ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԱՇՏՕՆ
Համայնքային յայտնի բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ յառաջիկայ շրջանին պատասխանատու պաշտօն մը պիտի զբաղեցնէ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութենէն ներս։ Շաբաթավերջին գումարուեցաւ մարզակումբի արտահերթ համագումարը, որու արդիւնքով վարչութեան ղեկը ստանձնեց Տուրսուն Էօզպէքի կողմէ գլխաւորուած խումբը։ Նորընտիր վարչութեան կազմին մէջ կը գտնուի նաեւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Նորակազմ ղեկավարութիւնը, երէկ, ըստ տուեալ հաւաքականութեան աւանդութեան, իր անդրանիկ նիստը գումարեց Կալաթասարայ լիսէի մէջ։ Տուրսուն Էօզպէք եւ գործակից ընկերները այսօր ալ կը մէկտեղուին՝ իրարու միջեւ վերջնական դերաբաժանում մը ընելու համար։
Կը նախատեսուի, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նորընտիր վարչութեան մէջ զբաղեցնէ կարեւոր պաշտօն մը՝ մանաւանդ, որ մարզակումբը ելմտական լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ եւ անոր արհեստավարժ փորձառութիւնը կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ։