Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ERVAB-Ի ԺՈՂՈՎ
Համայնքային շրջանակներէ ներս արդէն անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջին։ Կը տեղեկանանք, որ այս նոր կանոնադրութեան արժեւորման նպատակով Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս չորեքշաբթի ժողով մը պիտի գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ, ERVAB ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ սեղանի վրայ պիտի դնէ հաւանականութիւնները եւ գործընթացի հեռանկարները։ Իրաւաբաններ ալ նոր կանոնադրութեան վերաբերեալ մասնագիտական խորհրդածութիւններով հանդէս պիտի գան։
Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022