ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ եղած էր Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիրը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին յայտնի համայնքային բարերարներ, մեր հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, զանազան սերունդներէ կեդրոնականցիներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր մասնակիցները, որոնք ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած աւանդական ղաբաման համտեսեցին։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ դպրոցի հայերէնի ուսուցիչներէն Արթուն Կէպէնլիօղլուի։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու ներկայացուց տարեկան պիւտճէն եւ այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր բարերարներէն, Կեդրոնականի սան Հայկ Արսլանեանին, որ անընդմէջ 16-րդ տարին ըլլալով կը գլխաւորէր մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբը։
Սիրոյ սեղանի ընթացքին Կեդրոնականի ընտանիքին եւ համայնքային շրջանակներու երախտագիտութեան զգացումներուն առարկայ դարձաւ Կարպիս Պալմումճու, որ 27 տարիէ ի վեր Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վարէր։ Ան բաւ համարած է այլեւս այս առաքելութիւնը եւ հրաժեշտի փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ պատրաստուած Ղալաթիոյ խնամակալութեան կողմէ։
Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ արտայայտուելու ընթացքին նախընտրեց իր կողքին ունենալ օրինակելի երկու սաներէն Սարին Աքպաշն ու տքթ. Առլին Թունչը։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ վարժարանի երաժշտական ակումբի տղաքը հանդէս եկան կատարումներով՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ։ Երազ Տողուն ալ մարմնաւորեց Լուցիքա Տուտուն։ Կեդրոնականի սաները «Պէզճեան» սրահին մէջ պաստառներ ի ձեռին հանդէս եկան եւ իրենց այդ թափօրով փորձեցին ուշադրութիւն հրաւիրել համայնքի առկայ կարգ մը հրատապ խնդիրներուն վրայ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով եւ միասնական աղօթքով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։