ԱՐԱՍ ԱՔՊԱՇ ՅԱՋՈՂԵՑԱՒ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արաս Աքպաշ յաջողած է մուտք գործել Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինը։ Այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն ան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն մը ու դարձած՝ իր դասաւորման մէջ Թուրքիոյ 420-րդը։

2003 թուականին Իսթանպուլի մէջ, Պաքըրգիւղ, ծնած է Արաս Աքպաշ, որու մանկութիւնը անցած է Պիւյիւքչեքմեճէի մէջ։ Ան մեր այն երիտասարդներէն մին է, որ նախակրթարանէ սկսեալ որեւէ համայնքային վարժարան չէ յաճախած։ Իր մօրմէն ու մեծ մօրմէն որոշ չափով հայերէն սորված է։ Մանկութենէն սկսեալ յաջողութեամբ ինքնադրսեւորուած է նկարչութեան մէջ։ Յաջորդող տարիներուն զարգացում արձանագրած է՝ մանաւանդ դիմանկարներու նկարչութեան ուղղութեամբ։ 2017 թուականին, միջնակարգէն լիսէ անցնելու փուլին, «TEOG»ի քննութեան ընթացքին ալ գերազանց արդիւնք մը ապահոված է՝ 500 հնարաւոր նիշի վրայով ունենալով 484 նիշ։ Լիսէի աշակերտութեան տարիներուն ուսումնական գետնի վրայ ունեցած յաջողութիւններուն առընթեր, ուշադրութիւն գրաւած է նաեւ ընկերամշակութային գործունէութիւններուն բերած մասնակցութիւնով։ Այդ տարիներուն ան դաշնակ նուագած է վարժարանի նուագախումբին մէջ ու մաս կազմած՝ թատերական ակումբին։ Նոյն շրջանին իր հեղինակած բեմագրութիւններն ալ բեմադրուած են լիսէէն ներս։ Մասնակցութիւն բերած է դպրոցի զանազան հանդէսներու կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Լիսէի աշակերտութեան տարիներուն, ամրան շրջանին եւ արձակուրդներուն ժամանակ աշխատած է Գոց շուկայի մէջ։ Մասնակցած է Պէյլիքտիւզիւի բազմաձայն երիտասարդական երգչախումբին։

Արաս Աքպաշի պարագային այս բոլորի հանրագումարը եղած է համալսարանի մտից քննութեան մէջ արձանագրած փայլուն յաջողութիւնը։ Պողազիչի համալսարանը յաճախելու սկսելու սեմին ան լիայոյս է, թէ պատմութեան ճիւղին մէջ եւս պիտի արձանագրէ յաջողութիւններ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արաս Աքպաշը եւ իրեն յաջողութիւն կը մաղթենք բարձրագոյն ուսման համար։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները՝ իր ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021