ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔ

Թուրքիոյ մէջ պատահած իրերայաջորդ երկրաշարժներուն պատճառ դարձած աղէտը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրին օրակարգը։ Աղէտեալներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, անոնց կարիքերուն հասնելու հրամայականները այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւս կը ձեւաւորեն հրատապ օրակարգը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ առկայ մարտահրաւէրները, որոնց համար ժամանակի դէմ աշխատանք կը տարուի համայնքէն ներս։

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ հերթական համայնքային խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այսպէս, համայնքային շրջանակները հերթական անգամ արժեւորեցին աղէտէն վերջ ստեղծուած կացութիւնը, ծանր հետեւանքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ ցարդ ներդրուած միջոցները աչքէ անցուեցան եւ յառաջիկայ շրջանին համար ուրուագծուած կարիքներու դիմագրաւման ճանապարհին կարծիքներ յղացուեցան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Աղօթքով սկսաւ խորհրդակցութիւնը, որու բացման Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Այժմ, աղէտի յաջորդած մթնոլորտին մէջ համայնքը կը շարունակէ աղէտեալներու առաջին անհրաժեշտութեան կարիքները դիմագրաւելու ուղղեալ աշխատանքները։ Յամենայնդէպս, աստիճանաբար այս մեծ գործը նոր հարթութիւն մը կը թեւակոխէ։ Արդարեւ, ժամանակաւոր, հրատապ կարիքներու դիմագրաւման զուգահեռ՝ ներկայիս աստիճանաբար ի յայտ կու գայ նաեւ աւելի տարբեր կարիքներու, աւելի երկարաժամկէտ խնդիրներ լուծելու հրամայականը։ Այսպէս, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ որոշ ժամանակ եւս աղէտեալներու հրատապ կարիքներու դիմագրաւման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին։ Բաց աստի, նոր նախաձեռնութիւններ կը սկսին՝ մասնաւորապէս հաշուի առնելով, որ տնազուրկ աղէտեալներ կան եւ անոնք պէտք է ապահովուին նոր բնակարաններով։ Աղէտեալները բնակարաններով օժտելու գործը իսկապէս մեծ աշխատանք կ՚ենթադրէ եւ երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին այս ուղղութեամբ առաջին քայլը առնուեցաւ, ձեւաւորուեցաւ ճանապարհային քարտէս մը, որ հորիզոն մը կը բանայ աղէտեալները նոր բնակարաններով օժտելու տեսակէտէ։ Կազմուած են յանձնախումբեր եւ ենթայանձնախումբեր, որոնք փուլ առ փուլ պիտի իրականացնեն այս աշխատանքը՝ հնարաւորութիւններու շրջանակին մէջ։

Միւս կողմէ, Գումգաբուի մէջ երէկ յայտարարուեցաւ, որ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի դիւանին մէջ հերթի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այսպէս, Խաչիկ Ճանէլ, որ այս յանձնախումբի ստեղծուած օրէն ի վեր կը գլխաւորէր զայն, այժմ հերթը կը փոխանցէ Հերման Գաւաֆեանին։ Արդարեւ, Խաչիկ Ճանէլ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամ ընտրուած է եւ այդ պաշտօնին ձեռնարկելէ առաջ յարմար նկատած է Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը լքելու։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին ատենապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Հերման Գաւաֆեան, որ եւս այդ յանձնախումբի փորձառու տարրերէն մին է։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023