Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան շաբաթավերջին երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն դէպքը տեղի ունեցած է, երբ թեմակալ առաջնորդը կ՚երթեւեկէր՝ «Ս. Վարդան» ամառնային ճամբարը այցելութիւն մը տալու։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թէեւ հայր սուրբի կեանքին վտանգ չի սպառնար, սակայն ան վիրաւորուած է լրջօրէն եւ իր դարմանումը կը շարունակուի Էլպընիի բժշկական կեդրոնէն ներս։ Իր առողջական վիճակը կայուն է։

Ըստ թեմի աղբիւրներուն, պատահածի մասին անմիջապէս տեղեակ պահուած են Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան՝ մինչ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը երէկուան Ս. Պատարագի ժամանակ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցած է հայր սուրբի շուտափոյթ եւ կատարեալ ապաքինման համար։

Այս առթիւ մենք եւս կը զօրակցինք Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին, որուն կը մաղթենք կատարեալ առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022