ՄԵՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ
Անտարակոյս, բոլորս գիտենք բոլոր տարեցներու վերջին հանգրուանը կամ յաճախ՝ կեանքէն վաղաբաժան անբախտ ճակատագրուած երիտասարդներուն: Խօսքը սակայն կը վերաբերի տարեցներու օգնութեան կարիքաւոր տարիներէն սկսեալ մինչեւ անոնց յաւէտ բաժանման ժամանակաշրջանը այս աշխարհէն:
Շատ հաւանաբար զգայուն նիւթ մըն է մեր շօշափածը, եւ կրնանք վրդովեցնել մեր երիտասարդ սերունդի անդամները, որոնք կրնան առարկել զանազան պատճառներով եւ որոնք ըստ հայեցողութեան արդարացի կրնան ըլլալ, ոչ սակայն բազմադարեայ հայկական սովորութիւններուն համատեղ: Առանձնացնելով այս հարցը այլ հայկական համայնքներէ, կը փափաքինք խոր հայեացք մը նետել մեր անմիջական շրջապատին վրայ, մխրճուիլ մեր ներքինին մէջ, թերեւս այնտեղ թաքնուած խիղճ ըսուած էակը արթնցնելու համար, եւ հակակշռի տակ դնել մեր արարմունքները հանդէպ մեր տարեցներուն: Կը յիշէ՞ք սիրելիներ, երբ մեր հայրերն ու մայրերը եղան մեր առաջին քայլերուն առաջնորդներն ու ուսուցողները, երբ տակաւին «շորիկներու» մէջ կը խարխափէինք: Կը յիշէ՞ք, երբ անոնք գիշեր-ցերեկ մեր օրօրոցին քով արթուն կը հսկէին, երբ մենք «պզտիկ տաքութիւն» մը կ՚ունենայինք, մինչեւ մեր առողջանալն ու «լեզու ելլելը»: Իսկ անկէ ետք... մեր տեղատարափ հարցումներու պատասխաններու գոհացումը, մինչեւ մեր... «փիլիսոփայ կտրիլը» եւ յետոյ, որպէս պատասխան ստանալ՝ «դուն չես հասկնար»ը: Շատ են ու բազմաթիւ մեր ծնողներուն զոհողութիւնները մեզի հանդէպ, խոստովանինք: Իսկ, ինչ կը կարծէք թէ՛ մեր տարեցները, կամ աշխարհի տարեցները, յաւիտեա՞ն պիտի մնային այդ կարողութեան եւ դիրքին վրայ: Մարդ արարածին կեանքը կը նմանի լեռնագնացի մը պատմութեան, որուն ճանապարհը կը սկսկի եւ կ՚աւարտի նոյն սկիզբ առած ստորոտին:
Այսօր ունինք հայկական ծերանոցներ եւ անկելանոցներ Լոս Անճելըսի մէջ՝ «Արարատ» տարեցներու տունը իր ծերանոցով եւ անկելանոցով, որ ունի նաեւ երկրորդ փոքր բաժանմունք մը Լոս Անճելըսի արեւելեան շրջանին մէջ: «Արարատ» հաստատութիւնը անշուք եւ անխոնջ հաւատարմօրէն կը ծառայէ հայ համայնքին առանց բացասական առարկութեան կամ դոյզն իսկ քննադատութեան, անհատնում գնահատանքով, պատսպարելով մեր ժողովուրդի տարեցները անսահման հոգատարութեամբ: Ունինք նաեւ այլ հայկական հաստատութիւն մը Ֆրեզնոյի մէջ, ուր դժբախտաբար իր նախկին հմայքը կոր-սընցուցած ըլլալով, այսօր կը մնայ հայեցի մասնակի ծառայութիւններով ներկայանալու այնտեղի հայ համայնքին: Պատճառը եթէ հայ տարեցներու որդիական եւ ծնողական հոգատարութիւնը ըլլայ, հաւանաբար մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէր մեզի, սակայն դժբախտաբար պարագան այդ չէ, եւ շատ մը ֆրեզնոցի հայ տարեցներ զուրկ կը մնան այդ հոգատարութենէն: Պարագաները՝ որոնք զարկ տուած են այս կացութեան, յստակ չեն մեզի համար, բայց ուշադրութեան արժանի անկասկած:
Ըստ վերջին տուեալներուն, այնպէս կ՚երեւի, թէ մեր տարեց սերունդը արագընթաց կ՚աճի եւ անոնց յարմարութիւններուն համար գոյութիւն ունեցող հաստատութիւնները բաւարար չեն զանոնք ընկալելու համար, պատճառ դառնալով ապաստարանի սպասման երկար հերթերու, որուն վերջաւորութիւնը թերեւս արդէն ուշ կրնայ ըլլալ:
Այս նիւթով ոեւէ անձ, հաստատութիւն կամ կազմակերպութիւն քննադատութեան չենք հրաւիրեր, բայց եւ այնպէս, մեր հայ տարեցներու կեանքի վերջին հանգրուանները կը փափաքինք հանգստաւէտ եւ հասանելի դարձնել բոլորին:
Լոս Անճելըսի մէջ բաղդատաբար առողջ տարեցներու համար ստեղծուած ժամանակաւոր ընկալման վայրերը, որոնք օրական դրութեամբ հոգատարութիւն կը հայթայթեն տարեցներուն, ունին իրենց դրական արդիւնքը, հակառակ կարգ մը քննադատութիւններու: Այս «մանկապարտէզները» (բառին իսկական առումով), ընկերային մթնոլորտ կը ստեղծեն մեր տարեցներուն համար, որոնք անոր անհրաժեշտ կարիքը ունին իրենց յառաջացած տարիքին, երբ կը զրկուին անոնցմէ իրենց բնակարաններուն մէջ, զանազան պատճառներով՝ արդարացի կամ ոչ:
Եւ սակայն՝ անբաւարար են այն հաստատութիւնները (անկելանոցները), որոնք բժշկական եւ առողջապահական օգնութիւն կը հայթայթեն տարեցներուն, անպաշտպան թողլով զիրենք:
Երկրորդ «Արարատ Հոմ»ի մը կարիքը չկա՞յ արդեօք, ի՞նչ կը կարծէք:
Խմբագրական «Նոր Օր»ի
Լոս Անճելըս