ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԵԱՆՔԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական հետաքրքրական գործը։ Նոր գիրքը կը կոչուի «Patrik Avedik'in Gizemli Yaşamı, İstanbul Patrikliğinden Bastille Zindanlarına»։ Հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Պատրիարքական Աթոռի եւդոկիացի գահակալի կեանքի ոդիսականը խոշորացոյցի տակ առնուած է այս գիրքին մէջ։

Աւետիք Պատրիարքին վերաբերեալ այս գիրքը լոյս կը սփռէ 18-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան տարածքի միսիոնարական գործունէութիւններուն եւ հայոց կեանքէն ներս այդ շրջանին յառաջացած կրօնական ու քաղաքական վէճերուն վրայ։ Գործը պատրաստելու ժամանակ Սիրվարդ Մալխասեան աշխատանք տարած է հայերէն բազմաթիւ աղբիւրներու, Օսմանեան արխիւներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի փաստաթուղթերուն վրայ, հաշուի առնելով նաեւ հեղինակաւոր պատմաբաններու կամ հետազօտողներու զանազան լեզուներով խորհրդածութիւնները։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է Օնուր Քոչեիղիթի կողմէ, սրբագրութիւնները կատարած է Ռոպէր Քոփթաշ։ Հետաքրքիրներ վստահաբար անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Աւետիք Պատրիարքի առեղծուածային կեանքին վերաբերեալ այս գործը, որ խոշորացոյցի տակ կը բերէ անոր թէ՛ գահակալութիւնը եւ թէ Պասթիյի բանտին մէջ յայտնուիլը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2023