ՃԱԲՈՆՑԻ ԳՐՈՂԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ (Դ.)

Մարդը դէպի ինքնասպանութիւն առաջնորդող ամենէն դաժան զգացումներէն մին մինակութիւնն է, որ ո՛չ միայն ինքնասպան եղողին, այլ համայն մարդկութեան համար մեծագոյն ցաւի պատճառ մըն է։ Հայ արձակագիր Զարեհ Որբունի մինակութիւնը կը նմանեցնէ մահուան. անոր «Անձրեւոտ օրեր» աշխատութեան «Տիկին Բեբրոնէի դեղձանիկները» խորագրեալ գրութեան մէջ իր հերոսին մինակութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով.

«Այսպէս անցաւ ամբողջ օրը։ Մինակութիւնը ահաւոր եղաւ։ Ա՜հ, եթէ կարենար օր մը սիրաբանիլ գոնէ աթոռի մը հետ, դգալի մը կամ սեղանի մը հետ։ Տալ անոնց քչիկ մը իր հոգիէն։ Իրիկունը, խանութը գոցելուն պէս, գնաց նետուեցաւ անկողնին վրայ առանց հանուելու, առանց գոցելու պատուհանը, ուր մնացած էր բաց դուռով վանդակը։ Առանց վերմակը վրան քաշելու երկնցած մնաց անկողնին վրայ, կէս մեռելի պէս»: 

Կրնանք ըսել, որ մինակութիւնը համամարդկային պատմութեան առաջին նեղութիւնն է. Ծննդոց գիրքին արդէն իսկ երկրորդ գլխուն մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած տեսաւ որ Ադամ մինակ է եւ այդ մինակութիւնը ինքնին արդէն Ադամը նեղուած վիճակի մը մէջ կը պահէր եւ այդ մինակութեան զգացումին ի տես է որ Աստուած որոշեց կողակից մը տալ Ադամի՝ ըսելով.- «լաւ չէ՛ որ մարդ մինակ մնայ»: 

Մեկուսանալը մարդուն մօտ չգնահատուած ըլլալու զգացում կը յառաջացնէ. մինակութեան մէջ մարդիկ անտեսուած կը զգան. մինակութիւնը կրնայ առաջնորդել մարդը աւելիով կեանքին իմաստը փնտռելու, ինչ որ նեղութիւն, հոգեբանական ճնշում եւ զգացական տառապանք կը յառաջացնէ, ինչ որ ինքնաբերաբար ինքնասպանութեան միտքի մը ծնունդ կրնայ տալ, որովհետեւ կեանքը օրէ օր աւելի անիմաստ կը սկսի թուիլ: 

Մինակութիւնը մարդուն մէջ կ՚արթնցնէ հիմնական մի քանի զգացողութիւն.

Ա.- Վախ եւ անհանգստութիւն.- Մինակութիւնը մարդուն մօտ կը յառաջացնէ անզօրութեան եւ պաշտպանուած չըլլալու զգացողութիւն, մարդուն տալով այն դաժան մտածումը, որ ինք ընկերութեան կողմէ լքուած, չգնահատուած ու անտեսուած է:

Մինակութիւնը մարդը հիւանդ կը դարձնէ. գուցէ այդ մտածումով է, որ գերմանացի յայտնի փիլիսոփայ Նիչցէ կ՚ըսէ. «Ով կը սիրէ մինակութիւնը կա՛մ գազան է կամ Աստուած»: 

Բ.- Յոգնութիւն.- Հոգեբանութիւնը կու գայ ըսել, որ մինակութեան մէջ մարդու միտքն ու ուղեղը աւելիով կ՚աշխատին ու յոգնութիւն կը պատճառեն: Առօրեայ ժխորին մէջ մարդու միտքը գրեթէ լուռ կը մնայ, սակայն, մինակութեան մէջ իր ձայնը աւելիով լսելի կը դարձնէ: Այդ մինակութեան ընթացքին մարդու միտքին մէջ ամենէն փոքր մէկ մտահոգութիւնը անգամ կրնայ մեծ ու բարդ վիճակ մը ստանալ. մենութեան մէջ միտքը կը վերածուի անվերջ շղթայի մը եւ մէկ վատ միտքին կը յաջորդէ յաջորդը՝ քանդելու մարդու հոգեբանութիւնն ու տրամադրութիւնը: Մինակութեան մէջ մարդիկ կը սկսին վերլուծել անցեալը եւ հին վէրքեր դարձեալ երեւան դուրս կու գան եւ այս ամէնը յոգնութեան կողքին պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդ մոռնայ իր սեփական արժէքը: 

Գ.- Ինքնագնահատականի անկում.- Երբ մարդ մինակ ըլլայ, կը սկսի կասկածի տակ դնել իր սեփական արժէքը. անոր միտքին մէջ որոշ «ինչո՞ւ»ներ ի յայտ կու գան եւ այդ «ինչո՞ւ»ները կը քանդեն մարդուն ներքին ինքնավստահութիւնը: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ինքնագնահատականը մէկ անգամէն չի կործանիր։ Ժամանակի ընթացքին քիչ-քիչ կը կատարուի այդ բոլորը եւ գուցէ այդ է, որ ինքնասպան գրողի մօտ ձգած է այն տպաւորութիւնը, որ ո՛չ ոք մինակ մնացած է այնքան՝ ինչքան ինք: Պէտք է նկատի ունենալ, որ ֆիզիքական մինակութիւնը ժամանակ մը ետք մարդուն մօտ կը յառաջացնէ նաեւ հոգեկան մինակութիւն մը, որ շատ աւելի վտանգաւոր է քան ֆիզիքականը:

Մինակութեան մեծագոյն աղէտը այն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ «ես մէկու մը համար պէտք չեմ»ի գաղափարը եւ ինք քիչ առ քիչ այդ գաղափարին համոզուելով իրապէս կը հեռանայ մարդկութենէն: 

Այս յօդուածով կ՚ուզենք վերջ տալ մեր այս յօդուածաշարքին, համոզուած ըլլալով հետեւեալ գաղափարին. ամէ՛ն մարդու կեանքի պատմութիւնը տարբեր է եւ ամէ՛ն մարդ իրենց տրուած ցաւը անփոխարինելի կը նկատէ, որովհետեւ մարդ արարած պահն է, որ կ՚ապրի եւ այդ պահուն համար տրուած իւրաքանչիւր նեղութիւն ամենէն ծանրը եւ դժուարը կը թուի ըլլալ: 

Այս բոլորէն ազատելու լուծումը մէկ է. պէտք է ամէն մարդ նկատի ունենայ, որ այս պահուս աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք կը դիմագրաւեն շատ աւելի դժուարութիւններ՝ քան իրենք: Այս մտածումներէն ազատելու միակ միջոցը գերեզմաններն են. այսօր այդտեղ յաւիտեան ննջած են մարդիկ՝ որոնք ունեցած են մեզմէ շա՜տ աւելի նեղութիւններ, սակայն, այսօր այդ նեղութիւնները ոչնչացած են: Հետեւաբար, մարդկային ամէն նեղութիւն տեղ մը ժամանակաւոր է. ժամանակաւորին համար ժամանակաւոր կեանքին ժամանակէն առաջ վերջ տալ իմաստութիւն մը չէ. երանելի է ան՝ որ յաւիտենականը եւ ժամանակաւորը կրնայ իրարմէ տարբերել: 

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հոգեպէս մինակութեան դարմանը ի՞նչ է:

Պապատասխան. Հոգեպէս մինակութեան առաջին դարմանը ինքնաճանաչողութիւնն ու ինքնագնահատականն է: Մարդ պէտք է սկսի հասկնալ իր արժէքը՝ անկախ տարիքէն ու շրջապատէն: Կարեւոր է ստեղծել առողջ կապեր եւ այդ կապին համար կարեւոր է որակը եւ ո՛չ թէ քանակը: Դարմանը շատ անգամ հոգեբանին հետ զրուցել է, ստեղծագործական աշխատանքով զբաղիլն է. ինչպէս օրինակ՝ գրել, երգել եւ այլն: Պէտք է լռութիւնը լեցնել, որպէսզի մինակութիւնը բաւարարութիւն զգայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025