ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ. ՑՆՑՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ԲԵԿՈ՞ՒՄ…
Ցնցումը մեծ է երկրաշարժին հետեւանքով. աննկարագրելի ողբերգութիւն, որու պատկերը կ՚ահագնանայ ափսո՜ս։ Սա նաեւ իր հետ կը բերէ նոր օրակարգ եւ նոր սկիզբ մը։ Առկայ վիճակին մէջ ի յայտ եկած է նաեւ նոր հարցում մը։ Ցնցումը կը բերէ՞ բեկում մը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ։
Օրեր առաջ Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանէն փոխադրուեցաւ մարդասիրական օգնութիւն։ Հայկական հինգ մեծ բեռնատար մութին մէջ դէպի Մարքարա ուղղուեցաւ եւ լուսաբացին Ալիճան ցամաքային անցակէտէն հատեց սահմանը։ Հիմա շատեր կը հարցնեն, թէ մութին մէջ ճանապարհ կտրած այդ բեռնատարները կրնան նոր լոյս մը բերել Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ։ Հարցումէ անդին՝ գուշակութեան եզրին կրնայ հասնիլ նիւթը… Յամենայնդէպս, այս հարցման պատասխանի որոնումներուն տեսակէտէ կարեւոր օր է, ի՜նչ խօսք։
Այսօր Թուրքիոյ մէջ է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Անգարայի կողմէ զօրակցութեան այցելութիւն մը կ՚որակուի այս մէկը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ իր հայ պաշտօնակիցը։ Դատելով վերջին օրերու նմանօրինակ այցելութիւններէն՝ շատ հաւանական է նախարարներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Միրզոյեան կ՚այցելէ նաեւ աղէտի գօտի, կը մեկնի Ատըեաման, ուր կ՚աշխատի Հայաստանի փրկարարներու խումբը։
Երէկ, երեք կարեւոր յայտարարութիւն ուշադրութիւն գրաւեց լրահոսին վրայ՝ այսօրուան այցին ընդառաջ։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Հայաստան պատրաստ է ամէն պահ սահմանի բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Պայմանաւորուածութիւններ եղած են եւ անոնցմէ մին՝ Թուրքիա եւ Հայաստան այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացումն է։ Հայկական եւ թրքական կողմերը քննարկումներ կ՚իրականացնեն եւ կը շարունակենք աշխատանքը այդ ուղղութեամբ՝ յոյս ունենալով, թէ սա հնարաւորինս շուտ տեղի կ՚ունենայ»։ Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան բանբեր Սամանթա Փաուըրն ալ յայտնեց. «Այնքան յուզիչ է տեսնել, թէ ինչպէս մէկ կողմ դրուած է տասնամեակներու թշնամանքը՝ օգնելու յուսահատ, կարիքի մէջ գտնուող մարդոց։ 35 տարուան մէջ առաջին անգամ բացուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտը, որպէսզի օգնութիւնը հասնի երկրաշարժէն տուժածներուն։ Հայաստան կ՚ուղարկէ 100 թոն պաշար եւ որոնողափրկարարական խումբ»։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչն ալ ըսաւ. «Մենք առանձին՝ մէկ կաթիլ ենք, միասին՝ ովկիանոս։ Սա այն օրն է, երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք էթնիք, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութիւնը եւ մարդասիրութեան ու մարդկային համերաշխութեան բարձրագոյն մակարդակին կը հասնինք՝ որպէս նոյն Աստուծոյ զաւակները։ Աստուած օրհնէ բոլորդ»։
Ցնցումէն վերջ բեկո՞ւմ. գուցէ օրուան աւարտին հնարաւոր դառնայ ազդանշաններ ունենալ կանխատեսումներ կամ հետեւութիւններ ընելու համար…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024