ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը սկսաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Վերամուտը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի աշակերտներն ու կրթական մշակները դպրոցի երդիքին տակ զիրար վերագտնեն։

Դպրոցի սրահին մէջ կազմակերպուած վերամուտի հանդէսին ներկայ գտնուեցան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին աշակերտները։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Միլենա Զենկիլի եւ Լեռնա Նարինի։ Շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, որ նոր շրջանին առթիւ բոլորին յղեց բարեմաղթութիւններ։ (Լուսանկարը՝ դպրոցէն)։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022