ՍԱՐԳԻՍ ՔԵՆՏԻՐԼԻ. ՉՈՐՍ ՍԵՐՈՒՆԴ
Կ՚ըսեն, թէ հայ տղամարդը պարտաւոր է իր կեանքի հոլովոյթին ընելու չորս բան՝ տուն շինել, ծառ տնկել, ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից գործող աղքատախնամ մարմնի ատենապետ՝ Սարգիս Քենտիրլին կարծես գերակատարեց իր առջեւ դրուած վերոնշեալ պարտականութիւնները։ Քանզի ան, իր սրբազան պարտականութիւնները սահմանափակեց ոչ թէ զաւակներով, այլ՝ թոռներով ու ծոռներով... Բաց աստի, մեծ ու երջանիկ գերդաստանի կաղնին տարիներ շարունակ անհատոյց կը շարունակէ ծառայել իր համայնքին։
Ժամանակին անսահման եռանդով ու աշխատասիրութեամբ լի երիտասարդը՝ իր հայրենի բնօրրանի՝ Սեբաստիոյ Մանճըլըք գիւղին մէջ տնկեց ծառ, ամուսնացաւ, այնուհետեւ, տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր երկար տասնամեակներ առաջ ամուր սիւներու վրայ հիմնեց իր բոյնը եւ ունեցաւ չորս զաւակ։
Տարիներու հոլովոյթին եկան ու անցան բազում հողմեր ու փոթորիկներ, սակայն՝ սիրով ու ներդաշնակութեամբ ստեղծած ընտանիքը մնաց անսասան։ Մինչեւ այսօր իր արմատներուն մէջ հաւատարիմ մնալով հայկականութեան՝ լեզուին, աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն, պարոն Սարգիսը իր կողակցի՝ տիկին Մարիամի հետ յաջողած է ստուերել գեղեցիկ հայկական աւանդական ընտանիք մը։ Այժմ ալ գերդաստանի կրտսեր ներկայացուցիչները իւրայատուկ ակնածանք եւ ուշադրութիւն կը տածեն դէպի աւագներ։ Զոր օրինակ, Սարգիս Քենտիրլիի չորս հասուն զաւակները՝ Կարապետը, Վաղարշակը, երկուորեակներ՝ Շաւարշն ու Սեւանը գեղեցիկ աւանդոյթի վերածած են դէպի հայրական տուն կատարելիք իրենց ամենօրեայ տեսակցութիւնները։
Ներկայիս, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական ընտանիքը՝ կին, երեխաներ ու նոյնիսկ թոռներ։ Սակայն, ի նշան ծնողաց հանդէպ երախտիքի ու սրբազան պարտքի, ամէն Աստուծոյ օր, աշխատանքային ժամերու աւարտին, մինչեւ իրենց յարկաբաժին հասնիլը, նախապէս՝ չորս եղբայրները կը բախեն իրենց հօրենական տան դուռը։ Կարճատեւ այցելութեան ընթացքին երեխաները կը հետաքրքրուին իրենց ծնողներու որպիսութեամբ ու առօրեայով. արդեօք ինչպէ՞ս անցաւ իրենց օրը, բանի մը կարիք ունի՞ն եւ այլն։ Երախտապարտ թոռները նոյնպէս չեն մոռնար ժամանակ առ ժամանակ այցելելու իրենց մեծերուն։ Իսկ՝ այս մեծ ու գեղեցիկ գերդաստանին նոր թարմութիւն ու շունչ հաղորդած ամենափոքրերուն՝ ծոռներուն տեսակցութեան կը շտապեն ամենամեծերը…
Հայկական համ ու հոտով համեմուած Քենտիրլի բազմանդամ ընտանիքի երջանկութեան գաղտնիքը կը կայանայ ամբողջականութեան մէջ։ Անոնք՝ մեծէն պզտիկ ուրախ են, երբ միասին են՝ մի ամբողջութիւն։
Անխտիր բոլոր տօներն ու յատուկ օրերը կը նշուին գերդաստանի կաղնիներու ներկայութեամբ։ Բաց աստի, յաճախ ընտանիքի անդամները կը մէկտեղուին անոնց շուքին տակ։ Ես նոյնպէս անսահման երջանիկ ու հպարտ եմ՝ այս անկրկնելի ու օրինակելի ընտանիքին մէկ մասնիկը ըլլալու համար։
Սիրելի ընթերցող, մինչեւ պարոն Սարգիսի հետ տեղի ունեցած մեր անկեղծ ու հետաքրքրական զրոյցին անցնիլը, եկէք քանի մը նախադասութեամբ ծանօթանանք վերջինիս կենսագրականին։
Եւ այսպէս, չորս զաւակներու, ութ թոռներու եւ երկու չքնաղագեղ ծոռներու մեծ հայր հանդիսացող՝ Սարգիս Քենտիրլի ծնած է Քանկալի Մանճըլըք գիւղին մէջ։ Ծննդեան օրն ու տարեթիւը յստակ չէ (մօտաւորապէս՝ 1934թ.)։
Մինչեւ՝ 1934 թուականին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ազգանունի՝ մականունի մասին օրէնքի ընդունումը, պարոն Սարգիսի ընտանիքը կը գործածէր Պասմաճեան մականունը։ Հայրը՝ պարոն Յակոբ մասնագիտութեամբ՝ ջաղացպան էր, իսկ մայրը՝ տիկին Ռեփեկան տնային տնտեսուհի։ Յակոբ եւ Ռեփեկա ամոլին հինգ զաւակներէն մին է այսօրուայ իմ զրուցակիցը՝ Սարգիսը, որու եղբայրներն են Էլմաս, Յովհաննէս, Մարիամ եւ Գէորգ։ «Դժբախտաբար, կեանքի հոլովոյթին կորսնցուցի քոյրս ու եղբայրներս։ Այսօր իմ կողքին ունիմ միայն աւագ քոյրս՝ Էլմասը», կը պատմէ պարոն Սարգիս տամուկ աչքերով։
Ան աւարտած է իր ծննդավայրի տեղական դպրոցի նախակրթարանը։ «Ընդամէնը երեք տարի սովորած եմ։ Եղած եմ դպրոցի առաջինը։ Կը յիշեմ, կրթական տնօրէնութիւնը իմ գերազանց յաջողութեան համար զիս պարգեւատրած էր գրիչով մը», քաղցր ժպիտով մը մէջբերեց ան։
Սարգիս Քենտիրլին կիսատ թողլով ուսումը, դրամ շահելու ու մասնագիտութիւն ձեռք բերելու նպատակաւ եկաւ Պոլիս։ Տասնամեայ գիւղացի պատանին ժամանակաւոր բնակեցաւ Սամաթիա հայահոծ թաղամասին մէջ, իր մօրեղբօր տունը։ Աւելի քան տասը տարի աշխատեցաւ դերձակի մը մօտ։ Այնուհետեւ, գործընկերոջ՝ Արթին Թորոսի հետ բացին խանութ մը, որ գործեց վեց տարի։ Այլեւս հասուն ու աշխատանքային հարուստ փորձ ունեցող երիտասարդը, նուազագոյն միջոցներով հիմնեց իր սեփական խանութը, որ կը գործէ մինչեւ օրս։
Զինուորական ծառայութիւնը կատարած է Էրզրումի Սարըքամըշ գաւառին մէջ։
-Պարոն Սարգիս, քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր նախնիներուն մասին։
-Մեր ընտանիքի մեծերը բնաւ թրքերէն չէին գիտեր, հայերէն կը խօսէին։ Հօրենական մեծ հայրս՝ Գէորգը 1915 թուականի զոհերէն է։ Մեծ հայրս զոհ գնաց զրպարտութեան մը։ Մեծ մայրս՝ Ազնիւը իր երեք զաւակներով՝ Յակոբի, Կարապետի ու Արուսեակի հետ մնաց առանձին ու շարունակեց ապրիլ իր տան մէջ։ Տարիներ անց, իմ հօրեղբայրը հաստատուեցաւ Արժանթին, իսկ իմ հօրաքոյրը՝ Արուսեակը Հայաստան։ Աւա՜ղ մենք չկրցանք իմ հօրաքոյրին Հայաստան այցելութեան երթալ, սակայն ունիմ մեծ ուրախութիւն, որ մեր հրաւէրին ընդառաջ Արուսեակ հօրաքոյրը եկաւ Պոլիս՝ մեզի այցի։
Իմ մայրիկը Ռեփեկան կնքած էր երկու ամուսնութիւն։ Առաջին ամուսնութենէն ունէր դուստր մը՝ Նազիկը, որ Արուսեակ հօրաքոյրը իր հետ տարաւ Հայաստան։ Իմ սիրելի հօրաքոյրը պատկառելի տարիքին հայկական հողի վրայ աչքերը փաեց կեանքին։
Ի դէպ, նշեմ, որ Ազնիւ մեծ մայրիկը թրքերէն գրեթէ չէր գիտեր, միշտ հայերէն կը խօսէր։ Մեր տան թրքուհի օգնականը, զոր այդ թուականներուն «ազափ» կը կոչէին, իմ մեծ մօրմէ հայերէն սորված էր։
-Կը պատմէք, թէ ձեր ջաղացպան հայրիկը ինչպէ՞ս կրցաւ դառնալ գիւղի եւ տարածքաշրջանի սիրելի բժիշկը։
-Իմ հայրիկը իր զինուորական պարտականութիւնը կատարեց Անգարայի մէջ՝ բժիշկ-գնդապետի մը վերահսկողութեան տակ։ Բարձրաստիճան պաշտօնեան շատ սիրեց հայրս։ Վերջինիս մէջ նշմարելով ձիրք ու հետաքրքրութիւն բժշկութեան հանդէպ՝ ամէն բժշկական քննութեան, ինչպէս նաեւ գործողութեան ընթացքին իմ հայրիկը կը կանչէր իր քով ու կը բացատրէր գործին բնոյթը։ Այսպէսով, իմ հայրիկը աստիճանաբար սկսաւ հմտանալ բժշկութեան մէջ։ Առանց բարձրագոյն կրթութեան, ան իր զինուորութեան տարիներուն ձեռք բերաւ բժիշկի մասնագիտութիւն։ Երբ վերադարձաւ տուն, օրէ օր սկսաւ բազմանալ հայրիկիս մօտ բժշկական քննութեան եկող հիւանդներուն թիւը։ Սեբաստիա նահանգի զանազան գաւառներէն ու գիւղերէն առողջական խնդիրներ ունեցող մարդիկ կը շտապէին մեր տուն։ Իմ հայրը տարածքաշրջանի մէջ յայտնի դարձաւ, որպէս «տոքթոր Ակոբ»։ Վաստակաշատ ինքնուսոյց բժիշկը կը վայելէր իր շուրջիներուն սէրն ու յարգանքը։ Հիւանդները կը բուժէր անվճար։
-Ո՞ր հիւանդութիւնները կը դարմանէր։
-Բոլոր հիւանդութիւններն ալ կը բուժէր։ Անոր անծանօթ հիւանդութիւն գոյութիւն չունէր։ 75 տարեկանին իմ հայրը հեռացաւ կեանքէն։ Անոր մարմինը կը հանգչի Պոլսոյ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Գիտէք, հայրս մահացաւ, սակայն անոր բարի ու ազնիւ անունը կ՚ապրի տակաւին։ Վերջերս մեր եկեղեցւոյ անվտանգութեան աշխատակիցներէն մին զրոյցի ընթացքին հետաքրքրուեցաւ իմ արմատներով։ Երբ ըսի, թէ մանճըլըքցի եմ, ան խանդավառ-ւած հարցուց, թէ արդեօք կը ճանչնամ տոքթոր Ակոբը։ Ես ալ ուրախութեամբ ըսի, որ գիւղի երբեմնի համբաւաւոր բժիշկը իմ հայրն է։
Պարզուեցաւ, որ իմ հայրը ժամանակին ծանր հիւանդութեան մը ճիրաններէն փըր-կած էր վերջինիս մայրը։ Չկայ ասկէ մեծ հպարտութեան զգացում։
-Պարոն Սարգիս, ինչպէ՞ս ծանօթացաք ձեր տիկնոջ հետ։
-Անցեալ դարու 50-ականներուն գիւղական միջավայրի մէջ գոյութիւն չունէր ծանօթութիւն հասկացողութիւնը։ Ես ու իմ կինը՝ տիկին Մարիամը, համագիւղացիներ էինք։ Մեր ընտանիքները մեր փոխարէն կատարեցին ընտրութիւն, մենք ալ անոնց կամքին չհակառակեցանք։ Այսպէսով ես, հաշուի առնելով իմ ընտանիքի փափաքը, ամուսնացայ ինձմէ եօթ տարի պզտիկ՝ Մարիամ Գարապուրունին հետ։
Տիկին Մարիամի ընտանիքի մականունի ընտրման պատմութիւնը շատ զուարճալի էր։ Ուրեմն, 1934 թուականին ազգանունի մասին օրէնքի ընդունումէն վերջ ամէն մարդ պարտաւոր էր ինքզինքին ընտրել թրքական մականուն մը։ Իմ սիրելի տիկնոջ թիթեղագործ հայրը նոյնպէս, ձեռքերը մրոտ գնաց մականունը փոխելու։ Երբ պաշտօնեան հարցուց, թէ վերջինս ի՞նչ մականուն կ՚ուզէ, իմ աները մրոտ ձեռքերը տարաւ դէպի իր քիթը ու ըսաւ. «Պարոն պաշտօնեայ, տակաւին չկրցայ կողմնորոշուիլ, աւելի լաւ է դուք առաջարկեցէք մականուն մը»։ Պաշտօնեան ալ տեսնելով վերջինիս սեւցած քիթը, զայն կնքեց Գարապուրուն մականուամբ։
-Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր տեղի ունեցաւ ձեր առաջին հանդիպումը։
-Մեր առաջին հանդիպումը լի էր արկածախնդրութիւններով։ Իմ թոյլ տուած սխալի պատճառաւ պիտի կորսնցնէի իմ խօսեցեալը։
Եւ այսպէս, առանց զիրար տեսնելու նշանուեցանք։ Նոյն օրը, գացի Մարիամը տեսնելու, սակայն ընտանիքը թոյլ չտուաւ, պատճառաբանելով, որ տակաւին ամուսիններ չենք։ Օր մըն ալ, երեկոյեան, Մարիամը դրացիի տունն էր։ Ես ալ գացի, որպէսզի գաղտնօրէն տեսնեմ զինքը, սակայն ան զիս մերժեց։ Ես ալ շատ բարկացայ ու Մարիամը ապտակեցի։ «Ինչո՞ւ ինծի հետ տեսնուիլ չես ուզեր», հարցուցի բարկացած։
-Այնուհետեւ, ինչպէ՞ս յաջողեցաք շահելու ձեր խօսեցեալի սիրտը։
-Գեղեցկօրէն ծրարուած սրուակի մը մէջ «քոլոնիա» առի ու գացի ներողութիւն խնդրելու։ Ի վերջոյ իմ անգին Մարիամը ինծի ներեց։ Մանճըլըքի մէջ երեք օր ու գիշեր հարսանիք ըրինք։ Այդ սրուակն ալ մինչեւ վերջերս Մարիամը կը պահէր մեր սենեակը։
-Ինչո՞ւ որոշեցիք լքել հայրենի գիւղը եւ հաստատուիլ Պոլիս։
-Ամուսնութենէն վերջ, քանի մը տարի ապրեցանք Մանճըլըքի մէջ։ Մեր զաւակներէն երկուքը՝ Կարոն ու Վաղարշակը լոյս աշխարհ եկան գիւղին մէջ։ Օր ըստ օրէ ապրելու պայմանները կը վատթարանային, մենք ալ որոշեցինք վաճառել մեր ստացուածքը ու հաստատուիլ Պոլիս։ Սկզբնական շրջանին Իսթանպուլի մէջ մեր կեանքը նախանձելի չէր։ Ես շատ կ՚աշխատէի։
Տարիներ անց, գրպանիս մէջ ունենալով ընդամէնը 90 լիրա, համարձակեցայ խանութ մը բանալ։ Այդ գործատեղին ալ յետագային դարձաւ մեր ընտանիքի յաջողութեան գրաւականը։ Իմ չորս զաւակները՝ ուսումը կիսատ թողլով սկսան ինծի հետ հաւասարաչափ աշխատիլ։ Օր ու գիշեր քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ, այդ խանութը մեզի պարգեւեց տուն ու բարեկեցիկ կեանք։ Խանութը մինչեւ այսօր կ՚աշխատի։
-Պարոն Սարգիս, ե՞րբ ստանձնեցիք աղքատախնամի ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։
-Շատ երկար տարիներ առաջ, Ֆէրիգիւղի թաղականներէն քանի մը հոգի զիս շատ լաւ կը ճանչնային։ Առաջարկեցին, որպէսզի ես ստանձնեմ աղքատախնամի ատենապետութեան պաշտօնը։ Նախապէս փորձեցի մերժել, ըսի, որ ես գործ ունիմ, կ՚աշխատիմ։ Ի վերջոյ, համաձայնեցայ։
Ինծի որպէս օգնական կարգեցին 11 ուշիմ ու կիրթ երիտասարդներ։ Կարճ ժամանակ անց մեր խումբը սկսաւ փայլիլ։ Երիտասարդները սփռուեցան աշխարհի չորս դին՝ Ամերիկա, Ֆրանսա եւ այլն։
-Կը սիրէ՞ք ձեր կատարած բարեգործական աշխատանքը։
-Ի հարկէ, մեծ բաւականութիւն ու հաճոյք կը ստանամ իմ կատարած աստուածահաճոյ աշխատանքէն։ Օր մը չտատամսեցայ։ Աննկարագրելի զգացում մըն է՝ կարենալ մարդոց օգտակար ըլլալ։
-Առաւել մանրամասն կրնա՞ք պատմել աղքատախնամի գործունէութեան մասին։
-Իւրաքանչիւր ամսուայ կտրուածքով մեր համայնքի նիւթապէս անապահով ընտանիքներուն կամ անհատներուն կը ցուցաբերենք օժանդակութիւն։ Բաց աստի, անոնց կը բաժնենք ուտելիք, դեղօրայք, երբեմն նոյնիսկ հագուստ։ Կը միջամտենք, որպէսզի մեր հիւանդանոցներուն մէջ անվճար կամ մասնակի վճարումով բուժում ստանան կարօտեալները։
-Աղքատախնամի կարիքները հոգալու համար ի՞նչ միջոցներու կը դիմէք։
-Մեր բարերարներէն, համայնքի անդամներէն։ Զոր օրինակ, կը մօտենամ ոմն գործարարին կամ ունեւորին, կը ներկայացնեմ իրավիճակի լրջութիւնը եւ օժանդակութիւն կը խնդրեմ։ Բաց աստի, տօնական օրերուն, մասնաւորապէս Ս. Ծնունդին ու Ս. Զատիկին, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ բակին մէջ կը վաճառենք զանազան յուշանուէրներ ու կարմիր հաւկիթներ։ Այդ օրերուն իմ օգնութեան կը հասնին իմ զաւակները, թոռները, մեր լաւ բարեկամները, որու համար անոնց շատ շնորհակալ եմ։ Անոնք նոյնպէս իրենց ներդրումը կ՚ունենան աղքատախնամին մէջ։
Մարդիկ գիտեն, որ հաւաքուած գումարը պիտի ծառայէ աղքատախնամի պակասները լրացնելու։ Կու գան առեւտուր կ՚ընեն, մէկը ուղղակի օգնելու համար դրամ կը նուիրաբերէ, մէկ ուրիշն ալ կը վճարէ տուեալ ապրանքի արժէքին քանի մը պատիկը, իսկ երրորդն ալ՝ կը խնդրէ զեղչ։ Բաց աստի, Իսթանպուլի քաղաքապետարաններէն ուտելիքով լեցուն տուփեր կ՚առնեմ ու կը բաժնեմ մեր կարօտեալներուն։
-Մինչեւ ե՞րբ պատրաստ էք պատուով ծառայել ձեր համայնքին ու անոր անապահով հատուածին։
-Այլեւս 85 տարեկան եմ, բաւական տարիք ունիմ։ Կը խորհիմ ինծի վստահուած պաշտօնը ձգելու մասին, սակայն թաղականները չեն ձգեր։ Կ՚ըսեն. «Պարոն ատենապետ, միայն քեզի արժանի փոխարինող գտնելու պարագային կրնաս հեռանալ»։
-Պարոն Սարգիս, ինչպէ՞ս կ՚անցնի ձեր առօրեան։
-Առտու կանուխ ժամը 7-ին կամ 8-ին կ՚արթննամ, կ՚ածիլւիմ։ Դուրս կու գամ թերթ եւ նախաճաշի համար անհրաժեշտ առեւտուրը կ՚ընեմ։ Նախաճաշէն առաջ կամ յետոյ կը թերթեմ օրուայ լրագիրները։ Այնուհետեւ կը շտապեմ եկեղեցի։ Կը զբաղիմ աղքատախնամի գործերով։ Յետմիջօրէին կը հանդիպիմ սրճարան, ուր ընկերներուս հետ կը պարապիմ։ Երեկոյեան ժամը հինգին կը դառնամ տուն։ Տունդարձի ճամբուն կ՚ընեմ տան համար անհրաժեշտ առեւտուրը։ Իմ սիրելի տիկնոջ հետ միասին կը ճաշենք։ Տարիքի բերումով յառաջ եկած առողջական խնդիրները ի չիք դարձնելու կամ հաւասարակշռելու նպատակաւ, իւրաքանչիւրս ժամը ժամին կը գործածենք ափ մը դեղ։ Քիչ մը հեռատեսիլ կը դիտենք, հիւրեր կ՚ընդունինք։ Մեր զաւակները ամէն օր մեզի այցի կու գան։ Ժամը իննին ալ կը պատրաստուիմ քնանալու։ Ահաւասիկ իմ առօրեան։ Ամրան ամիսներուն Գնալը կղզի ամարանոց կ՚երթանք։ Մինչեւ անցեալ տարի, իւրաքանչիւր Աստուծոյ օր ծով կը մտնէի, շատ կը սիրեմ լողալ։ Սակայն, այլեւս ի զօրու չեմ, իմ առողջութիւնը թոյլ չի տար։
-Ո՞րն է ձեր կեանքի ամենագեղեցիկ օրը կամ օրերը։
-Իմ կեանքի ամենագեղեցիկ օրերը այս օրերն են, սակայն ես այլեւս ծերացած եմ ու չեմ կրնար լիաթոք վայելել իմ իւրաքանչիւր երկվայրկեանը։ Նայեցէ՛ք, ունիմ մէկը միւսէն լաւ չորս հարս, ութ թոռ եւ երկու հրեշտակ ծոռ։ Ասոնք են իմ կեանքի պայծառ գոյները։ Ասկէ մեծ ուրախութիւն ու հարստութիւն չկայ։ Սակայն, աւա՜ղ, ես՝ ես չեմ…
-Ի՞նչ բանէ վշտահարած էք։
-Տեսողութեան կորուստէն։ Իմ մէկ աչքը բնաւ չի տեսներ։
-Երազներ ունի՞ք։ Կը սիրէ՞ք երազել։
-Իմ բոլոր երազները իրականացած են մեծաւ մասամբ։ Շատ կը սիրեմ պտըտիլ։ Ես ու Մարիամը պտըտեցանք Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքներն ու տեսարժան վայրերը։ Նոյնիսկ քանի մը անգամ ճամբորդեցինք դէպի արտասահման։ Այսօր միայն մէկ անկատար երազ ունիմ՝ այցելել Հայաստան։
-Կա՞յ այնպիսի իրադարձութիւն, որ լիովին փոխեց ձեր կեանքը։
-Վերջերս հիւանդացայ։ Երբ աչքերս բացի, ինքզինքս գտայ հիւանդանոցի մէջ։ Այդ օրուընէ ի վեր իմ յիշողութիւնը սկսած է դաւաճանել՝ ժամանակ առ ժամանակ։ Զոր օրինակ, գիտեմ, որ դուն իմ հարսն ես, իմ աւագ թորան երկրորդ կէսը, սակայն անունդ երբեմն կը մոռնամ։ Իմ սիրասուն թոռնիկներուն անուններն ալ լաւ չեմ յիշեր։ Անոնցմէ միայն Արարատի ու Արիի անունները երբեք չեմ մոռնար, միշտ կը յիշեմ, միւսներունը ատեն-ատեն կը մոռնամ։
-Պարոն Սարգիս, կրնաք ըսել, ո՞րն է ձեր կեանքի ամենագեղեցիկ ժամանակաշրջանը։
-Իմ չորս զաւակներուն ամուսնութիւնները իմ կեանքի ամենատպաւորիչ ու գունագեղ փուլերն են։
-Ձեր տիկնոջ սա պահուն ի՞նչ կը փափաքէիք ըսել։
-Շնորհակալ եմ անոր մինչեւ օրս իր ընտանիքին, ամուսնոյն՝ ինծի ու զաւակներուն հաւատարիմ ու նուիրեալ ըլլալու համար։
-Ինչպիսի՞ն է տիկին Մարիամը։
-Մարիամը լաւ կին ու մայր է։ Զիս շատ կը սիրէ, պարզապէս չի յայտներ…
Այդ միջոցին պարոն Սարգիսի կողքին համեստ նստած տիկին Մարիամը ամօթխած ըսաւ. «Ո՞ր կինը, իր ամուսինը չի սիրեր»։ Այսինքն բացէ ի բաց փաստեց իր ամուսնոյն մտածումը։
Ահաւասիկ այսքանը իմ նոր ու գեղեցիկ երկրորդ ընտանիքի յենասիւնը հանդիսացող Սարգիս պապիկի մասին։ Կը մաղթեմ, որ այս գերդաստանի ապագայ սերունդները միշտ հաւատարիմ մնան իրենց պապերու որդեգրած ճշմարիտ ճանապարհին։ Յառաջիկային ալ ո՛չ մէկ հողմ ու փոթորիկ կարենայ պառակտել զտարիւն Քենտիրլի գերդաստանի ամբողջականութիւնն ու անդորրը…
Բարին ընդ ձեզ…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ