ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ինքլափ» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս լոյս ընծայած է մեր արժէքաւոր մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը, որ կը կոչուի «Զապէլ Եսայեան. կեանքն ու երկերը»։ Յայտնի գրականագէտ Սօսի Անթիքաճեան ծաւալուն մենագրութիւն մը պատրաստած է Զապէլ Եսայեանի մասին՝ որպէս արտասովոր կնոջ մը դիւցազնային ոդիսականը։ Հրատարակչութեան հիմնադրութեան 95-ամեակի յոբելենական շրջանի արտադրանքին մաս կազմած է Սօսի Անթիքաճեանի այս նոր գիրքը, որու համար բծախնդիր հետազօտական աշխատանք մը տարուած է հեղինակին կողմէ։ Այս գիրքը Զապէլ Եսայեանի մասին պատրաստուած առաջին ծաւալուն մենագրութիւնը կը համարուի։ Անթիքաճեան մատնանշած է, որ արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն Զապէլ Եսայեան կեանքի ողջ տեւողութեան ձգտած է հասարակութեան մը, ուր դասակարգային խտրականութիւնները պիտի բացառուէին։ Թէ՛ գիտական տուեալներով եւ թէ շատ յաջող ոճով մը Սօսի Անթիքաճեան գիրքին մէջ ներկայացուցած է, թէ մեծանուն գրողը միշտ հետամուտ եղած է մեծ իտէալներու եւ իր գրիչը միշտ օգտագործած է որպէս զէնք՝ անարդարութիւններու դէմ։ Մեր գրականութեան այս բացառիկ կերպարը դաւանած է հաւասարութեան եւ անհատական ազատութիւնները կենսագործելու առաջադրութեամբ շատ անգամ անտեսած է սեփական անվտանգութիւնը։

Սօսի Անթիքաճեանի այս ուսումնասիրութեան հիման վրայ ընթերցողը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ խորաթափանց պատկերացնելու Զապէլ Եսայեանի երկերուն մէջ մատուցուած կանանց հոգեբանական կացութիւնը՝ մանաւանդ անհատական ազատութիւններու եւ աւանդական սպասումներու միջեւ յառաջացած հակասութիւնները։ Արդարեւ, Զապէլ Եսայեան համոզուած է, թէ իգական ու արական սեռերուն միջեւ հաւասարութիւնը երբեք կարելի պիտի չըլլայ՝ որքան ատեն, որ հասարակութեան բոլոր խաւերուն միջեւ հաւասարութիւն չհաստատուի։

Սօսի Անթիքաճեանի գիրքին մէջ Զապէլ Եսայեանը կը ներկայացուի այն գաղափարներով, որոնք անդրանցած են իր դարը, իր ապրած ու արտադրած ժամանակաշրջանը։ Զապէլ Եսայեան այդ գաղափարներով եղած է արտասովոր կին մը, որ իսկապէս յեղափոխութիւն մը ստեղծած է։ Անթիքաճեանի մանրակրկիտ աշխատանքին շնորհիւ Զապէլ Եսայեանի կեանքը կը վերածուի դիւնազներգութեան մը։ Արդարեւ, ան յաջողած է ընթերցողին այնքան դիպուկ ձեւով ներկայացնել Զապէլ Եսայեանի կերպարը՝ պայքարի մէջ անցած արժանապատիւ ու հպարտ կեանքի մը բոլոր երեսակներով։

Սօսի Անթիքաճեանի այս գիրքը վստահաբար հետաքրքիր ընթերցողներու ուշադրութեան առարկայ դառնայ։

Հարկ է նշել, որ երկարամեայ ակադեմական գործունէութենէն վերջ, Սօսի Անթիքաճեան վերջին տարիներուն կ՚առանձնանայ նաեւ իր բեղուն արտադրութեամբ։ Քանի մը տարի առաջ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած էին Սօսի Անթիքաճեանի ընտանեկան յուշերը, որոնք այնքան վարպետօրէն ու խորքայնութեամբ ներկայացուած էին, որ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ լոյս սփռած «վաւերագրական յիշողութեան» մը վերածուած էին։ Այդ յաջող փորձէն վերջ, այժմ, Սօսի Անթիքաճեան արդէն երկրորդ գիրքով մը կը ներկայանայ ընթերցասէր հասարակութեան, որ իսկապէս յաւակնոտ գործ մըն է, սակայն, ան արդարացուցած է այս նախաձեռնութիւնը՝ գրականագէտի իր ծով պաշարով, նաեւ արմատներուն նկատմամբ զգայնութիւններու դրսեւորումը առաջին հերթին հայ մշակոյթի անծայրածիր ովկիանոսին մէջ փնտռելու բարձր ընդունակութեամբ։

Նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամ ու հարազատ Սօսի Անթիքաճեանը՝ մաղթելով, որ արտադրական եռանդը երբեք չպակսի իր մօտ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022