ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ան շուրջ կէս օրուան կեցութիւն մը ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, ուրկէ տարանցումով ուղեւորուեցաւ դէպի Կեդրոնական Ասիա՝ մասնակցելու համար յիշեալ ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովի մը։
Հրայր Ճէպէճեան այս կարճ կեցութեան ընթացքին այցելեց խմբագրատունս՝ հաշուի առնելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին հետ իր ջերմ կապերը, որոնց հիման վրայ նաեւ կ՚աշխատակցի թերթիս։ Ինչպէս միշտ, ան մեր ողջունելի հիւրն էր եւ իր ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց խմբագրատանս երդիքին տակ։ Զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան դիտել տուաւ, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է՝ յառաջիկային քաղաքիս մէջ իր նոր գրքին համար նախատեսուած շնորհանդէսը։
Հրայր Ճէպէճեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ ընդունած է հովանաւորել իր գրքի գինեձօնի ձեռնարկը։
Պատրիարքարանի զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան ընդգծեց իր երախտագիտութիւնը Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի նկատմամբ։ Արդարեւ, Ճէպէճեանի հեղինակած գիրքին համար մօտաւոր անցեալին Կրետէի մէջ ալ ծանօթացման հաւաքոյթ մը կազմակերպուած էր։ Նորին Սրբազնութիւնը այդ փուլին իր կողմէ միջնորդած էր, որպէսզի քաղաքիս մէջ ալ նման ձեռնարկ մը տեղի ունենայ։ Ուստի, այդ խթանով գործնական հարթութիւն թեւակոխած էին Ճէպէճեանի գիրքի շնորհանդէսին կազմակերպչական աշխատանքները։
Հրայր Ճէպէճեանին կեցութեան ժամերուն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը համակարգէ շնորհանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները։ Պատրիարքարանի ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Իսթանպուլի գրասենեակէն Թամար Քարասու։