ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, Համբարձման տօնը այս տարի եւս յատկանշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեդարձով։ Իր փառապանծ ճանապարհորդութեան 191-րդ հանգրուանը կ՚ողջունէ այս հաստատութիւնը, որ առանձնայատուկ է ամբողջ հայաշխարհէն՝ մանաւանդ սփիւռքէն ներս։ Գթութեան յարկի բազմակողմանի ծառայութեան ոսկէ շղթային վրայ աւելցած նոր օղակը արդար հպարտութեան առիթ մը կը համարուի թրքահայութեան տեսակէտէ։

Երէկ, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով նշուեցաւ հիւանդանոցի հիմնադրութեան 191-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հովանաւորեց արարողութիւնները, որոնց ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ պատարագեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու առընթերակայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք, նաեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յատկապէս ոգեկոչուեցան հոգելոյս Յարութիւն ամիրա Պէզճեանը, հիւանդանոցի բոլոր բարերարներն ու սատարողները, մասնագիտական անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամները, որոնք թաղուած են մատրան շրջափակին մէջ։ Կրօնական արարողութիւնները եզրափակուեցան մատաղի օրհնութեամբ եւ յաջորդած տնօրհնէքով։

Աւելի վերջ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնն ալ գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած հոգաբարձութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հոգեւոր դասը, երգչախումբի անդամները եւ համայնքային վարիչները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու։ Պետրոս Շիրինօղլու այս փուլին հոգաբարձութեան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը ներկայացուց։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ելոյթ մը ունենալով բարձր գնահատեց Շիրինօղլուի եւ ընկերներուն կողմէ ծաւալուած աշխատանքը՝ շեշտելով, որ անոնց շրջանին հիւանդանոցը կ՚ապրի իր ոսկեդարը։

Սիրոյ սեղանին ներկայ էր նաեւ նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ համայնքային շրջանակներու համակրանքին առարկայ դարձաւ։ Բոլորը զինքը սիրով շրջապատեցին՝ մաղթելով յաջողութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023