«ՓԱՌԱՏԵՍԻԼ» ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց փառատօնի ծիրէն ներս առանձայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Փառատեսիլ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթը։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած համապատասխան ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, Պատրիարքարանի անձնակազմէն Կարօ Վռամ Պապայեանի եւ Հիլտա Այնաեիւզի կողմէ։ Մեր համայնքէն երկսեռ երիտասարդներու քառասուներեք խումբ ծրագրին մասնակցեցաւ իր ստեղծագործութիւններով։ Կարճաժամկէտ ժապաւէնները արժեւորուեցան դատակազմի մը կողմէ, որուն մէջ էին՝ Անի Պարոնեան, Արմինէ Եազտանօղլու, Պօղոս Չալկըճօղլու եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը։
Նախակրթարաններու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ «Մամիճիկին ձագուկները» ժապաւէնը (Արեգ Չաթաք, Սեսիլ Ռէիսեան եւ Լիտա Աւրուզ)։ Լիսէներու անուանակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ «Աղջիկտես» ժապաւէնը (Կարէն Պետիկօղլու, Արեգ Սիւզմէ եւ Արտա Արըք)։
Մինչ դափնեկիրները ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց պարգեւները, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։