ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը համավարակի շրջանէն վերջ յառաջիկայ՝ 56-րդ շրջանին կը պատրաստուի վերստին հիւրընկալել մեր համայնքի պատանիները։ Զուգահեռաբար, յայտնի կը դառնայ նաեւ այն կազմը, որ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ այս ամառ։ Արի Չոլաքի գլխաւորութեամբ կազմուած խնամատար մարմնի անդամներն են՝ Սիմոն Քումրալ, Սարօ Պենկլեան, Նորա Քումրալ, Սեւան Չաքան, Ռաֆֆի Քալք, Այգուն Պուտաք, Առնօ Պենկլեան, Առէն Կիւնպիլիր եւ Արփէն Չընար։

Կայանի տիկնանց կազմին մէջ պիտի աշխատին՝ Լիզի Չերմէ Ճիվանեան, Ալին Քումրալ, Մաթիլտա Ֆըրատօղլու, Ժոսլին Տինչքայըքչը, Նազենի Թրթըր, Թալին Շիրինփընար, Սանթա Ինկիլիզօղլու, Լեռնա Փափազեան, Թալին Փեհլիվան, Թալին Փափազեան եւ Արաքսի Պիւյիւքթաշճեան։

Կազդուրման կայանի տնօրէնուհիի պաշտօնը այս տարի եւս կը ստանձնէ արժէքաւոր կրթական մշակ Լիզա Չոլաքօղլու։

Խնամատար մարմնի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են եղանակի պաշտօնական բացման արարողութեան համար։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022