ERVAB-Ի ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Անցեալ երկուշաբթի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին որոշուած էր այսօր խորհրդակցութեան ընդգրկել նորաստեղծ ընտրական մարմինները, որոնք կազմուած են՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ։ Նկատի ունենալով, որ այս նոր կանոնադրութեան գործադրութեան նախընթացները տակաւին չեն յստակացած՝ ԹՎՄ-ի հարթակին վրայ համայնքային վարիչները խտացեալ աշխատանք կը տանին, որպէսզի բոլոր հարցականները գտնեն իրենց պատասխանները։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ ERVAB-ը, այս առաւօտ մեզի յայտնեց, թէ ինք այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի զանազան շրջանային տնօրէնութիւններէն մեր հաստատութիւններուն կը հասնին պաշտօնական գրութիւններ։ Այսպէս, կը տեղեկացուի, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ այդ բաժանմունքներուն ուղարկուած է պաշտօնական գրութիւն մը, որով վերահաստատուած է, թէ համար 31.870 Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած համայնքային վաքըֆներու նոր կանոնադրութիւնը արդէն մտած է գործադրութեան մէջ։ Ուստի, շրջանային տնօրէնութիւնները՝ իրենց պատասխանատուութեան գօտիի բոլոր համայնքային վաքըֆներուն կ՚ուղարկեն նման պաշտօնական երկտողներ, որպէսզի յետաձգեալ ընտրութիւններու գործընթացը աւարտին հասնի՝ կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ժամկէտներէն ներս։

ERVAB-ի նախորդ ժողովին ընթացքին տեղեկացուած էր նաեւ, որ իսլամաց մօտալուտ արձակուրդի օրերէն վերջ պատկան մարմիններէն ներկայացուցիչներ համայնքային վարիչներու հետ պիտի մէկտեղուին՝ նոր կանոնադրութեան գործադրութեան ձեւերը յստակեցնելու նպատակով։ ERVAB-ի անցեալ ժողովին համայնքային վարիչները իրարու հետ բաժնած էին նաեւ զանազան լսումներ, ըստ որոնց նոր կանոնադրութեան գործադրութեան մեկնաբանութիւններուն առումով պաշտօնական մարմինները մեծ ճկունացումներու տեսակէտէ կանաչ լոյս չեն վառեր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022