ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Շաբաթ օրուան մեր գրութեամբ խօսեցանք, թէ լաւ գործի համար զաւակը գնահատելը վատ արարքի ժամանակ տրուած պատիժէն կամ բարկութենէն շատ աւելի արժէք ու ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Սակայն, միւս կողմէ, պատիժը եւս մանկավարժութեան մէջ ունի իր կարեւոր դերը, բայց, կայ այլ նրբութիւն մը, որ ծնողներ շատ անգամ անգիտակցաբար կ՚ընեն՝ առանց հասկնալու, որ այդ մէկը իր բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ եւ ծնողական հեղինակութեան կը վնասէ: Կը տեսնենք, թէ ծնողներ իրենց զաւակը այս կամ այն բանը ընել տալու համար որոշ հրամայական եւ սպառնալիքի ոճ մը կը գործադրեն. կը սպառնան խաղէ զրկել, կը սպառնան հեռուսացոյցէն կամ հեռաձայններէն հեռու պահել եւ այլն: Այս մէկը մանկավարժութեան մէջ կարեւոր կէտ մըն է, որովհետեւ մանուկը իր սիրած բանէն զրկելը շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ՝ քան ծեծելը կամ բարկանալը: Սակայն, միւս կողմէ, կայ կարեւոր կէտ մը. շատ մը ծնողներ միայն կը սպառնան եւ նոյնիսկ սխալի դիմաց ի գործ չեն դներ իրենց «սպառնալիք»ը: 

Խօսինք, թէ ինչո՛ւ վնաս է սպառնալիքներու գործադրութեան պակասը։ Սկզբնական շրջանին մանուկը կրնայ խուսափիլ սխալիլէ եւ սպառնալիքը իր նպատակին հասնելով մանուկը որոշ ժամանակ հեռու կրնայ պահել այս կամ այն արարքէն, սակայն, երբ մանուկը զգայ, որ ծնողքը պարզապէս կը սպառնայ եւ երբեք այդ պատժամիջոցները իրականութեան չի վերածեր՝ կը սկսի սահմանները փորձել: Երբ զաւակը հասկնայ, որ ծնողքին խօսքը օդին մէջ է՝ ինքնաբերաբար անոր խօսքերուն հանդէպ յարգանքը կը նուազեցնէ. ծնողը կ՚ըսէ. «Մի՛ ըներ թէ ոչ…», «վերջին անգամ կ՚ըսեմ, չըլլայ որ…», «եթէ նորէն կրկնես պիտի…» ու նման սպառնալիքներ, սակայն, երբ զաւակը հասկնայ, որ այդ բոլորը պարզապէս խօսքեր են վախցնելու համար, իրեն համար կը դառնան պարզ ձայն. բովանդակութիւնը կը դառնայ աւելորդ, որովհետեւ կը հասկնայ, որ այդ բոլորը պարզապէս աղմուկ մըն է՝ վախցնելու եւ կամ զինք այս կամ այն արարքէն հեռու պահելու՝ առանց հիմնական հետեւանքներու: 

Մանուկները աշխարհը ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով կը սորվին։ Նման պարագաներու մանուկը երբ նկատէ սպառնալիքներու գործողութիւններէ հեռու ըլլալու բացը, կը սկսի փորձել՝ որովհետեւ անոնք աշխարհը սեփական փորձերով է, որ կը սորվին. առաջին անգամ մեղմ, երկրորդ անգամ աւելի համարձակ, իսկ երրորդ անգամ աւելի ինքնավստահ կ՚ընէ այն բոլորը՝ ինչ որ ծնողքը կը պահանջէ չընէ՝ այս կամ այն սպառնալիքի ուժին տակ: 

Ամէն անգամ որ կը խօսինք մանուկներու մասին, կ՚ուզենք օրինակը վերցնել մեծահասակներէն։ Պատկերացուցէք անսահման հարստութեամբ լեցուն գրպան մը, որուն տէրը կ՚ըսէ. «եթէ գումար վերցնես՝ պիտի բողոքեմ»։ Պատկերացուցէք անձ մը վերցնէ՝ սակայն գրպանի տէրը չբողոքէ, երկրորդ անգամ շատ աւելի նուազ վախով պիտի փորձէ ու այսպէս շարունակ եւ երբ հասկնայ, որ այդ բոլորը խօսք են ու ո՛չ մէկ բողոք տեղի պիտի ունենայ, բնականաբար, կը սկսի աւելիով ալ վերցնել։ Նոյնն է մանուկի հոգեբանութիւնը. եթէ զգայ, որ ծնողքին սպառնալիքները լոկ խօսքեր են՝ առանց գործերու, ապա այդ մանուկը զսպելը դժուար կ՚ըլլայ: Այդ իսկ պատճառով մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ թէ՛ դրական եւ թէ բացասական պարագաներու պէտք չէ տրուին խօսքեր՝ որոնք իրականութիւն չեն դառնար: 

Ծնողներ կը կարծեն, որ պոռալով, սպառնալով հեղինակութիւն կը դառնան։ Ամէն ծնողք կ՚ուզէ իր զաւկին դիմաց հեղինակութիւն դառնալ, սակայն, մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ պոռալով, սպառնալով չի հաստատուիր այդ մէկը։ Հեղինակութիւն կը դառնայ ծնողքը այն ժամանակ, երբ հետեւողական ըլլայ, երբ իր սեփական կեանքով օրինակ դառնայ եւ ընէ այն բոլորը՝ ինչ ինք իր զաւկին կը յորդորէ: Յստակ սահմաններ ունենալը, սեփական կեանքով օրինակ ըլլալը հազար ու մէկ նախազգուշացումներ տալէ շա՜տ աւելի ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Հետեւողական ու յստակ ըլլալ. այս է հեղինակութիւն դառնալու հիմնասիւները: Մանուկը պէտք է հասկնայ, որ այս կամ այն արարքը ունի յստակ հետեւանքներ. օրինակ՝ եթէ այս մէկը ընէ՝ շաբաթ մը հեռու պիտի մնայ այս կամ այն բանէն. նման պարագայի ան շատ աւելի պիտի խուսափի այդ սխալը ընելէ՝ քան անորոշութեան մէջ տրուած սպառնալիքներու պարագային՝ որոնց իրական ըլլալ չըլլալը անյստակ է մանուկին համար: 

Սպառնալիքի նոյն վիճակը պէտք է ընդունիլ պարգեւի ժամանակ. կը տեսնենք, որ ծնողներ իրենց զաւակներուն այս կամ այն գործողութեան առաջնորդելու համար որոշ խոստումներ կու տան, սակայն, երբեք իրենց խոստումները չեն կատարեր՝ կարծելով, որ այդ կեղծ խոստումով յաջողեցան մանուկին այս կամ այն գործը կատարել տալ. նման պարագաներ մանուկին մօտ վստահութեան պակաս կը ստեղծեն։ Միւս կողմէ, մանուկը կ՚առաջնորդեն «ստախօսութեան»՝ սորվեցնելով, որ տրուած խոստումները միշտ չէ, որ պէտք է պահել ու կատարել: Օրինակ մը տեսնենք, ծնողք մը կ՚ըսէ. «Եթէ դասերդ լաւ ընես, ուզած հեծանիւդ պիտի առնենք»։ Եթէ մանուկը դասերը լաւ ընէ եւ այդ իր ուզած հեծանիւը՝ այլ խօսքով ծնողքին խոստումը իրականութիւն չդառնայ, անգամ մը եւս դժուար է ակնկալել, որ մանուկը դասերը սիրելով եւ ուրախութեամբ ընէ, որովհետեւ անոր ետին կայ իրեն յատուկ հիասթափութիւն մը՝ չիրականացած խոստումներու տեսքով: Մանուկը կը սկսի իր միտքին մէջ հետեւեալ ձեւով առաջնորդուիլ. սորվիմ թէ ոչ՝ արդիւնքը նոյնը պիտի ըլլայ. սորվիմ ալ հեծանիւը իրականութիւն չի դառնար, չսորվիմ ալ եւ որպէս բողոք, որպէս ըմբոստութիւն չսորվիլը աւելի գրաւիչ կը սկսի թուիլ՝ քան սորվիլը:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ազգիս ու հայրենիքիս հանդէպ իմ պարտքս ու պարտականութիւնս կատարելու համար պէտք չունի՜մ սպասելու որ ազգս ինծի դիմէ, կամ հայրենի հողը ոտքերուս տակ ըլլայ։ Ազգը իմ մէջս, իմ կողքիս եւ իմ շուրջս է. հայրենիքը՝ նոյնպէս։ Ազգիս ու հայրենիքիս իսկական մարմնաւորումն են հարազատ եկեղեցիս՝ «Հայաստանեայց» եւ «Առաքելական» կոչումներով բնորոշուած, հարազատ դպրոցս՝ իր անփոխարինելի ազգային շունչով ու դրոշմով, եւ իմ շուրջս գտնուող հարազատ ժողովուրդս՝ իտէալներու, աւանդութիւններու եւ կենցաղի նոյն հայրենական ժառանգութեամբը յատկանշուող:

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026