ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Համաճարակին պարտադրած արտակարգ դրութիւնը վատ անդրադարձներ ունեցաւ արուեստի աշխարհին վրայ: Փակուեցան համերգասրահները, թատրոնները, չեղարկուեցան բոլոր հիւրախաղերը, փառատօները եւ նախօրօք մտածուած բոլոր ձեռնարկները: Արուեստի աշխարհը, միւս բնագաւառներուն հետ մտաւ իրեն համար անսովոր դրութեան մը մէջ:
Պոլսահայ ամերիկաբնակ անուանի դաշնակահար, երաժիշտ Շահան Արծրունի, բարեկամներուն առաջարկով, առցանց համերգաշարի մը գաղափարը գործի դրած է, որ բաւական լաւ արձագանգներ ունեցած է երաժշտութիւն սիրող, մանաւանդ Շահան Արծրունին ճանչցող մարդոց շրջանակին մէջ:
Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) միջոցաւ կեանքի կոչուած այդ շարքին երրորդ համերգն արդէն համացանցի վրայ եթեր արձակուած է եւ առաջին երկու համերգներուն հետ կը տարածուի: Համերգաշարը կը կոչուի «Միասնաբար առ Հայաստան» եւ նպատակ կայ առցանց ունկնդրութեան միջոցաւ նաեւ հանգականութիւն կատարել Հայաստանի համար:
Այս համերգաշարին կապակցութեամբ հարցազրոյց մը ունեցանք Շահան Արծրունիին հետ. ան պատմեց նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ այս օրերու իր տրամադրութիւններուն մասին:
-Ինչպէ՞ս յղացաք այս համերգաշարին գաղափարը:
-Մարտէն սկսեալ ձեւով մը բոլորս բանտարկուած էինք եւ խօսակցութեան մը ընթացքին քանի մը բարեկամներ յանձնարարեցին ինծի, որ շաբաթը անգամ մը տասնհինգ-քսան վայրկեանի տեւողութեամբ դաշնակի նուագակցութիւն ունենամ, որպէսզի լսեն, ըմբոշխնեն… Այդ գաղափարը ինծի միտք մը տուաւ, թէ ինչ լաւ կ՚ըլլայ, որ փոխանակ միայն ե՛ս նուագելու, ե՛ս կազմակերպեմ եւ կարգ մը հայ առաջնակարգ երաժիշտներ ալ հրաւիրեմ, որպէսզի մասնակցին: Որոշուեցաւ, որ կէս ժամուան յայտագիր մը ըլլայ, որու ընթացքին նաեւ զանոնք ծանօթացնեմ եւ իւրաքանչիւրը տասնական վայրկեան նուագէ:
Այս գաղափարը ներկայացուցի Հայ օգութեան ֆոնտին, եւ որովհետեւ մասնաւոր կապ մը ունիմ այդ միութեան հետ եւ իրենք կազմակերպչական մեծ փորձ ունին, կապեր ունին, Հայաստանի հետ ալ աշխատանքներ ունին, ուստի ՀՕՖ-ի կազմակերպութեամբ գաղափարը կեանքի կոչուեցաւ:
Ապրիլին տուի գաղափարը, սկսանք կազմակերպել, երաժիշտները քով-քովի բերել, ամէն մէկը իր տունին մէջ ձայնագրեց, ղրկեց միւսին, միւսը իր բաժինը աւելցուց եւ յունիսին առաջին համերգը հեռարձակուցաւ:
-Ձեզի համար նորութի՞ւն էր այս ձեւը:
-Այո, բոլորովին նորութիւն էր: Այդ միասնութիւնը, զուգադէպ ժամանակագրութիւնը դժուար հարց է: «ԶՈՒՄ» ծրագրի պարագային, օրինակ, միասնաբար նոյն ժամուն նուագելը կարելի չէ, կէս երկվայրկեանի տարբերութիւնն իսկ նկատելի է նուագին մէջ, ընդունելի չէ, ուստի զատ-զատ ձայնագրեցինք, իրարու ղրկեցինք, ամէն մարդ մտիկ ըրաւ, իր բաժինը աւելցուց, յետոյ զանոնք միացուցինք եւ այդ ձեւով ժողովուրդին ներկայացուեցաւ: Անշուշտ, կենդանի համերգը, երբ ջութակահարը քովդ կը նուագէ եւ անմիջական մասնակից կ՚ըլլաս անոր զգացումներուն եւ դուն ալ քուկդ կը ներմուծես, տարբեր է. այս ձեւը աւելի բարդ էր, բայց, բարեբախտաբար, մասնագէտներ կան, այդ հարցերը լուծելի են:
Առաջին երաժիշտը, որուն փափաքեցայ ներգրաւել, ջութակահար Անի Գաւաֆեանն էր, որ հանդէս եկաւ «Կռունկ» ստեղծագործութեամբ: Ես ու Անին յաճախ նուագած էինք այս գործը՝ փոխադրուած դաշնամուրի եւ ջութակի համար, գիտէինք ինչպէ՛ս պիտի ընենք. ատով սկսանք, ձայնագրեցինք, յաջող եղաւ, յետոյ ան գործ մըն ալ Պախէն նուագեց:
Առաջին համերգին հրաւիրեցի նաեւ նշանաւոր ուտահար Արա Տինքճեանը, ան ձայնագրելու փորձառութիւն ունի եւ երեք գործով միացաւ առաջին համերգին: Այս առաջին համերգին նոյնպէս հրաւիրեցի երաժիշտ մը, զոր նոր սկսայ ճանչնալ՝ Քրիստոֆըր Նազարեանը Աւստրալիայէն, իր ձայնը շատ գեղեցիկ է, միասին աշխատեցանք եւ բաւարար արդիւնքի հասանք: Երկու հայկական երգ ձայնագրեց, երգ մըն ալ մեքսիքացի յօրինողէ մը:
Համերգին ընթացքին կարճ բացատրութիւններ կու տայի, ինչպէս ըսի՝ երեսուն րոպէնոց ըրինք, որպէսզի չձանձրանայ ունկնդիրը: Մեր նպատակը, բնականաբար, գումար հաւաքելն էր, ունկնդիրները գումար նուիրաբերելու հնարաւորութիւն ստացան նոյն առցանց հարթակին վրայ եւ յաջող եղաւ արդիւնքը: Ի հարկէ, անպայման նուիրատուութեամբ չէ որ մէկը կրնայ համերգը դիտել: Ունկնդիրին փափաքին ձգուած է նուիրատուութիւն կատարելը:
Միւս համերգներուն նոյնպէս անուանի անուններ ներգրաւուեցին: Ուզեցի ներկայացնել մեր ամենահին երաժշտութիւնը՝ շարականները: Մասնաւոր հրաման առի Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան մայր տաճարէն, որ այս շրջանին գոց էր եւ շատ գեղաձայն երգչուհի մը՝ Յասմիկ Մխանեճեանը, երեք շարական երգեց տաճարին մէջ, առանձին:
Մեր պատմութեան մէջ եղած են կին շարական երգողներ՝ Խոսրովիդուխտն ու Սահակադուխտը, որ աշխարհի մէջ առաջին կին յօրինողները եղած են: Գաղափար մը, որ կին մը, ոչ թէ խորան բարձրանայ, այլ եկեղեցւոյ մէջ, առանց որեւէ երաժշտական գործիքի երգէ, իրականացաւ: Յասմիկ Մխանեճեան իր այդ կատարումով խորհրդաւոր միջավայր մը ստեղծեց եկեղեցւոյ մէջ:
Համերգներուն նուագելու հրաւիրեցի նաեւ աւագասրնգահար (քլարինեթիստ) Նարեկ Յարութիւնեանը, որ Կիւմրի ծնած է, Մոսկուա ապրած եւ տասը տարիէ ի վեր՝ Ամերիկա է: Ան երկու գործ նուագեց, ես ալ այդ երկրորդ համերգին Բաբաջանեանէն գործ մը նուագեցի:
Երրորդ համերգին համար խորհեցայ, որ միայն հայերը չէ, օտարներն ալ կրնան մասնակցիլ եւ փորձեցի օտար երաժիշտ բարեկամներս համոզել, որպէսզի իրենք ալ մասնակցութիւն ունենան: Խնդրեցի երգեհոնահարէ մը, որ այստեղ՝ Նիւ Եորքի գլխաւոր կաթողիկէ տաճարի երգեհոնահարն է. ան Ալան Յովհաննէսէն գործ մը կատարեց՝ երգեհոնի եւ շեփորի համար գրուած: Իրականութեան մէջ Յովհաննէսը 1946-ին հայկական «Էջմիածին» անունով օփերա մը գրած է: Այդ օփերայէն հատուած մըն էր այդ գործը, որ կը կոչուի «Սուրբ Լուսաւորիչին աղօթքը»:
Կայ հրեայ երաժիշտ մը, որուն մասնագիտութիւնը հայկական երաժշտութիւնն է. ան տարիներ առաջ քովս եկած էր՝ սորվելու համար հայկական երաժշտութեան բնոյթը եւ ինք, որպէս հայկական երաժշտութեան մասնագէտ, ամբողջ աշխարհին մէջ կը սորվեցնէ: Ան միացաւ աւագասրինգի նախատիպը նկատուող գործիքով մը եւ հրաւիրեց ուրիշ երաժիշտ մը, որ դափ կը նուագէ:
Համերգներուն նաեւ հայրենի երգիչ, այժմ ԱՄՆ բնակուող Եղիշէ Մանուչարեանը հրաւիրեցի:
Այս օրերուն երրորդ համերգը հեռարձակուեցաւ, չորրորդ համերգն ալ պատրաստ է, կ՚աշխատինք հինգերորդին վրայ, որուն Սուրէն Բագրատունին եւ ուրիշ այլ երաժիշտներ պիտի մասնակցին:
Հայաստանէն կայ պատանի մը, որ շուի կը նուագէ, Աշտարակ կը բնակի, կարգադրեցի, Աշտարակէն Երեւան բերին զայն, Երաժշտանոցին մէջ ձայնագրեցին իր շուիի նուագը: Հայաստանի հետ կապն ալ կը գործածենք, քանի գումարը հոն պիտի երթայ:
Կ՚ուզեմ երիտասարդները ներկայացնել, որպէսզի համերգներուն ունկնդիրն ալ տեսնէ, թէ ի՛նչ ուժեր կան հոն եւ որոնց պիտի յատկացուի այս գումարը:
-Որքա՞ն պիտի շարունակուին այս համերգները:
-Առայժմ պիտի շարունակենք այնքան ատեն, որ հետաքրքրութիւն կայ: Ունկնդիրներուն թիւը բաւարար չէ, տակաւին պէտք եղած չափով այս համերգաշարին մասին նիւթը, խօսքը տարածուած չէ, հակառակ որ ընկերային ցանցերը կան, զանազան միջոցներ կան:
Շարականները լաւ ընդունելութիւն գտան, ատոնք պիտի շարունակենք: Արդէն խօսած եմ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչին՝ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանին հետ, Էջմիածնի «Գայիանէ» եկեղեցւոյ մէջ գեղաձայն վանականներէն մէկուն հետ գործ մը պիտի ձայնագրեն մեր այս համերգներուն համար: Ատկէ ետք, ինչո՞ւ ատիկա չընել Իսթանպուլի մէջ՝ Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ կամ Երուսաղէ՛մի մէջ: Պէտք է գործի դնել երեւակայութիւնը. նայինք ի՞նչ կրնանք ընել եւ նայինք, թէ ժողովուրդը ինչքանո՞վ հետաքրքրուած է, ի՞նչ տեսակ գործերով:
Որ պահուն որ ձանձրանան, պիտի կեցնենք: Եթէ դրութիւնը լաւանայ, վարակը նահանջի, երաժիշտները ելոյթներու սկսին, ասանկ բաներու ժամանակ պիտի չունենան, երկրորդը՝ յաջողութենէն կախեալ է, թէ որքա՛ն գումար կը հաւաքուի, որքա՛նով կը ծառայէ իր նպատակին:
-Ինչպէ՞ս կը զգաք ունկնդիրին արձագանգը:
-Ես կը փափաքիմ, ոչ ունկնդիրները տեսագրութիւններուն վարը գրեն իրենց գաղափարները: Համերգներէն առաջ ՀՕՖ նամակներով կը հաղորդէ համերգներուն մասին, իսկ երբ հեռարձակուի, հոն կը մնայ եւ ուզած ատենդ կրնաս մուտք գործել եւ դիտել, նուիրատուութիւն կատարել, կարծիքներ փոխանակել: ՀՕՖ-ը սովորաբար յետադարձ նամակներ կը ստանայ, կարծիքներ կը փոխանակեն, շնորհակալութիւն կը յայտնեն: Իմ փափաքս է, որ այդ արձագանգները այնպէս դրուին, որ ամէն մարդ տեսնէ:
…Վերջին տարիներուն Հայաստան կու գայի, այս տարի ալ մայիս-յունիսին հոն պիտի ըլլայի, Գորիս եւ այլ վայրեր պիտի երթայի, բայց կարելի չեղաւ այդ մէկը, տակաւին անկարելի է. այս ձեւով գոնէ պիտի փորձեմ օգտակար ըլլալ: Եթէ կարողանամ այս ծրագրով ներկայացնել Հայաստանի այն շնորհալի երեխաները, որոնք անցեալ տարի Երեւանի մէջ համերգով մը հաւաքեցի, վստահ եմ որ ժողովուրդը աւելի շատ կը հետեւի:
Ընդհանրապէս, իմ հեռաւոր երազիս մէջ կայ նշանաւոր դաշնակահար Եւկենի Քիսինը նոյնպէս հրաւիրել, որպէսզի ելոյթ ունենայ այս համերգաշարին: Անշուշտ, եթէ իրեն կրնամ նուագել տալ, աւելի շատ մարդ կը դիտէ: Բայց փորձառութեան հարց է, պէտք է կատարեալ փորձառութիւն ունենանք, որպէսզի Քիսինի պէս մարդոց մօտենանք: Մենք մեր ըրածէն շատ-շատ բաւարար եւ գոհ պիտի ըլլանք, որ մեծ անուններ ներգրաւենք, մարդիկ որոնք թէ՛ հայկական մշակոյթը գիտեն եւ թէ՛ շատ մարդ կրնան հաւաքել իրենց անունով, ելոյթով: Առայժմ ոեւէ մէկը, որուն դիմած եմ, չէ մերժած, իրենց համար ալ առիթ է, իրենց ձայնն ալ կը լսուի, քանի համերգներ չկան, իրենք ալ լուռ են…
-Բազմաթիւ երաժիշտներ իսկապէս ընկճուեցան այս վիճակէն: Դուք ինչպէ՞ս կը տանիք այս պայմանները:
-Ես ալ ընկճուած էի եւ այդ մասին յօդուած մը գրեցի: Իմ պարագայիս աւելի արտայայտուած է այդ մէկը, որովհետեւ ես բոլորովին առանձին կը բնակիմ, Նիւ Եորքը շատ պարպուած է, ես առանձնապէս փողոց ելլել չեմ սիրեր, այդ դիմակին պատճառով առաւել եւս չեմ սիրեր: Կէս ժամ, քառասուն վայրկեան դուրս կ՚ելլեմ, գնումներ կ՚ընեմ, կու գամ, բայց առցանց գնումներէ ալ կ՚օգտուիմ. հիմա դիւրացուցած է ամէն բան:
-Այս վիճակը որքա՞ն կը տեւէ ձեր կարծիքով:
-Ես կը կարծեմ տակաւին մէկ տարի եւս այսպէս կը շարունակուի: 1918-ին ճիշդ այսպիսի պարագայ մը եղած է, նոյն ձեւով վարակ մը, որ հոսկէ՝ Ամերիկայէն ծագած է, ոչ Չինաստանէն, եւ ամբողջ աշխարհը տարածուած է: Այն ատեն չորս տարի տեւած եւ երեք միլիոն մահ եղած է, թերեւս հիմա յառաջացած է կեանքը եւ չորս տարի չըլլայ, երկու տարիէն վերջանայ այս ամէն ինչը:
ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ
Առցանց համերգաշարերու այս նախաձեռնութիւնը նորարարական քայլ մըն է՝ մեր ծրագիրներուն դրամ հայթայելու, միեւնոյն ատեն, մարդոց բարձր երաժշտութիւն մատուցելու առումով: Բազմաթիւ մարդիկ այդ համերգներուն ընթացքին ունկնդրեցին հայազգի եւ օտար կատարողներ: Համերգներուն հրաւիրուեցան նաեւ սկսնակ երաժիշտներ, որոնք այլ հարթակներու վրայ հանդէս գալու հնարաւորութիւն չունէին մինչ այս եւ այս մէկը անոնց համար առիթ էր: Գեղեցիկ երաժշտութիւն լսելու առիթ էր, իսկ նուիրատուութիւններուն համար շնորհակալ կ՚ըլլանք, քանի որ անշուշտ կարիքները շատ են: Համավարակը ազդեց նաեւ մեր վրայ, մեր ծրագիրները խանգարուեցան, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ մենք աշխատանքները պիտի դադրեցնենք, հակառակը, նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրած ենք, այնպէս որ մեր աշխատանքները ոչ թէ քիչցած, այլ աւելցած են: Մէկ կողմէն անմիջական հարցերուն արձագանգելու անհրաժեշտութիւն կայ, միւս կողմէն նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւելու պարտադրանք: Այնպէս որ նման առցանց համերգները կ՚ողջունենք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ