ՉԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ

Այլեւ ո՛չ պետական գործիչները ամօթ կը զգան եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը իր թմբիրէն դուրս գալ կ՚ուզէ։ Նախընտրական շրջան է եւ, ահաւասիկ, դարձեալ հազար ու մէջ իրականութիւն չդառնալու դատապարտուած խոստումներ ու յոյսեր կը տրուին։ Աւելի քան երեսուն եւ հինգ տարիներ խոստացուած ու չկատարուած խոստումները դարձեալ հրապարակ դուրս կու գան։ Ամբողջ կեանք մը ինքզինք ժողովուրդէն վեր կարծող պատգամաւորներ, նախարարներ մէկէն ի մէկ խոնարհելով «հասարակ» մարդու մը կերպարին մէջ կ՚ուզեն յայտնուիլ: Խորամանկ աղուէսներու պէս բոլորը գիտեն, թէ ինչի կարիք ունի ժողովուրդը եւ իրենց առօրեայ աշխատանքի ընթացքին այդ կարիքները հոգալու փոխարէն կը սպասեն ընտրութիւններուն, որպէսզի յաջողին այդ կարիքները շահագործել եւ իրենց արդէն իսկ պարտաւորուած գործունէութիւնը ծախել որպէս «ծառայութիւն»: 

Եթէ այսօր պետութիւն մը ճանապարհաշինութեամբ, դպրոցներու կառուցումով եւ այլ մանրուքներով կը հպարտանայ, ապա մեղաւորը ժողովուրդն է, որովհետեւ այդ բոլորը ո՛չ թէ իրենց կողմէ մատուցուած ծառայութիւն է, այլ պարտաւորութիւն է՝ որ կը կատարուի նոյնինքն ժողովուրդի տուած հարկերով։ Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները հպարտութեան առարկայ կը դարձնեն դպրոցներու նորոգութիւնները։ Այո, կարեւոր աշխատանք է, որովհետեւ Երեւանէն դուրս գտնուող դպրոցները, հիւանդանոցները ցաւալի պատկեր մը կը պարզեն, սակայն, այդ մէկը նուազագոյն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է պետութեան։ Հայաստանի Ազգային Սահմանադրութեան 38-րդ կէտին մէջ կը կարդանք. «Պետութիւնը կը նպաստէ բարձրագոյն եւ մասնագիտական կրթութեան զարգացման եւ օրէնքով կ՚ապահովէ կրթութեան հասանելիութիւնը»։ Աւելի՛ն, Հանրակրթութեան մասին գրուած օրէնքի 35-րդ կէտը կ՚ըսէ. «Պետական ուսումնական հաստատութիւններու նիւթապէս աջակցութիւնը կ՚իրականանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական նիւթական աղբիւրներու միջոցով»։ Այլ խօսքով՝ թէ՛ ճանապարհաշինութիւնը, թէ՛ դպրոցներու նորոգութիւնները ո՛չ թէ քաղաքական ուժի մը կողմէ ժողովուրդին նուիրուած սպասաւորութիւն է, այլ պարտականութիւն՝ որուն համար կանչուած են պաշտօնի: 

Հայ ժողովուրդը արդէն իսկ պատմութեան ընթացքին կշտացած է խոստումներէն. չկատարուած խոստումներուն վրայ նորերը աւելցնելը իմաստ չունի։ Խոստումներէն աւելի գործն է կարեւորը եւ այդ գործի ամենէն հիմնական սիւնը սեփական կեանքի օրինակն է։ Պետական գործիչներ կը փորձեն հասարակ ժողովուրդի կեանքը վարդագոյն ձեւով ներկայացնել, սակայն, իրենք եւս գիտեն, որ իրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է։ Եթէ աղքատութեան մէջ ապրող ժողովուրդի մը մէջ պետական գործիչները կը հարստանան՝ այդ պետութիւնը կործանած է, որովհետեւ պետական գործիչները ժողովուրդի կողմէ կանչուած են սեփական ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու եւ ո՛չ անձնականը։ Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք, թէ պետական այս կամ այն գործիչը, կինը, զաւակները այս կամ այն տունի սեփականատէրը դարձած են. այս կամ այն երկիրը մեկնած՝ կը հանգստանան: Կարեւորագոյն հարցումը հետեւեալն է. հասարակ ժողովուրդը նոյնը հանգստութեամբ կ՚ընէ՞… եթէ ոչ՝ ապա ինչո՞ւ. հարստանալու եւ հանգստանալու փոխարէն պէտք է այդ «ինչո՞ւ»ներուն լուծումը գտնեն եւ այդ մէկը խոստումներ տալով չի կատարուիր:

Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը 2018 թուականէն այս կողմ ունի բազմաթի՜ւ չկատարած խոստումներ, որոնք բարեբախտաբար թէ՛ մամուլներու մէջ յիշատակուած եւ թէ ձայնագրուած, նկարահանուած են։ Այդ չկատարուած խոստումներուն վրայ նորերը աւելցնելը ի՞նչ իմաստ ունի։ Անդին ժողովուրդը չիրականացած այդ խոստումները տեսնելով չի՞ տրամաբաներ հարց տալ, թէ ո՞ւր են նախկին խոստումները՝ որոնք մինչեւ օրս չեն կատարուած: 

Տարիներ շարունակ այս հարցին պատասխանը մնացած է հանելուկ։ Այսօր քաղաքական գործիչ մը բեմ բարձրանալով կը խոստանայ պաշտօնի գալու պարագային այս կամ այն լաւ գործը կատարել, ի նպաստ ժողովուրդին. հիմա հարցումը. «Եթէ այդ քաղաքական գործիչը իրապէս կարողութիւնը ունի այդ խոստումը կատարելու եւ իր նպատակը պարզապէս ազգին, ժողովուրդին օգնելն է, ինչո՞ւ համար այդ մէկը չի կատարեր ու կը սպասէ պաշտօնի գլուխ յայտնուելուն»։ Առեւտուրի մէջ ալ այդպէս չէ՞. մարդ բան մը կու տայ՝ բան մը առնելու նպատակով։ Ազգասիրութիւնը պայմաններ չի ճանչնար. եթէ իրապէս կարող ես ազգիդ համար այս կամ այն բարիքը կատարել՝ ապա սպասելու պարտաւորութիւնը չունիս։ Պաշտօնի վրայ գտնուած ժամանակ այս կամ այն բանը ընելը ժողովուրդին բարիք մը չէ, այլ սեփական աթոռը պահելու եւ ամրացնելու ձեւ մըն է պարզապէս։ Կը հաւատանք, որ ժողովուրդը լաւապէս գնահատել գիտէ ո՛չ թէ խօսքերը՝ այլ գործերը, անշուշտ, այդ գործերը ճանապարհաշինութիւն կամ սովորական պարտաւորութիւններ չեն. այդ բոլորը նուազագոյնն է, որ պետութիւն մը պարտի ընել: 

Այս բոլորին լոյսին տակ, Հայաստանի մէջ տարածուած է նախկին-ներկայ պատերազմը։ Քաղաքականութենէ հեռու ըլլալով կը հաւատանք, որ թէ՛ նախկինները եւ թէ ներկաները շահագործեցին հայ ժողովուրդը՝ իրենց սեփական հարստութիւնը կառուցելու եւ «թագաւորութիւն»ը հիմնելու համար։ ժողովուրդը մնաց աղքատ, բանակը մնաց աղքատ, սակայն, անոնց տուներն ու ընտանիքները հարստացան եւ մեր ժողովուրդն ալ իր վիճակը լալու փոխարէն վազեց անոնց երեւէն, ծափահարեց, գնահատեց եւ օր օրի առանց զգալու նահանջեց: Հիմա ժամանակն է նոր ու վերացական խոստումներ լսելու, որովհետեւ բոլորը արդէն համոզուած են, որ գործը կարեւոր չէ՝ որովհետեւ տրուած խոստումներու իրականութիւնը հարցաքննող ու պահանջող չկայ. առ այդ խոստում տալը ձրի է. տուէ՛ք ինչքան որ կրնաք:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայրենիքին լաւ կը ծառայէ այն գրագէտը, որ ապրող երկ մը կը թողու ետին, այդ երկը իր ազգակիցներուն համար նպաստաւոր ըլլայ, թէ աննպաստ:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026