ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Եթէ անձ մը կայ, որ չի գիտեր, թէ վերը երկինքի մէջ Ամենագէտն եւ Ամենակարողն Աստուած կայ՝ որ ամէն բան ստեղծեց եւ կը ղեկավարէ, կը խնամէ եւ ծանօթ չէ, տեղեակ չէ անոր մասին, Եսայի մարգարէն ասպարէզ կը կարդայ եւ կ՚ըսէ. «Երկինքը ստեղծող եւ զանիկա կազմող, երկիրը եւ անոր մէջ բուսածը տարածող, անոր վրայ եղող ժողովուրդին շունչ՝ եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող…». (ԵՍ. ԽԲ 5)։ Նաեւ. «Երկիրը ես շինեցի, եւ անոր վրայ մարդը ստեղծեցի, երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի». (ԵՍ. ԽԵ 12)։

Միակ ճշմարիտ Աստուածը անսահմա՛ն է։

Ուրիշ ոեւէ «աստուած» սխալ եւ սուտ աստուած է։ «Եթէ երկինք ելլեմ, Դուն հո՛ն ես, եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա Դուն հո՛ն ես». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 8)։ Նաեւ. «…միթէ երկինքը եւ երկիրը լեցնողը ես չե՞մ, կ՚ըսէ Տէրը». (ԵՐԵՄ. ԻԳ 24)։ Ուստի, Աստուած ամէնուրեք է եւ միեւնոյն ժամանակ կրնայ ամէն տեղ ըլլալ եւ միեւնոյն ժամանակ կրնայ բոլորին աղօթքները լսել։

Սկիզբէն կար, եւ կայ, պիտի ըլլայ միայն Մէկ Աստուած. «…Որպէսզի գիտնաք եւ ինծի հաւատաք եւ հասկնաք որ ԵՍ ԵՄ, ինծմէ առաջ չեղաւ, եւ ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։ Տէրը Ես եմ, Ե՛ս եմ եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկա՛յ». (ԵՍ. ԽԳ 10-11)։ Եւ «…Ես եմ առաջինը եւ Ես եմ վերջինը եւ ինծմէ ուրիշ Աստուած չկա՛յ». (ԵՍ. ԽԴ 6)։ Այս խօսքերը Աստուծոյ բերնէն ելած խօսքեր են։

Յիսուս, միակ ծնած՝ Աստուծոյ Որդին է. (ՅՈՎՀ. Ա 1-14)։ Մարիամ իրապէս կոյս մըն էր Յովսէփի նշանուած եւ Յիսուս ծնաւ Սուրբ Հոգիէն յղացուած. «Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով էր. Անոր մայրը Մարիամ, Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ». (ՄԱՏԹ. Ա 18-23)։ «Եւ հրեշտակը պատասխան տալով ըսաւ անոր.- Հոգին Սուրբ պիտի գայ քեզի, եւ Բարձրելոյն զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ, ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի ըսուի». (ՂՈՒԿ. Ա 35)։

Յիսուս եւ իր աշակերտները պարզապէս հրաւիրեալներն էին Կանայի հարսանիքին. (ՅՈՎՀ. Բ 1-12) համարներուն մէջ յստակօրէն գրուած է Յիսուսի կատարած հրաշքը եւ սեղանապետին՝ փեսային երթալով յանդիմանելը, թէ՝ ինչո՞ւ լաւ գինին վերջաւորութեան թողուած էր։

Աստուած՝ Աստուած է անսկիզբ՝ «ի յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս». Ա՛ն ստեղծեց մարդը։ Ա՛ն է անսկիզբ եւ անվախճան. Արարիչը տիեզերքին եւ մարդուն։ «Լեռներուն ծնանելէն առաջ եւ երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած». (ՍԱՂՄ. Ղ 2), (ՍԱՂՄ. ՃԲ 25-27), (ՀՌՈՎՄ. Ա 22-23)։ Աստուած ամէն բարեմասնութեան բացարձակը՝ իմաստուն Սէ՛ր է եւ այս իմաստով՝ «Անձ» է։

Կարելի չէ «աստուածութիւն» մակարդակին հասնիլ որեւէ էակի եւ արարածի համար, քանի որ միակ Արարիչը՝ Աստուած է, եւ բոլոր միւսները արարած՝ Աստուծոյ ստեղծած։ Սատանան՝ Չարը ստեղծուած հրեշտակ մըն էր եւ ո՛չ Աստուծոյ ստեղծած արարած։ «Ով առտուն ծագող Արուսեակ, ինչպէ՜ս երկինքէն ինկար եւ մինչեւ գետինը կործենա՛ցար, դուն որ ազգերը նկուն կ՚ընէիր։ Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր.- Երկինք պիտի ելլեմ եւ իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բանկիմ։ Եւ ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ։ Բայց ահա դժոխքը կ՚իջնես, գուբին խորունկ տեղերը…». (ԵՍԱՅԻ, ԺԴ 12-15)

Այս համարները ցոյց կու տան, թէ «Չար»ը Աստուած չէ՛ ստեղծած, այլ ան վատասերումը՝ խաթարումն է «բարի»ին։ Եւ մարդուս «ազատ կամք»ը երկու ճամբայ կը բանայ՝ բարիի ճամբան եւ չարի ճամբան եւ մարդ իր ազատ կամքով կը նախընտրէ մին այդ ճամբաներէն՝ բացարձակապէս պատասխանատու ըլլալով իր ընտրութենէն։

Արդարեւ, Յիսուս անձամբ ըսաւ, թէ մենք պիտի դատուինք Իր Խօսքովը. «Ան որ զիս կ՚անարգէ եւ իմ խօսքերս չ՚ընդունիր, կա՛յ մէկը որ զանիկա կը դատէ. այն խօսքը զոր ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 48)։

Տէրը թող հրաշքներ կատարէ մեր բոլորին կեանքին մէջ՝ որպէսզի ուղիղ ճամբան ընտրենք, բարիին ճամբան, որ մեզ պիտի առաջնորդէ Բարիին՝ Աստուծոյ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 8, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025