ՍՈՒՏ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
«Սուտը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ, խաբելու դիտաւորութեամբ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Բայց, հարցը սա է, որ արդեօք ճշմարտութիւն մը պակաս ըսելն ալ սո՞ւտ խօսիլ է, թէ ո՛չ։ Որովհետեւ, ստախօսներ իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն ընդհանրապէս. «սուտ չենք խօսիր՝ միայն ճշմարտութիւնը ամբողջովին չենք խօսիր…»։
Սուտը ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի՛ թշնամանքն է։ Արդարեւ, ճշմարտութիւնը խոտորել, խօսքին ընթացքէն շեղիլ եւ հեռանալ, ծռիլ կամ պակաս խօսիլ, ճշմարտութիւնը չխօսիլ կը նշանակէ, ինչ որ «ստախօսութիւն» կը նշանակէ։ Ստելը՝ ճշմարտութեան դէմ խօսիլ կամ գործել է, մարդս սխալի տանելու նպատակով։ Խօսակցութեան ընթացքին կարգ մը բաներ գաղտնի պահել, ծածկել՝ թէեւ «սուտ» խօսիլ չնկատուի, բայց կրնայ մարդս սխալի տանիլ։ Այս իմաստով՝ ճշմարտութիւնը պէտք է խօսիլ՝ յստակ եւ բացայայտ կերպով։
Ճշմարտախօսութիւնը կարելի է խտացնել Յիսուսի սա խօսքին մէջ. «Այոն՝ այո՛, ոչը՝ ո՛չ»։ Արդարեւ, Տէրը սուտին մէջ կը մատնանշէ «չար» սատանայական գործ մը. «Դուք ձեր հօրմէն՝ սատանայէն էք (…), անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ, ան երբ սուտ խօսի, իր խորքէն կը խօսի, որովհետեւ ստախօս է եւ հայր ստախօսութեան». (ՅՈՎՀ. Ը 44)։
Ճշմարտութեան եւ մերձաւորին հետ մարդուն յարաբերութիւնը վիրաւորելով՝ սուտը մարդուն եւ անոր խօսքին Տիրոջ հետ ունեցած հիմնաւոր յարաբերութեան դէմ կը մեղանչէ։
Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքի ախտը՝ որ սուտի վրայ կը կայանան, քանի որ չարը միշտ կը սխալեցնէ մարդը։ Նաեւ, մերժելի՛ է ամէն խօսք կամ կեցուածք, որ շողոքորթութեամբ, շողոմութեամբ կամ կամահաճութեամբ ուրիշը իր գործերուն գէշութեան եւ իր ընթացքին ապականութեան մէջ կը քաջալերէ եւ կը հաստատէ։
Սուտին ծանրութիւնը կը կշռուի անոր աղաւաղած՝ խաթարած եւ չարափոխած ճշմարտութեան բնոյթին համեմատ, զայն խօսողին պարագաներուն եւ դիտաւորութիւններուն համեմատ, անոր զոհերուն կրած վնասներուն համեմատ։ Եթէ իսկ սուտը, յինքեան «ներելի մեղք» մըն է, ան կը դառնայ սակայն «մահացու», երբ ծանրօրէն կը վիրաւորէ արդարութեան եւ եղբայրասիրութեան առաքինութիւնները։ Սակայն, սուտը «մահացու մեղք» է նաեւ, երբ հասարակաց բարիքին եւ օգտին հակառակ հետեւանքներ կը ստեղծէ, քանի որ ամբողջ հաւաքականութեան մը վնասուելուն պատճառ կը դառնայ։
Իր բնութեամբ իսկ սուտը դատապարտելի՛ է։ Ան սրբապղծութիւն մըն է խօսքին, որ եղած է ճանչցուած ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու։ Ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով մերձաւորը սխալին տանելու դիտումնաւոր առաջադրանքը, կը գոյացնէ թերացում մը արդարութեան եւ մարդասիրութեան դէմ։ Յանցաւորութիւնը աւելի՛ ծանր է, երբ խաբելու դիտաւորութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենայ անոնց համար՝ որոնք շեղեցուած են ճշմարիտէն։
Խոստովանանքի սուրբ խորհուրդին գաղտնիքը նուիրական է եւ չի կրնար յայտնուիլ ո՛չ մէկ պատրուակով։ Արդարեւ, սուրբ խորհուրդին գաղտնիքը անբռնաբարելի է, ասոր համար բացարձակօրէն արգիլուած է խոստովանահօր՝ ապաշխարողի որեւէ գաղտնիքը յայտնել խօսքերով կամ այլ եղանակով, եւ որեւիցէ պատճառի համար։ Բայց, այս հարցը կրնայ օրինական կարգ մը անհասկացողութիւններու պատճառ ըլլալ. զոր օրինակ, եթէ այդ գաղտնապահութիւնը ընկերային աւելի ծանր յանցանքներու եւ վնասներու պատճառ պիտի ըլլայ, այլապէս կարելի՞ պիտի ըլլայ արդարացնել զայն։
Արդարեւ, «պաշտօնի գաղտնիք»ները՝ բժիշկներ, քաղաքական մարդիկ, զինուորականներ, իրաւագէտներ, կամ գաղտնիքի կնիքի տակ ըսուած մտերմական խօսքեր, պէտք է գաղտնի պահուին, բացի բացառիկ պարագաներէն, երբ գաղտնիքին պահպանումը՝ զայն հաղորդողին կամ զայն ընդունողին եւ կամ երրորդ անձի մը պիտի պատճառէ շատ ծանր վնասներ, որոնցմէ կարելի է խուսափիլ միայն ճշմարտութեան հրապարակումով։ Ուստի, պէ՛տք է մարդ կշռուած վերապահութեամբ մօտենայ գաղտնապահութեան հարցին առանց խոտորելու եւ առանց շեղելու ճշմարտութեան սկզբունքէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 8, 2025, Իսթանպուլ