ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Յայտնի արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեան, որ թատերական աշխարհէ ներս ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան զուգահեռ՝ հրապարակագրական ոլորտին ալ բացուած է, վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Burgazada Sevgilim» անուն գիրքը։ «Ատալը» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած այս գիրքին համար երէկ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Պուրկազ կղզիի մէջ։ Տեղւոյն Կղզեաց ջրային մարզաձեւերու ակումբի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ գինեձօնը, որու յայտագիրը վարեց Հալիմ Պուլութօղլու։ Հեղինակին հետ կատարուած կենդանի զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ ընթացաւ շնորհանդէսը, որու ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան շատ հաղորդական ոճով մը պատմեց Պուրկազ կղզիի վերաբերեալ իր վկայութիւնները։ Իր արտայայտութիւնները թէ՛ զգացական էին եւ թէ զանազան առումներով վաւերագրական բնոյթ կը ներկայացնէին։ Պերճուհի Պէրպէրեան շեշտեց, որ գիրքը ձօնած է իր լուսահոգի հօր յիշատակին։ Արդարեւ, ան ի կեանս էր, երբ հեղինակը սկսած էր գիրքը գրել, սակայն արդէն նախախնամական տնօրինութեամբ՝ հնարաւորութիւն չունեցաւ տեսնելու անոր հրատարակութիւնը։

Հաճելի ու հետաքրքրական այս ասուլիսէն վերջ Պերճուհի Պէրպէրեան ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Բոլորն ալ ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը եւ բարձր գնահատեցին այս գործին նշանակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս շնորհանդէսը կազմակերպուեցաւ «Կղզեցի գրողներ, կղզիներու մասին գրողներ» ծրագրի շրջանակին մէջ, որու նախաձեռնարկներն են Կղզեաց քաղաքապետարանը, Կղզեաց թանգարանն ու Կղզեաց քաղաքային խորհուրդը։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023