս հրաւէրին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 7, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2025