RUMVADER-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ մնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մանաւանդ, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացումը նախատեսուած է։ Միւս փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ կացութիւնը տարբեր չէ։ Արդարեւ, ինչպէս թրքահայութիւնը, այնպէս ալ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները մէկ կողմէ այս կանոնադրութեան մէջ սրբագրութեան կարօտ կէտեր կը նկատեն, իսկ միւս կողմէ կան կարգ մը հանգամանքներ, որոնք տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան եւ յստակեցման կարիքն ունին։

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB) կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ ծաւալած է բազմակողմանի քննարկումներ։ Մինչ այդ, համայնքային վարիչներուն հասած էին զանազան լսումներ, ըստ որոնց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները մասնաւոր հաւաքոյթով մը պիտի լուսաբանէին մեր համայնքի վարիչները։ Մինչ այդ սպասումը համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ էր, արդէն ուրիշ կարեւոր իրադարձութիւն մը վրայ հասաւ այս նոյն օրակարգի ծիրէն ներս։ Այսպէս, յոյն համայնքի վարչայիններէն բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելած է մայրաքաղաք Անգարա, ուր հիւրընկալուած՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Յունական համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան՝ RUMVADER-ի նախագահ Եորկօ Փափալեարիսի կողմէ գլխաւորուած է այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ գտնուած է նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս։ Յոյն համայնքի պատուիրակութիւնը Անգարայի մէջ տեսակցած է նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ռըֆաթ Թիւրքէրի կողմէ։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան առցանց հարթակին վրայ համայնքային վարիչները վերջին օրերուն իրարու նկատառման կը յանձնեն այս տեսակցութեան վերաբերեալ իրենց ունեցած լսումները։ Բարեկամական կապերու բերումով քաղուած մանրամասնութիւններու լոյսին տակ անոնք նաեւ թեր ու դէմ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան՝ նոր կանոնադրութեան վերաբերեալ հանգամանքներու շուրջ։

Երէկ, առիթն ունեցանք հեռաձայնով զրուցելու Եորկօ Փափալեարիսի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ դրական կը գնահատէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Փափալեարիս մեզի յայտնեց, որ նոր կանոնադրութիւնը յոյն համայնքին տեսակէտէ ունի կարգ մը խնդրայարոյց երեսակներ, որոնց կապակցութեամբ ներկայացուած են գրաւոր բացատրութիւններ։ Ընդհանուր տնօրէն Էրսոյ, ըստ էութեան, պատրաստակամ էր այդ խնդրայարոյց հարցերուն համար լուծում մը գտնելու՝ առանց նոր կանոնադրութեան ընդհանուր առանցքներէն շեղելու կամ լուծումներ գտնելու այնպիսի ձեւով մը, որ կրնայ տեղաւորուիլ այս կանոնադրութեան շրջանակին մէջ։ Փափալեարիս մեզի յայտնեց, որ այժմ կը սպասեն այս կարեւոր հանդիպման արդիւնքին։

Ան աւելցուց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ համայնքներու միջեւ ներդաշնակութեան ապահովուիլը նպատակայարմար կրնայ ըլլալ։ Փոքրամասնական համայնքները, որոնք ունին նաեւ առանձնայատկութիւններ, այս փուլին պէտք է առաջնորդուին իրարու զգայնութիւնները եւ դժուարութիւնները հաշուի առնելով՝ մանաւանդ պատկան իշխանութիւններէն ակնկալութիւններու պարագային։ Ուստի, Եորկօ Փափալեարիս համոզուած է, թէ օգտակար կրնայ ըլլալ բոլոր փոքրամասնական համայնքներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, սահմանափակ շրջանակի մէջ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունենայ՝ դժուարութիւնները վերջնականօրէն յստակեցնելու եւ հաւանական լուծման հեռանկարներուն շուրջ համախոհութեան մը հասնելու համար։

Պատասխանելով մեր հարցումին՝ Եորկօ Փափալեարիս դիտել տուաւ, որ այս պահու դրութեամբ յոյն համայնքէն ներս նոր կանոնադրութեան բերումով դատական իշխանութիւններու դիմելու ուղղութեամբ մտադրութիւն մը գոյութիւն չունի։

Ըստ ERVAB-ի առցանց հարթակին վրայ շրջանառութեան մէջ մտած լսումներուն, Թուրքիոյ հրեայ համայնքն ալ հակուած է այս նոր կանոնադրութեան յարմարելով յառաջ ընթանալ։ Արդարեւ, ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, թէ առարկութիւնները կամ ընդվզումները բաւարար պիտի չըլլան այս փուլին էական փոփոխութիւն մը ապահովելու համար։

Այժմ համայնքային շրջանակները այս յաւելեալ տուեալներու լոյսին տակ կը ջանան կողմնորոշուիլ՝ նոր կանոնադրութեան գործադրութեան ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022