ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆԸ…

Այսօր կ՚ոգեկոչենք բարեյիշատակ ու յաւէտ ողբացեալ Վարդան Օզինեանը. մահուան հինգերորդ տարելից… Բի՜ւր յարգանքով եւ անսահման կարօտով կը խոնարհինք անթառամ յիշատակին առջեւ՝ հերթական անգամ անդրադառնալով իր մարմնաւորած կերպարի վեհութեան։ Առարկայական շարք մը գիտութեանց մասնագէտ, դիւանագէտ, մանկավարժ, տնտեսագէտ, միջազգայնագէտ, հասարակական գործիչ եւ ի լրումն այս բոլորին Կեդրոնականի մեծանուն սան ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երախտաշատ վաստակեալ… Հինգ տարիներու հեռաւորութենէ կը վերյիշենք լուսահոգի Վարդան Օզինեանը։ Հինգ տարիներ մեզ կը բաժնեն իրմէ՝ որքան որ ալ զգացականօրէն բնաւ ընդհատուած չըլլայ մեր հաղորդակցութիւնը։ Իր նման փայլուն մտքի մը, վառ անհատականութեան մը ու տիրական մտաւորականի մը հետ շփումը արդէն ակամայ անջնջելի հետք մը կը թողու իւրաքանչիւրին վրայ։

Ժամանակի անծայրածիր հոսքին մէջ թէեւ հինգ տարին նոյնիսկ ակնթարթ մը չէ, բայց, երբեմն ալ համազօր կրնայ ըլլալ կարծես հինգ դարէ աւելիին։ Այդպիսին է ահա՛ հոգելոյս Վարդան Օզինեանի պարագան. դժուար է համակերպիլ, դժուար է հաշտուիլ։ Պարապութիւն մը, որու եղափոխութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կու գայ մարդս կլանել թանձր զրկանք մը։ Կը խուսափիս բացուելէ ծայրայեղութեան ծովը, ուր կրնաս մտածել, թէ իր նմանները կարծես պէտք է անմահ ըլլան պարզապէս…

Վարդան Օզինեանի կեանքն ու գործունէութիւնը կը բիւրեղանային քանի մը առանցքի շուրջ. իւրաքանչիւրը ձեւով մը կու գար համալրել միւսը։ Ան բնութեան սիրահար մըն էր եւ յստակ կը գիտակցէր, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը դիրքաւորուի անոր մէջ։ Պետական-քաղաքական իրադարձութիւնները հմտօրէն կը մեկնաբանէր, որովհետեւ առարկայական շահու գերազանց պատկերացում մը ունէր։ Իր աշխատած կամ արտադրած բոլոր ոլորտներուն մէջ հեղինակութիւն կը համարուէր, որովհետեւ սկզբունքի մարդ էր, գաղափարներով կ՚առաջնորդուէր, անձնակեդրոն կամ պատեհապաշտ չէր։ Վարպետօրէն կը թիրախաւորէր խնդիրներու էութիւնը՝ քանի մանրամասնութիւնները այնքան լայն պրիսմակէ կը դիտարկէր, որ զանազանելու փուլին չէր դժուարանար։ Կատարելապաշտ էր, որովհետեւ աշխատանքին ու արդիւնքին կը հաւատար։ Իր կեանքին ընդհանուր կշռոյթը շատ յաճախ կամքէն անկախ գործերով պայմանաւորուած էր, սակայն, ան յամառ ջանքերով յաջողած էր երբեք ժամանակ չվատնել։

Այս բոլորին առընթեր, Վարդան Օզինեանի կեանքի փիլիսոփայութեան կիզակէտին էր կրթութիւնը։ Իր աշխարհընկալման ուղղութիւնը դաստիարակութիւնը կը գծէր եւ այս կէտին վրայ միս ու արիւն կը ստանային հայկականութեան վերաբերեալ ամբողջ յանձնառութիւնները։ Ուսման հետամուտ զգայնութիւններու ախոյեան մըն էր։ Իր սերնդակիցներու շարքին միշտ կ՚առանձնանար՝ մտաւոր կարողութիւններով ու փորձառութեամբ, նաեւ կազմակերպչական տեսլականով։ Միշտ պարզ էր, բայց, երբեք ոչ պարզունակ։ Հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի հոլովոյթը անակնկալներ չէր մատուցեր իրեն՝ քանի ի վիճակի էր հաշուարկելու, թէ երեւոյթներու ծայրը ո՛ւր կրնայ հասնիլ։ Իր մղումը երբեք ոգեւորութիւնը չէր ըլլար, որովհետեւ մեկնակէտը միշտ պատասխանատուութեան զգացումը կ՚ըլլար սեփական ժողովուրդին նկատմամբ։ Արժանապատուութիւնը կ՚երաշխաւորէր չափաւորութեան մէջ՝ ամէն ձեւով բացառելով սակարկութիւնը։ Հայկական կրթութիւն ստացած, հայկական մշակոյթը իւրացուցած ըլլալը իրեն անհրաժարելի երախտագիտութիւն մը կ՚առթէին հայութեան նկատմամբ։ Սփիւռքի մէջ տասնամեակներ շարունակ մարմնաւորած էր՝ հայկական մարսուած ու հաւասարակշռուած ինքնութեամբ, համաշխարհային լիարժէք քաղաքացիի մը կերպարը։ Ան հայկականը երբեք չէր առանձնացներ, ընդհանուրին չէր հակադրեր եւ հասարակաց յայտարարներու հիման վրայ կը հասնէր այնպիսի համադրութիւններու, որոնք սուր երկընտրանքներու դէմ յանդիման մնալէ կը խնայէին հարազատ ազգին համեստ ներուժը։

Վարդան Օզինեան ունէր այն խոր համոզումը, թէ հայութեան փրկութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է մարդուժի պատրաստութեան հետ։ Իր կարծիքով՝ հայոց մշակոյթին եւ ինքնութեան բնորոշ որակներու կրող մարդոց պատրաստութիւնը ազգի յարատեւութեան գաղտնիքն էր։ Ան համապատասխան ռազմավարութեան մէջ կը տանէր սեփական ազգին կենսունակութիւնը, նպատակասլաց ընթացքը եւ լճացումէ կամ ուծացումէ զերծ մնալը։ Շատ համեստ էր, նաեւ նոյնքան խիստ՝ փառամոլ միջակութիւններու դէմ, որոնք կը թունաւորէին ընդհանուր գործին միջավայրը։ Կը գիտակցէր, թէ հայոց պարագային փրկութիւն ըսուածը, խորքին մէջ, կը սահմանափակուէր յարատեւումով ու վերապրումով։ Իր պատկերացմամբ՝ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր էր ջանք թափելու հայ մնալու համար եւ առաջին հերթին մայրենիով հաղորդակցութեան ընդունակութիւն ձեռք պէտք է բերէր։

Իր ապրած ու արարած ժամանակներու դրոշմը կը կրէր՝ իսկապէս ուրոյն դրսեւորումներով։ Ան կը պատկանէր յետեղեռնեան սերունդի, որու պայմաններով ազգի զաւակներու հայօրէն դաստիարակման համար նիւթական միջոցներ պէտք է ներդրուէին, ինչ որ կ՚ապահովուէր նուիրատուութիւններով։ Իսկ մասնագէտներու պարագային, կարծես, անոնց վիճակած ստիպողական զոհողութեան բաժին մը եղած ըլլար՝ իրենց մասնագիտութիւնը առանց վարձատրութեան ջամբելը։ Այդ առումով ալ կամաւոր ու լի ու լի հատուցած էր բարոյական պարտքը՝ իր ժողովուրդին նկատմամբ։ Համատարած անտարբերութիւնը ցաւով տեսնելով հանդերձ, միշտ երախտապարտ կը զգար հայութեան նկատմամբ՝ որպէս հայախօս ու հայկական մշակոյթի ժառանգորդ։

Սա՞ է միթէ, այսքա՞ն է միթէ Վարդան Օզինեանի մասին ըսուելիքը… Իր կեանքին հաշուեկշիռը մեծ գործ մըն է, ոեւէ մէկուն կարողութենէն դուրս եւ կարծես պատմութեան դատաստանին վերապահուած՝ որքան որ ալ յաճախ արդար չըլլայ այդ մէկը։ Յամենայնդէպս, սա պարզ, ամփոփ վկայութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ իր հասուն ժպիտով Վարդան Օզինեան խորաթափանց կը տիրապետէր լռութեան պատգամին ու միշտ չափաւոր էր հասարակ մահկանացուներու շռայլած դրուատիքին հանդէպ։ Այլ խօսքով՝ արժէք գիտցող ( ՜) մարդ էր…

*

Այսօր մենք կ՚անցնինք Փարիզի Վերսայի պողոտայէն՝ Շարտոն-Լակաշ փողոցի հատման կէտին վրայ կը նայինք դէպի իր հոգին աւանդած բնակարանին պատուհանը։ Այդ երեւակայութեան մէջ մեր աչքին կը զարնեն իր գրադարանն ու հեռատեսիլի պաստառը, ուրկէ միշտ կը ցոլանար arte-ի եթերը։ Կ՚անցնինք դէպի Սեն-Քլուի դարպասը. հրապարակի եկեղեցին է, ուր կաթոլիկներու Ծնունդին գիշերային պատարագի կ՚երթայինք։ Ի՜նչ խօսք, կարեւոր էր այդ մէկը՝ քանի Բ. Աշխարհամարտին խոնարհուելէ վերջ դարձեալ երկինք խոյացած էր ու կը նշանակէր, թէ տէր կանգնելու բան մը կար այնտեղ։ Եւ մեր քայլերը կ՚ուղղենք դէպի Պանիօ արուարձանի ընդարձակ գերեզմանատունը, ուր կը հասնինք Վարդան Օզինեանի շիրիմը։ Ամայութի՜ւն… Այն շիրիմը, ուր իրմէ առաջ թաղուած սիրեցեալ կողակցին՝ Գոհարիկին համար ծաղիկներ կը հասցնէր այնքան խնամքով։ Ու մենք միասին ալ՝ իր առած մասնաւոր դոյլով ջուր կրած էինք այդ ծաղիկներու խնամքին համար։ Այդ ծաղիկներով, կ՚երեւի, կեանքին մէջ աննախընթացօրէն չարաշահած էր բնութիւնը։ Երբ Գոհարիկը չկար, իր շիրմին վրայ հասցուցած ծաղիկներով կ՚ապրէր անոր սէրը եւ անոնց նկատմամբ խնամքն ալ այդ սիրոյ արտայայտութեան հնարաւոր միակ միջոցն էր։ Երկուքս ալ գիտէինք լռելեայն, բայց, երբեք իրարու երես չեկանք. շատ գործ ունէինք, դոյլն ալ ծանր էր։ Յիշատակնե՞ր…

*

Հո՞ն էք, պարոն Վարդան… Ծաղիկներ բերի Ձեզի, անշուշտ, Ձեր հարեւան՝ Վերսայի պողոտայի հայ ծաղկավաճառէն. գումարը օտարին չգնաց։ Վերջին անգամ հինգ տարի առաջ հեռաձայնով խօսեցանք, երբ ես Կրետէ կղզին էի։ Գուցէ օ՞ր մը, տե՞ղ մը, չես գիտեր ինչպէ՞ս, պարոն Վարդան, դարձեա՞լ…

Միակ մաղթանքս է, որ պատմութիւնը արդար ըլլայ Ձեզի նկատմամբ։ Յամենայնդէպս, մէկ-երկու անգամ հազիւ լսած եմ եւ Ձեր ընդհանուր վարքէն բոլորովին դուրս եղած է, բայց, գիտեմ՝ տեղին համեմատ շատ դիպուկ կը քրֆէիք՝ մանաւանդ սրամիտ մէջբերումներով։

Դուք այն շատ սակաւաթիւ անձնաւորութիւններէն էիք, որոնց ներկայութեամբ ինքզինքիս թոյլ չէմ տուած այդ բանը, բայց, այսօր, պարոն Վարդան, այսօր, խնդրեմ, ներեցէ՛ք զիս…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2024