ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔԸ

Նախապէս յօդուածաշարքով մը խօսած էինք ծնողքի մը իր զաւակին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին, խօսած էինք նաեւ, որ ինչպէ՛ս ծնողքի մը վերաբերմունքը իր դրական եւ կամ բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ անհատի մը կեանքին մէջ, սակայն, այժմ կ՚ուզենք միւս կողմէն նայիլ եւ խօսիլ զաւակի իր ծնողքին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին: 

Զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մէջ եղած է կարեւոր եւ այս մէկը փաստելու ամենէն լաւ ձեւը տասնաբանեայ պատուիրանին մէջ յիշուած «պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» պատուիրանն է։ Այդ յարաբերութիւնն ու յարգանքը այս խօսքով սահմանափակուած չէ. Աստուածաշունչին մէջ բազմիցս կը հանդիպինք զաւակներու տրուած յորդորներու. օրինակի համար, Առակաց 1:8-9-ին մէջ կը կարդանք. «Լսէ՛ որդեակ հօրդ խրատը եւ մօրդ ուսուցումը մի՛ մերժեր»։ Այս մէկը ո՛չ միայն Հին կտակարանին, այլ Նորին մէջ եւս շեշտուած կը տեսնենք. Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Զաւակներ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ այդպէս պատշաճ է» (Եփեսացիներ 6:1-3): 

Անշուշտ, այս յորդորները ինքնին ցոյց կու տան, որ այդ ժամանակ եւս գոյութիւն ունէր զաւակ-ծնողք պայքարն ու ապստամբութիւնը եւ Աստուածաշունչին մէջ անոր օրինակները շատ են. անոնցմէ մէկն է Քամը՝ Նոյի որդին, որ իր հօրը մերկութիւնը տեսնելով գնաց եւ այլոց պատմեց, որուն ի տես Նոյ անիծեց զինք, ըսելով անիծեալ ըլլայ եւ իր եղբայրներուն ծառայէ: Նման անյարգալիր ընթացքի մէջ գտնուեցաւ Եսաւ, Հելիի որդիները՝ Օֆնի եւ Փինհաս, Սողոմոնի որդին եւ ուրիշներ: 

Աստուածաշունչի օրէնքներուն համաձայն, ծնողքը չյարգելը Աստուծոյ պատուիրաններուն դէմ ըլլալու համազօր է, իսկ հնազանդութիւնը՝ օրհնութեան եւ կեանքի աղբիւր: Աստուածաշունչի մէջ ծնողքի հանդէպ յարգանքը կը բացատրուի նոյնիսկ «Աստուծոյ կամք» հասկացողութեամբ: 

Անշուշտ, կրօնականէն անդին փիլիսոփայականին մէջ ալ կարեւոր տեղ ունէր ծնողներու հանդէպ հնազանդութիւնն ու յարգանքը. օրինակի համար, Սոկրատես կը հաւատար, որ մարդ չի կրնար արդար ու բարի քաղաքացի ըլլալ, եթէ չպատուէր այն անձերը՝ որոնցմէ կեանք եւ դաստիարակութիւն ստացած է: Ձեւով մը մարդ չէր կրնար աստուածավախ ու աստուածասէր ըլլալ, եթէ ինքն իր ծնողներուն հանդէպ յարգանք չունի: Պղատոն եւս կը հաւատար, որ արդարութեան արմատները ծնողներու հանդէպ հնազանդութիւնն է. ան կը շեշտէր, որ այդ հնազանդութիւնը խօսքով կամ սրտով ըլլալէ անդին պարտի ըլլալ նաեւ գործնական ընթացք մը: Շատ ուրիշներ ծնողքի հանդէպ յարգանքը կը նկատեն բարոյական պարտաւորութիւն, որովհետեւ այնպէս ինչպէս Աստուած մարդուն հոգի կու տայ, ծնողքն ալ անհատին կեանք կու տայ, որուն համար անձը պարտական է: Շատ մը երկիրներու մէջ՝ ինչպէս օրինակ՝ Չինաստանի, սկզբնական քաղաքակրթութեան մէջ որպէս «օրէնք» ընդունուեցաւ ծնողքը յարգելու սկզբունքը՝ ինչ որ որոշ չափով կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը՝ Միջին Արեւելքի փոքր երկիրներու մէջ:

Պատմութիւնը կը փոխանցէ, որ մեծագոյն փիլիսոփաներէն Սոկրատես իր մահուան օրը իր աշակերտները իր մօտ կանչելով կը խօսի իր մօրը մասին եւ կ՚ընդգծէ, թէ ինչքան կարեւոր է ծնողքի հանդէպ յարգանքը՝ յայտնելով, որ այդ մէկը բարձրագոյն առաքինութիւնն է մարդու համար: 

Անշուշտ, Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան դրուագը եւս կու գայ ընդգծելու ծնողքի կարեւորութիւնը։ Յիսուս Քրիստոս խաչի վրայ իր չարչարուիլը մտածելու փոխարէն կը մտածէ մօրը եւ իր աշակերտներուն կը վստահի զինք ըսելով՝ «ահաւասի՛կ մայրդ» (Յովհաննէս 19:27): 

Արդի մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնը հեռու մնալով կրօնական «հնազանդութիւն» բառէն, միաձայն կը հաստատեն, որ ծնողական յարգանքն ու փոխադարձ առողջ յարաբերութիւնը զաւակի մը հոգեկան, ընկերային եւ բարոյական զարգացման հիմք կը հանդիսանան: 

Հոգեբաններ կը յայտնեն, որ եթէ զաւակ մը իր ծնողքին հանդէպ յարգանք ունի, ապա իր մէջ կ՚ունենայ անվտանգութեան զգացում մը, որ զինք կը փրկէ լարուածութենէն եւ քաջութիւն կու տայ անորոշութեան մէջ չկորսուելու համար: Անշուշտ, հոգեբանութիւնը միակողմանի յարգանքի մը մասին չի խօսիր. Աստուածաշունչն ու հին տեսութիւնները ընդհանրապէս զաւակին վրայ կը կեդրոնանային, սակայն արդի հոգեբանութիւնը եկաւ ըսելու, որ այդ յարգանքը փոխադարձ է. մանուկը կը սորվի յարգել այն ժամանակ՝ երբ ինքզինք յարգուած կը զգայ: 

Յարգանքը իրականութեան մէջ ունի գործնական բաժին մը. եթէ զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը հիմնուած է վախի վրայ, ապա այդ զաւակներուն մօտ կը յառաջանայ ինքնագնահատումի պակաս եւ ծայրայեղ ենթարկուածութիւն: Ծնողքի մը կողմէ յարգանքը չի կրնար պարտադրուիլ զաւակին. այդ մէկը արդէն կը վերածուի վախի. հոգեբանութիւնը կ՚ըսէ.- երբ ծնողքը յարգանք չի պահանջեր, սակայն յարգալիր վերաբերմունք կ՚ունենայ, զաւակը ինքնաբերաբար պատուել կը սորվի: 

Անշուշտ, կայ մեծ տարբերութիւն մը յարգանքին եւ հնազանդութեան միջեւ, որուն մասին կը շարունակենք խօսիլ մեր յաջորդ գրութեամբ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ընտանիքի մը մէջ վախի հասկացողութիւնը ի՞նչ բացասական կողմեր ունի:

Պատասխան. Ընտանիքի մէջ վախի մթնոլորտը կը խանգարէ ընտանեկան բնական ընթացքը եւ կը նուազեցնէ սէրը, վստահութիւնն ու յարգանքը: Երբ ընտանիքի անդամները վախնան իրենց զգացումներն ու կարծիքները արտայայտելէ՝ ընտանիքը կը դառնայ անհաճոյ միջավայր: Վախը սիրով փոխարինելով մարդիկ կը սկսին հեռու մնալ կեղծ յարաբերութիւններէ եւ հոգեկան լարուածութենէ հեռու կը զգան ընտանեկան սիրոյ գոյութիւնը: Վախի միջավայրի մէջ անհատներ չեն զարգանար. կը դառնան կասկածամիտ, ինչ որ խոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ ապագային իրենց կազմելիք ընտանիքներուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2025