ՀԱԼԷՊԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՅՈՅՍ…
Անցնող օրերը աւելի քան կարեւոր էին Հալէպ քաղաքին համար։ Քաղաքի արեւմտեան շրջանները անցան Սուրիոյ պետական ուժերու տիրապետութեան տակ եւ ատկէ անդին ալ վերաբացուեցաւ ութ տարիէի ի վեր փակ մնացած օդակայանը։ Այս բոլորէն անդին՝ յստակ է նաեւ, որ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Սուրիոյ ընդհանուր միաւորին մէջ ուղենշային դեր ունեցող Հալէպ քաղաքը պիտի դառնայ կարեւոր յենարան, որպէսզի այդ երկիրը դարձեալ շնչէ։
Այս բոլորին զուգընթաց բաւական արագ զարգացումներ կ՚արձանագրուին նաեւ Իտլիպ նահանգին շուրջ եւ այդ առումով ալ բաւական ուշագրաւ եւ որոշիչ կեցուածքներ կրնան ջուրին երեսը գալ։
Այս ծիրին մէջ ալ յստակ է, որ Անգարա-Մոսկուա նոյն ձեւով չեն մտածեր ու շատ մը վերլուծաբաններու տեսակէտով՝ այս բեկումը, կամ տեսակէտներու տարբերութիւնը սպասելի էր։
Վտանգաւորը անշուշտ համընդհանուր բախումն է, որու պարագային ալ բնականօրէն պիտի տուժեն բոլոր կողմերը։ Կայ անշուշտ վառ տեսակէտ մըն ալ, որուն համաձայն գետնի վրայ առկայ սրացումը պիտի չտանի մեծ պատերազմի, որովհետեւ երկու հիմնական կողմերն ալ՝ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Անգարան, երբեք պատրաստ չեն մեծ շահերու վրայ հիմնուած իրենց փոխգործակցութիւնը կասեցնել, կամ ինչ որ տեղ վնասել։
Շատեր կը խօսին այն մասին, թէ այս գործողութիւնները կը կատարուին Թեհրանի մէջ նախատեսուած եռակողմ գագաթէ մը առաջ, որուն հիմնական դէմքերը պիտի ըլլան նախագահներ՝ Էրտողանը, Ռուհանին ու Փութինը։
Հոն է նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ կարեւոր նշանագծեր դրուին եւ բոլոր կողմերը կարեւոր ճիգեր իրականացնեն այդ պայմանաւորուածութիւնները իրականացնելու համար։
Հակառակ այս բոլորին, այսօր աւելի քան յստակ է, որ Հալէպ քաղաքի թղթածրարը համարեայ փակուած է։ Այն իմաստով որ, մինչ շրջան մը առաջ Հալէպի խնդրի կարգաւորման համար կարեւոր կը համարուէր Իտլիպի բաւական բարդ խնդրին վերջնական լուծման գալը, այսօր արդէն իսկ այդ մէկը կարեւոր չէ։ Կարեւոր չէ, որովհետեւ ստեղծուած է բաւական նոր իրավիճակ մը եւ Սուրիոյ պետութեան համար կարեւոր միաւոր համարուող Հալէպը կը համարուի ազատագրուած շրջան։
Անշուշտ այս վիճակը իր բարենպաստ պայմանները պիտի տարածէ նաեւ հալէպահայութեան համար, որ այսօր եւս կը տառապի բաւական լուրջ դժուարութիւններու հետեւանքով։
Մինչ մարդկային տարրական պայմանները կը շարունակեն բացակայիլ, անդին տնտեսական դժուարութիւնները, աշխատավայրերու պակասը եւ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած վիճակները շատ ծանր կը նստին հալէպցիներու ուսերուն։
Ճիշդ է, որ քաղաքէն արտագաղթի նոր պարագաներ չեն արձանագուիր, եւ այլ խօսքով ալ Հալէպէն կը հեռանան միայն անոնք, որոնք հաստատուած ուղղութիւն մը ու տաք երդիք մը ունենալու հնարաւորութիւն մ՚ունին։ Ու այս բոլորին հետ կան, Հալէպի մէջ կ՚ապրին հալէպահայերու կարեւոր զանգուած մը, որ դիմանալէ ետք այդ քաղաքի ամենադժուարին պայմաններուն՝ վճռած է իր կեանքը շարունակել, աւելի ճիշդը նոր կեանքի մը սկսիլ Հալէպի մէջ։
Այս իրականութեան առջեւ աւելի քան տխրեցնող է, որ Հալէպը կարծես թէ ձեւով մը դուրս ձգուած է սփիւռքահայութեան կամ հայկական ընդհանուր օրակարգէն։
Թէեւ որոշ հանագամանքներ ալ պատճառ կը դառնան, որ Հալէպի ու հալէպահայութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը պակսին, սակայն բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ Հալէպը կարեւոր է բոլոր առումներով։
ՏԵՍԱԿԷՏ ՀԱԼԷՊԷՆ. ԼՈՒՍԻՆ ԹԷՐԶԵԱՆ. «ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԻՆ ՆՈՒԱԶՈՒՄԸ ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ Կ՚ԱՌԹԷ»
-Տիկին Թէրզեան, գիտենք որ անցեալին կարեւոր խնդիր կը համարուէր ելեկտրականութեան, ջուրի, վառելանիւթի եւ հացի տագնապները: Այսօր ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը, արդեօք այդ տագնապները վերացա՞ծ են:
-Ելեկտրականութեան տագնապի պարագային՝ կրնամ ըսել, որ վիճակը բաւական բարելաւուած է, իսկ ջուրի տագնապը՝ հարիւր առ հարիւր լուծուած է, այսինքն այլեւս ջուրի եւ ելեկտրականութեան առումով որեւէ գանգատ չունինք: Բայց վառելանիւթի պարագային դեռ դժուարութիւններ ունինք, հիմա արդէն ձմեռ է եւ պետութիւնը յայտարարած է, որ ամէն ընտանիքի միայն 100 լիթր վառելանիւթ պիտի տրամադրուի, մինչ անցեալին 1000 լիթր կը լեցնէինք եւ հազիւ կը բաւարարէր։ Ասիկա մեզի համար մեծ հարց եղաւ այս տարի, այդ 100 լիթրը, որ 20 հազար սուրիական կ՚արժէ, հազիւ տասն օր կը բաւէ, բայց պիտի ջանանք պետութեան տուած չափով օգտագործել, ուրիշ միջոց չունինք, ստիպուած ենք համակերպիլ: Ինչ կը վերաբերի հացի տագնապին, այդ ալ լուծուած է, հացի պակաս չունինք, բայց երբեմն կը ստիպուինք երկար հերթեր սպասելու, որովհետեւ փռապանները որոշ վաճառականներէ կրկնակի դրամ գանձելով, նախեւառաջ անոնց կը մատակարարեն, ատոր համար երկար հերթեր կը գոյանան, բայց կրնանք ապահովել հացը: Անլուծելի կը մնայ կազի տակառ ճարելու խնդիրը, մանաւանդ ձմեռ է, հետեւաբար կազի առկայ տագնապը կրնայ սրիլ։
-Հայկական շրջաններուն մէջ ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, հայութեան համար ի՞նչ են գլխաւոր խնդիրները. տրամադրութիւնները ինչպիսի՞ն են ժողովուրդին մօտ:
-Հայկական թաղամասերը՝ որոնք անցեալին մեծամասնութեամբ հայերով բնակեցուած էին, դիմագիծը բաւականին փոխուած է. ներկայիս այնտեղ մեծամասնութեամբ օտարազգիներ կան, մնացած հայերն ալ ստիպուած են այդ մէկը ընդունիլ, շարունակել այնտեղ ապրիլ եւ այլեւս անոնցմէ մէկն եմ։
Երէկ մարգարէի ծննդեան տօնն էր, կ՚արժէր տեսնէիք, թէ հայ-քրիստոնեայ թաղամասերը ինչ պատկեր ստացած էին։ Այս բոլորը մեզի համար հոգեկան ճըշում կը պատճառեն, այստեղ հայերը կամ քրիստոնեաները ոչ թէ իրենց կամքով, այլ ձեւով մը ստիպուած են համոզուիլ այս կեանքին եւ ապրիլ: Ես վստահ եմ, որ հոս մնացողներուն մեծամասնութիւնը միջոց չունեցան, որպէսզի դուրս գան կամ չկրցան ելլել, պարագանին չներեց: Ու կ՚ենթադրեմ, որ եթէ հեռանայինք, աւելի լաւ պիտի ըլլար:
-Զանազան աղբիւրներ կ՚ըսեն, որ Գանատա կամ այլ օտար ափեր հասած մեծ թիւով սուրիահայեր կը վերադառնան դէպի Հալէպ. ինչքանո՞վ ճիշդ է այս խօսքը:
-Ոչ մէկը վերադրաձած է: Չեմ կարծեր, որ Եւրոպա գացողը կը վերադառնայ, հոն հասնողը որքան ալ դժուարութիւն ունենայ, որեւէ միջոցի կը դիմէ ապրելու, հոն մնալու եւ ետ չգալու: Ես ունիմ հարազատներ, որոնք բոլորը դուրս ելան, չեն գար եւ չեն ալ ուզեր գալ, ընդհակառակը, կը քաջալերեն, որ ես ալ դուրս ելլեմ... պիտի չվերադառնան:
Կրնայ ըլլալ որ ոմանք, որոնք մօտակայ արաբական երկիրներ գացած են, Լիբանան եւ այլն, կամ նոյնիսկ Հայաստան, այնտեղ անյաջողութիւն ունեցած են եւ մտածելով, որ հոս դեռ գոնէ տուն տեղ ունին, վերադարձած են, բայց Գանատա, Աւստրալիա գացող ոեւէ մէկը դեռ չեկաւ, եթէ նոյնիսկ եկած են, կը նշանակէ որոշ պայմաններ ունին, կրնայ ըլլալ, որ իրենց գաղթած երկիրը դուրս դրած է զիրենք։ Նման մի քանի պարագաներ կան, բայց իրենց կամքով եկողներ չկան։ Թէեւ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւեն, սակայն իմ կարծիքո՝ չեն վերադառնար։
-Եթէ իրավիճակը այսպէս մնայ, հալէպահայութիւնը արդեօք կը շարունակէ՞ ապրիլ Հալէպի մէջ, կամ կը գաղթէ՞: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հալէպահայութեան ապագան:
-Հիմա պատերազմի տարիներուն բաղդատմամբ, Հալէպը աւելի լաւ է, միայն մէկ խնդիր կայ, անտանելի սղութիւն կը տիրէ: Կրնամ ըսել, եթէ նախապէս երկու-երեք հոգինոց ընտանիք մը 200 հազար սուրիականով կ՚ապրէր, հիմա հազիւ 350 հազարը բաւէ։ Եթէ ճաշ մը պիտի պատրաստես, հազարներ պէտք է ծախսես, սակայն ապահովելու եկամուտը արդէն չկայ։ Եթէ օրինաւոր շահ ըլլայ, մարդիկ կարենան իրենց կարիքները ապահովել, ոեւէ մէկը, որ մինչեւ հիմա հոս մնացած է, չ՚ուզեր հեռանալ երկրէն։ Ի վերջոյ մեր դպրոցները, եկեղեցիները հոս են, ամէն ինչ տեղը տեղին կը քալէ, պատարագները, աղօթքները, մեր առօրեայ կեանքը շատ լաւ կ՚ընթանայ, ոեւէ մէկը մեր կեանքին արգելք չ՚ըլլար։ Միայն թէ մենք տարբեր ձեւով սկսանք նայիլ իրենք, քանի որ մեր թիւը նուազեցաւ, այսինքն, կրնամ ըսել, հայութեան պակսիլը քիչ մը մեր թեւը կոտրեց, թէ ոչ նոյն կեանքն է որ մենք կ՚ապրինք, փոփոխութիւն մը չեղաւ:
Հիմա կեանքը աւելի լաւ է, աւելի լաւ եղաւ, միայն այդ սղութիւնն է, որ մեզ կը նեղէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան