ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին Կալաթասարայ մարզակումբի իրադարձութիւններուն։ Բոլորը ողջունելի կը համարեն, որ մեր բարերարներէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մաս կազմած է ակումբի նորընտիր վարչութեան, որ ձեւաւորուած է գլխաւորութեամբ Տուրսուն Էօզպէքի։ Նորընտիր վարչութեան անդամները արդէն ըրած են անհրաժեշտ դերաբաժանումը։ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ արհեստավարժ փորձառութեան զուգահեռ պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէ վարչութենէն ներս, նաեւ կարգ մը ճիւղերու ընդհանուր ընթացքը պիտի վերահսկէ։
Մինչ այդ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ մարզակումբի նորընտիր վարչութեան հետ այսօր կը գտնուի Անգարայի մէջ՝ Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան ղեկավարութեան ընտրութիւններուն առթիւ՝ համագումարի ընթացքին վարչային ընկերներուն հետ ներկայացնելով Կալաթասարայ ակումբը։