ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ
ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳ ԵՒ ԱՀԱԶԱՆԳ…
2024-2025 կրթական շրջանը կը սկսի. առաջին զանգը կը հնչէ՝ վերաթարմացեալ ազդարարութեան մը նման։ Այս առաջին զանգը կարծես ահազանգ մըն է։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը ծանրաբեռնուած է հրատապ հարցերով։ Վարչական քաոսի եւ համատարած անտարբերութեան յորձանուտին մէջ է համայնքը։ Էր երբեմն, երբ պոլսահայ կեանքի խնդիրներու քննարկման ժամանակ կ՚ըսուէր՝ բարեացակամութիւնը բաւարար չէ։ Այսօր միամտութիւն է խօսիլ նաեւ բարեացակամութեան մասին։ Բոլորին աչքին առջեւ կը բեմադրուի՝ առանց տեսլականի, պատեհապաշտ հոգեւոր ու աշխարհական առաջնորդներու գործած աւերին թատրոնը։ Անոնք կ՚արդարանան իրարու ձախողումներով՝ այն աստիճան, որ կարծես կը սնուին ընդհանուր ձախողումէ՝ իրե՛նց անկիւններուն իրե՛նց խաղը յառաջ տանելու համար։ Համայնքի անդամներուն կը ներկայացուի մեծ աճպարարութիւն մը, որ կը մերկանայ ու առաւել չափով դպրոցներու ցանցի անբաւարար հաւաքական արդիւնքով կը բիւրեղանայ՝ հակառակ կոչերու, օրհնութիւններու եւ լոզունգներու։ Վարժարանները կը ցոլացնեն ընդհանուր սնանկութեան պատկերը։ Ցաւալին այն է, որ հիմնաւորումը կ՚ըլլայ նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը՝ մինչդեռ բոլորը կը խուսափին խոստովանելէ, թէ պատճառը հոգեւոր ու աշխարհական ղեկավարներու որդեգրած անսկզբունք ընթացքն է։ Արդարեւ, եթէ ըլլայ սկզբունք եւ մարդիկ անոր շուրջ համախմբուին, ապա կ՚ըլլայ համախմբում, զօրակցութիւն, զոհողութեան ոգի եւ զիրար բարձրացնելու պատրաստակամութիւն։ Քանի չկայ սկզբունք, ապա կայ բամբասանք, անմիաբանութիւն, թալան ու պառակտում։ Եւ շարունակ կը խօսուի դրամական պակասի մասին, որպէսզի մարդիկ տան ու տան՝ այս փտած համակարգը սնելու համար՝ մանաւանդ մաքրելով ու զտելով նաեւ այն տարրերը, որոնք կը սպառնան այս ողբերգութեան դէմ ձայն բարձրացնելու։ Համակարգը կոչ կ՚ուղղէ, որ հայերը հայկական դպրոց ուղարկեն իրենց զաւակները. դպրոցներ, ուր հայերէնն ու հայեցիութիւնը հեքիաթ են։ Այդ նոյն մարդիկ, անշուշտ, չեն կրնար դուռը ցոյց տալ այն ծնողներուն, որոնք կը պահանջեն խստապահանջ չըլլալ հայերէնի պարագային։ Այսօրուան վիճակին մէջ անոնց համար «ազգի զաւակ» են անոնք, որոնք կ՚ուզեն հայկական դպրոց երթալ եւ հայերէնի հետ գործ չունենալ։ Անոնք համակարգին հարազատ են՝ քանի բոլորը ներքուստ գիտեն, թէ հայերէնի հարցը փակուած է։ Համակարգին խորթ են անոնք, որոնք կը պահանջեն, որ հայկական դպրոցին մէջ իրենց զաւակները հայերէն սորվին։ Դիւրին է զանոնք հաշուեյարդարի ենթարկելը, որովհետեւ շատ քիչ են ու կը լուսանցքայնացուին սիստեմաթիք։
Ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլայ թօթափուիլ եւ դուրս գալ այս փակուղիէն։ Ընդհանուր առմամբ բաւարար հիմքեր կան՝ համոզուելու համար, թէ անդառնալի շեմը արդէն մնացած է ետին եւ արդէն ուշ է։ Միւս կողմէ, սակայն, իւրաքանչիւր գիշերուան խաւարը կը փարատի արշալոյսով։ Ուրեմն, վերամուտը մեզ կը մղէ այս յոյսը փայփայելու եւ անոր հետքով ընթանալու։ Այդ յոյսը վառ, արծարծուած պահելու նախապայմանն է՝ հայ կրթական մշակին նկատմամբ չըլլալ թերահաւատ։ Ճիշդ է, որ անոնք ալ ունին բազմաթիւ քննադատելի կէտեր, սակայն, պէտք է միշտ արդար ըլլալ եւ երեւոյթները դատել չափի մէջ։ Այսքան սխալով ծանրաբեռնուած՝ պոլսահայ կրթական համակարգի հաւասարութեան մէջէն, վերջին հաշուով, կրթական մշակները կրնան ճիշդը դուրս բերել կամ անսխալ ըլլալ՝ մանաւանդ, որ ուղիղ նուիրապետութեան մը ենթակայ են։
Ուստի, յանուն առկայ ընթացքին հակադրուելու՝ այս վերամուտին զրուցեցինք Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Հայկ Քըյըճըի հետ, որ վերջին տարիներուն թարմ եռանդով նետուած է իր առաքելութեան։ Այսօրուընէ սկսեալ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։
*
Այս հարցազրոյցի նկարահանման համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ մեր սիրեցեալ բարեկամ, Երեւանէն յայտնի լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանին, որ կարճատեւ այցով Պոլիս գտնուած օրերուն բարի եղաւ համագործակցիլ մեզի հետ։
*
- Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ընդհանրանայ խօսոյթ մը, որով պատասխանատու կամ ղեկավար դիրքի մարդիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն այն ծնողներուն, որոնք հայկական վարժարան կ՚ուղարկեն իրանց զաւակները։ Ի՞նչ կը տեսնէք այս խօսոյթի խորքին։ Զաւակը հայկական վարժարան ուղրկել կը նշանակէ հաւաքական զգայնութիւն մը եւ շնորհակալութիւնը ա՞յդ բանին համար կը յայտնուի, թէ ոչ ակնարկութիւնը լռելեայն կը վերաբերի համայնքային դպրոցին յօժարած ըլլալու հանգամանքին։
- Առաջին հերթին ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել հետեւեալին վրայ. անոնք, որոնք կը յայտնեն այդ շնորհակալութիւնը, արդեօք իրենց հերթին, իրենք ալ հայկական վարժարան կ՚ուղարկե՞ն իրենց զաւակները։ Այս հանգամանքը անկարելի է անտեսել։ Ի՞նչ մտադրութեամբ կը յայտնուի այդ շնորհակալութիւնը։ Դպրոցի պարապ չմնալո՞ւն համար է, թէ ոչ յանուն ազգասիրութեան։
Կրթութեան կարիքի դիմագրաւման պարագային, անշուշտ, մարդ իր զաւակը հայկական վարժարան կ՚ուղարկէ. ինչո՞ւ ոչ։ Այս սկզբունքը ի զօրու է ամէն տեսակ աշակերտի համար՝ ներառեալ յատուկ վերաբերմունքի անհրաժեշտութեան պարագաները։ Տարակոյս չկայ, թէ այս հարցը հաւաքական զգայնութեան չափումներ ունի։ Ուրեմն, ինչո՞ւ տղաքը հայկական դպրոց չեն յաճախեր կամ չեն ուղարկուիր։ Փաստ է, որ ընտանիքներէն ներս հայախօսութիւնը, հայերէնի իմացութիւնը կը նուազի ահագնացող թափով։ Իսկ մեր դպրոցները կը յաջողի՞ն ջամբել հայերէնն ու կրօնագիտութիւնը, որոնք ընտանիքներէն ներս կը պակսին։ Հայերէնը միայն լեզուի ուսուցում չի նշանակեր։ Սա ամբողջ ինքնութեան մը փոխանցման, նաեւ դիմագծի մը, նկարագրի մը ժառանգման հարցն է։ Դժբախտաբար, այսօր կ՚ընդհանրանայ այն մօտեցումը, թէ սա ազգայնականութիւն է։ Այսպիսի տգիտութիւնը իսկապէս ողբերգական է։ Այս դպրոցներուն ամբողջ ջանքը կատարեալ մարդ հասցնելն է՝ իրենց առաքելութեան համապատասխան։
Կարճ խօսքով՝ մեր դպրոցներէն «պարապ աշակերտ» պէտք չէ դուրս գայ։ Մենք պէտք է նպատակասլաց մեծ աշխատանք տանինք։ Որեւէ հաւաքականութիւն կրնայ զարգանալ եւ իր ապագային ուղղութիւն տալ՝ միայն կրթութեան ու սերունդներու դաստիարակութեան նկատմամբ կարեւորութիւն ընծայելով։ Նորարարութեան ու բարեփոխումի կարիքը անվիճելի է։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու, նոր էջ մը բանալով պէտք է անցեալը մէկ կողմ թողուլ, անյապաղ սկսիլ արհեստավարժ աշխատանքի եւ սկսիլ զօրակցութեան։
Մենք այսօր ամուր գետին մը չունինք՝ վրան խարսխուելու եւ աշխատանքի լծուելու համար։ Չենք գիտեր, թէ այս հաւաքականութիւնը քանի՞ հոգի է։ Վիճակագրութիւն կա՞յ, թէ ոչ։ Եթէ կայ, ո՞ւր է, իսկ եթէ չկայ, ինչո՞ւ։ Միա՞յն եկեղեցին ունի կարգ մը արձանագրութիւններ՝ մկրտութիւններ, խառն ամուսնութիւններ, եւ այլն։ Անշուշտ, շատ սահմանափակ տուեալներ, որոնք անմիջական հասանելիութիւն չունին եւ, ըստ երեւոյթին, մշակուած ալ չեն՝ որեւէ նպատակի ծառայեցնելու համար։ Չենք կրնար չափել նաեւ, թէ եկեղեցին որքա՞ն ազդեցութիւն ունի մեր երիտասարդութեան վրայ։ Մեր համայնքը չունի աշխարհական որեւէ լիարժէք, յստակ դրուածքով վարչամեքենայ։ Մէկ կողմէ համայնքի անդամներուն թիւը կը նուազի, իսկ միւս կողմէ մարդիկ շարունակ շինարարութեան մասին կը մտածեն։ Ուժերու եւ միջոցներու համախմբում չկայ, մարդ հասցնելու ջանք չկայ։ Եկէ՛ք, դադրինք պեթոնի ներդրում ընելէ եւ մարդուժ պատրաստելու համար ներդրում ընենք։ Մենք միայն կարիքն ունինք երկրաշարժի դէմ դիմադրունակ, ամուր շէնքերու եւ մեր դպրոցներու շէնքերու անբաւարար ամրութեան հարցը թափանցիկ ձեւով պէտք է ներկայացնել մեր ժողովուրդին։ Այս համայնքին մէջ յստակ չափանիշներ պէտք է սահմանուին կրթաթոշակներու յատկացման համար եւ արդիւնքներուն պէտք է հետեւիլ ուշադրութեամբ, որովհետեւ պէտք է վստահ ըլլալ, թէ հաւաքական միջոցներէ տրամադրուած գումարները երկարաժամկէտ կ՚արդարանան ու կը ծառայեն իրենց նպատակին։ Մենք այսօր նոյնիսկ լիարժէք, սիստեմաթիք ձեւով չենք հետեւիր, թէ մեր վարժարաններու շրջանաւարտները ի՞նչ կ՚ընեն, ո՞ւր կը հասնին։
Աշխարհիկ վարչամեքենայ մը չունինք, վերոյիշեալ ուղղութիւններով ճանապարհ կտրելու վարչական տեսլական չունինք։ Բաւարար վարչային չունինք ու տակաւին աւելորդ դարձած է խօսիլ, թէ եղածներուն քանի՞ հատը կրթական գործերէ կը հասկնայ։ Ինչո՞ւ նո՛յն անձը մէկէ աւելի հաստատութեան մատակարար մարմնին մէջ նոյնաժամանա՛կ պաշտօն կը ստանձնէ։ Աւելի՛ն, սա չի նպաստեր միանալով հասարակաց որոշումներ առնելու. բան մը, որուն այնքան հրատապ կարիքն ունինք։
- Ընդհանուր առմամբ բոլորը համաձայն են, որ պոլսահայ վարժարաններու մակարդակը աւելի բարձր է՝ երկրի միջինէն։ Առարկայական փաստ մըն է նաեւ, որ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի աշակերտութեան թիւը հատզհետէ կը նուազի։ Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս հակասութիւնը։
- Նիւթին մէջ խորանալէ առաջ պէտք է ընդունիլ, որ թէեւ որակը բարձրացնելու բարի կամեցողութեամբ, սակայն, մեր վարժարաններուն մէջ յաճախ կ՚առնուին սխալ քայլեր։ Խօսքը միշտ շատ է, բայց, գործադրութիւնը անբաւարար։ Համայնքին մէջ նկատելի են անիմաստ մրցակցութիւններ՝ դպրոցներու, ծնողներու, աշակերտներու, նոյնիսկ ուսուցիչներու միջեւ։ Համագործակցութիւն չկայ, բազմաթիւ աշխատանքներ ի զուր կը կրկնուին։ Մենք կը գտնուինք փապուղիի մը մէջ, ուր ամէն մարդ ամէն ինչը գիտէ, սակայն, լուծման համար ինքնաքննադատութենէ կը խուսափի։ Կրթութեան ոլորտին հետ առընչութիւն ունենայ կամ ոչ, բոլորը գաղափար մը ունի, սակայն, երբ կարգը գործադրութեան գայ, ապա գաղափարները կը մոռցուին։
Մասնագիտական առումով մենք նոր ու հասարակաց դասացուցակի մը պէտք ունինք։ Հարիւր տոկոս համոզուած եմ, թէ որոշ բաներ պէտք է փոխենք։ Այս փոփոխութիւնները իւրաքանչիւր դպրոցէ ներս կը կատարուի՝ որպէս առանձին, մասնակի կարգադրութիւն։ Ինչո՞ւ այսպէս կ՚ըլլայ։ Մենք չե՞նք կրնար հայկական դպրոցներու համար նո՛ր հասարակաց դասացուցակ մը պատրաստել՝ միասնական աշխատանքով ու այդ մէկը ներկայացնել Ազգային կրթութեան նախարարութեան։ Միթէ ի վիճակի չե՞նք։ Այս բոլորը պատկան մարմիններուն հետ ալ անկեղծութեամբ պէտք է խօսիլ։
Ըստ էութեան, մեր վարժարաններու դիմագրաւած մեծագոյն հերցերէն մին է՝ արտասահմանեան հեռանկարներու բացակայութիւնը։ Մեր տղաքը, եթէ օտար վարժարան մը աւարտեն, ապա արտասահմանի մէջ իրենց ուսումը շարունակելու կարելիութեան մը կը տիրանան, իսկ մեր դպրոցներու պարագային այսպիսի հնարաւորութիւն մը չկայ։ Մեր դպրոցներուն տեսակէտէ մեծ տկարութեան մը վերածուած է այս խնդիրը։ Խոցելի կէտի մը վերածուած է։ Այս խոչընդոտը պէտք է անպայման յաղթահարուի։ Մեր ուսուցչական կազմին ընդհանուր կարողութիւնը բաւական բարձր է։ Ուստի, մենք պէտք է ենթագետին մը ստեղծենք, որպէսզի մեր աշակերտները, մեր շրջանաւարտները կարենան յաւակնոտ դառնալ՝ միջազգային քննութիւններու մէջ յաջողութեան ճանապարհին։ Մենք այսպիսի քայլեր պէտք է առնենք, զանոնք պէտք է համակարգենք պատկան մարմիններուն հետ եւ այս բոլորը պէտք է բարձրաձայնենք՝ դպրոցահասակ տղոց ծնողներու շրջանակներէն ներս։ Աշակերտութեան թիւի պակսելու հիմնական պատճառներէն մին ա՛յս է եւ մենք պէտք է պայքարինք, որպէսզի հայկական վարժարանի աշակերտն ալ ունենայ՝ ուսումը միջազգային միջավայրի մէջ շարունակելու հեռանկարը։
Բաց աստի, կան շարք մը տեղական հարցեր, որոնք փորձենք բիւրեղացնել օրինակով մը. Պաքըրգիւղն ու Եշիլգիւղը մեր հայահոծ թաղերու շարքին են, սակայն, այնտեղի մեր դպրոցներու սաները՝ որպէս միջնակարգի ընթացաւարտ, վաղուց այլընտրանք կը համարեն «Քատրօ անատոլու լիսէսի» անուն դպրոցը, որ Տատեանի նախկին շէնքին մէջ հաստատուած է։ Այդ թաղերու դպրոցներուն շրջանաւարտները տեսականօրէն մեր լիսէներու աշակերտի թեկնածուները կը համարուին։ Եկուր-տես, որ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ համայնքապատկան կալուածին մէջ հաստատուած ոչ-համայնքային դպրոց մը կը մտնէ մեր հաշուարկներուն մէջ, որովհետեւ մարդիկ չեն բացառեր իրենց զաւակը այնտեղ ուղարկել։
Որպէս հաւաքականութիւն՝ այլեւս պէտք է դադրինք խուսափիլ մեր խնդիրներուն հետ առերեսուելէ։ Չգիտնալ ձեւացնելն ու անտարբերութիւնը մէկ կողմ թողլով՝ պէտք է սկսինք խօսիլ մեր սխալներուն ու ճիշդերուն մասին։
- Ձեր կարծիքով՝ դպրոցներու աշակերտութեան թիւին յարատեւ նուազիլը ձուլմա՞ն նշան է։
- Անշուշտ, որ այդպէս կրնայ համարուիլ։ Յամենայնդէպս, երեւոյթ մը թիւերու, թուանշաններու հիմունքով դիտարկելու կամ արժեւորելու համար պէտք է ունենալ առարկայական տուեալներ, յստակ վիճակագրական արդիւնքներ, որովհետեւ գիտականօրէն պէտք է ուսումնասիրուին այս երեւոյթները, որոնք բազում ազդակներէ կախում ունին։
Մենք առանց առարկայական պատկերի մը նայելու, առանց վիճակագրական տուեալի՝ մեր հարցերուն լուծում կը փնտռենք, ինչ որ կը նշանակէ պարզապէս գանգատիլ։ Մօտաւորապէս ենթադրելի է, թէ ի՞նչ գործօններու բերումով կը նուազի մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւը։ Այո՛, ձուլումը՝ ձուլում, սակայն, հաշուի չառնե՞նք՝ խառն ամուսնութիւնները, համայնքի անդամներու մահուան եւ ծնելիութեան համեմատութիւնները, համայնքէն ներս ժողովրդագրական կացութիւնը, Իսթանպուլի մէջ համայնքի անդամներու բնակութեան վայրերու շարժը, եւ այլն… Ունի՞նք այս բոլորին շուրջ վիճակագրութիւն. ո՛չ։ Խառն ամուսնութիւնն ալ առանձին երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ ոչ-խառն ամուսնութիւններու պարագային ալ կան անանտեսելի նիւթեր։ Այսօր երիտասարդ զոյգերը հակուած չեն զաւակ ունենալու։ Խառն ամուսնութիւններէ ծնածները չե՞ն ուղարկուիր հայկական դպրոց։ Ոչ-խառն ամուսնութիւններէ ծնածներու պարագային մե՞ծ է ցանկութիւնը՝ հայկական դպրոցի առումով։ Այս եւ նման հարցումներու կապակցութեամբ կ՚առաջնորդուինք միայն անձնական տպաւորութեամբ կամ զգացողութեամբ։ Եթէ նոյնիսկ ճիշդ դուրս գայ, ապա այսքանն ալ բաւարար չէ երկարաժամկէտ հաւաքական ապագայ մը ծրագրաւորելու համար։
Մենք նոյնիսկ չենք հետեւիր քաղաքի երկու ափերու միջեւ տեղափոխութիւններուն, որպէսզի համապատասխան դասաւորենք մեր կարգադրութիւնները։ Այսօր նորապսակ բազմաթիւ երիտասարդներ կը նախընտրեն քաղաքի եւրոպական մասէն տեղափոխուիլ ասիականը։ Անզէն աչքով նկատելի է այս շարժը։ Ասիական ափին, հետեւաբար, անպայման համայնքային լիսէ մը պէտք է գործէ։
Նոր ժամանակները նոր վիճակներ կը ստեղծեն եւ առանց անհրաժեշտ վիճակագրութեան՝ մենք չենք կրնար ճկունանալու պատրաստութիւն տեսնել՝ անոնց համարժէք քայլերու դիմելու համար։ Դպրեվանքի իմ փորձառութիւնը այս տեսանկիւնէն յատկանշական ապրումներու դուռ կը բանայ եւ անոնց հիմքով կարելի է նաեւ հետեւութիւններ ընել՝ մանաւանդ, որ մեր դպրոցը միշտ բարձր ձգողականութիւն ունի ժողովուրդի բոլոր խաւերու աչքին։ Դպրեվանքը անցեալին գաւառներէն Իսթանպուլ գաղթած երիտասարդները համախմբելով՝ շահեցուցած է համայնքին։ Մեր օրերուն ալ այս տեսանկիւնէն կան տարբեր դրսեւորումներ, որոնք կը վերաբերին ոչ-համայնքային դպրոցներէ դէպի համայնքայինը վերադարձին։ Արդարեւ, թէեւ ոչ այդպէս զանգուածային, բայց, կայ նման հոսք մը եւ մենք մեր դպրոցին մէջ ունինք այդպիսի աշակերտներ։
Մեր լիսէներու աշակերտութեան թիւին նուազիլը՝ հարցի ընդհանուրին մէջ ունի ուրոյն երեսակներ։ Այսինքն, տեսականօրէն մեր լիսէներու աշակերտական ներուժը գրեթէ հաւասար է՝ մեր միջնակարգերու շրջանաւարտներու թիւին։ Եկուր-տես, որ այդ անցումին մէջ ահաւոր կորուստներ կ՚ըլլան։ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտներու եւ համայնքային լիսէ մը նախընտրած աշակերտներու թիւին միջեւ լուրջ տարբերութիւն մը կայ։ Նայեցէ՛ք, անձնական սահմանափակ աշխատանքով ապահովուած թիւերն անգամ բաւական խօսուն են, ինչ որ կը վերահաստատէ վիճակագրութեան մեծ նշանակութիւնը՝ որպէս ուղեցոյց, առարկայական ուղենիշ։ Գարակէօզեանը ունի 2 շրջանաւարտ, Ֆէրիգիւղը (Մէրամէթճեան)՝ 5, Էսաեանը՝ 4, իսկ Օրթագիւղը (Թարգմանչաց)՝ 7։ Սա է մեր լիսէներու աշակերտի թեկնածուներուն թիւը։ Տատեանը (Պաքըրգիւղ) երկար ատենէ ի վեր 25-30 շրջանաւարտ կու տայ, Եշիլգիւղը այս տարի ունեցաւ 34 ընթացաւարտ, իսկ յաջորդ տարի կ՚ունենայ առաւելագոյն 17։ Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի կապակցութեամբ արդէն ըսի այդ միւս լիսէին ստեղծած խոչընդոտը։
Ի՞նչն է, որ չենք յաջողիր, ի՞նչ բանի մէջ կը թերանանք։ Անդին մատակարար մարմինները զբաղած են մեր դպրոցները քոլէճի վերածելու երազանքներով։
Կրկնելով կը կրկնեմ, որ չափուած-կշռուած քայլերով պէտք է ընթանալ։ Վիճակագրական տուեալներու պակասը մեզ կը դատապարտէ հաւաքական ամլութեան։ Մեծ մե՜ծ ժողովներ կ՚ըլլան, մարդիկ մանրամասն կը ներկայացնեն խնդիրները, բայց լուծման մասին չեն խօսիր կամ լուծման հորիզոն մը չի ձեւաւորուիր, որովհետեւ այս ձեւով ամէն ինչ օդի մէջ կը մնայ։ Տուեալներու շտեմարանի մը պէտք ունինք։ Այնպէս չէ, որ այսօրուան նման այս կամ այն անկիւնը թերութիւններով, չհիմնաւորուած ու չհաստատուած տուեալներ պահուած ըլլան։ Շտեմարանի տուեալները՝ յստակ տեսլականով ու մտահորիզոնով պատրաստուած հարցումներու պատասխանները պէտք է պարփակեն ու պէտք է հասանելի ըլլան բոլորին, հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ պէտք է ըլլան։ Անոնք, վերջին հաշուով, այնպիսի պատկեր մը պէտք է ցոլացնեն, որ ապագայի ռազմավարութիւն մը մշակել կարելի դառնայ։
- Թրքահայ համայնքէն ներս բոլոր բնագաւառներու պարագային զգալի են վարչական տագնապները։ Այս պայմաններուն ներքեւ կարելի՞ է, որ կրթութեան ոլորտը զերծ ըլլայ ճգնաժամէ։
- Մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրները կը դասաւորուին տնտեսական եւ կրթական առանցքներուն շուրջ։ Կանխաւ նշենք՝ կրթականի պարագային որոշ միջինէ մը վեր ենք, հակառակ ամէն ինչին։ Ընդհանուր առմամբ, հետեւողականութեան պակասէ ու ծանր հետեւանքներէն կը տառապինք։ Թէեւ մենք ունինք լաւ կրթական մշակներ, սակայն, չենք յաջողիր շարունակականութիւնը ապահովել, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ձեռքբերումներու երկարաժամկէտ փոշիացման։ Այսպէսով, տնտեսական գործօններով պայմանաւորուած ընդհանուր վարչական տագնապը կը կլանէ նաեւ կրթական ոլորտը։ Որպէս օրինակ՝ յիշենք, որ մօտաւոր անցեալին բովանդակ Թուրքիոյ յաջողագոյններու 550-րդը հասած էր Էսաեանէն, սակայն, այդ կէտէն վերջ այնպիսի իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որ վարժարանը չկարողացաւ անգամ մըն ալ լիարժէք վերականգնուիլ։ Կ՚ուզեմ յաջողութիւն մաղթել այժմու տնօրէնուհիին եւ հիմնադրի ներկայացուցիչին, որոնք մեծ ջանքեր կը գործադրեն։
Նկատելի է, որ վարչայինները հաստատութենական (էնսթիթիւսիոնէլ) ընկալում մը չունին։ Եթէ արհեստավարժ հաստատութենական մօտեցում մը ըլլայ, ապա թերութիւնները կ՚ուղղուին, իսկ լաւ կողմերը աւելի կը կատարելագործուին։ Միթէ այդպէ՞ս է մեր իրականութեան մէջ, ուր վարչական խորհուրդի կամ մատակարար մարմնի ընտրութենէն վերջ դպրոցի տնօրէն կը փոխուի։ Վերջին հաշուով, դպրոց մը յստակ բանաձեւած պէտք է ըլլայ իր տեսլականն ու առաքելութիւնը։ Առկայ տագնապները ծնունդ կ՚առնեն ամուր հաստատութենական համակարգի բացակայութենէն ու պատճառ կը դառնան մեր կառոյցներու ահաւոր մաշեցման։ Մեր դպրոցները ինչպէ՞ս կրնան մրցունակ մնալ այս պայմաններուն ներքեւ։ Այլեւս պարզ է, որ այժմու ձեւերով կարելի չէ շարունակել։ Համախումբ ջանքեր պէտք է գործադրել՝ ներառելով նաեւ ծնողները։ Կրթութիւնը թէեւ մասնագիտական գործ մըն է, սակայն, մասնաւոր հատուածին նոր մտայնութիւնը այդ գործընթացին ներգրաւած է նաեւ ծնողները։ Հետեւաբար, անոնց նկատմամբ ալ յատուկ վերաբերմունք մը պէտք է ունենալ։ Մենք պարտաւոր ենք անդրդուելի մնալ այն համոզման մէջ, թէ կարելի է շահիլ իւրաքանչիւր աշակերտը։
Մենք առկայ վիճակին մէջ չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ այն հարցման, թէ աշակերտը ի՞նչ վիճակի մէջ դպրոց կ՚ընդունինք եւ ի՞նչ վիճակով շրջանաւարտ կ՚ընենք։ Ի՞նչ հիմքով աշակերտ կ՚արձանագրենք։ Յանուն թափանցիկութեան՝ յստակ վիճակագրական պատկեր մը պէտք է տեսնենք, թէ 8-րդ դասարանէ վերջ մեր վարժարաններէն ներս ի՞նչ կացութիւն կը ստեղծուի խորքին մէջ։ LGS-ի (լիսէներու մտից քննութիւն) ընդհանուր ծրագրաւորում մը չունինք։ Իսկ այդ փուլէն վերջ, որոշ նշաձողի մը չհասած մեր բոլոր աշակերտներուն ծանրութիւնը, գործնականին մէջ, կը մնայ մեր մէկ-երկու լիսէին վրայ։ Այս անգամ, յաջորդ քայլափոխին, այդ լիսէները համալսարանի մտից քննութիւններուն բաւարար կամ գոհացուցիչ արդիւնք արձանագրելու հնարաւորութիւն չեն ունենար ու կը քննադատուին։ Եթէ այդ աշակերտները չընդունին, անշուշտ, դարձեալ կը քննադատուին՝ այլ պատճառներով։ Այսինքն փակ շրջան մըն է։ Ուստի, համայնքէն ներս առկայ անհաւասարութեան խնդիրները պէտք է հարթուին։
Բնականաբար, միշտ պէտք է ի մտի ունենալ, որ իւրաքանչիւր երեխայ առանձնայատուկ է։ Այս սկզբունքով պէտք է տէր կանգնիք նաեւ անոնց, որոնք յատուկ վերաբերմունքի կը կարօտին, մասնաւոր պարագայ կը դասուին կամ սորվելու դժուարութիւն ունին։
Ընդհանուր ճգնաժամային վիճակին մէջ յատկապէս ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել մեր կրթական մշակներուն վրայ։ Անոնք այսօր ինքզինքնին վերանորոգելէ հեռու են, մինչդեռ՝ այս առումով բաւական մրցակցային միջավայր մը պէտք է ունենանք։ Ուսուցիչներու քարիէրը անպայման պէտք է խրախուսուի։ Այո՛, միանշանակ, վարձատրութիւնը պէտք է բարձրանայ, սակայն, հարցը այդքանով սահմանափակուած պէտք չէ մնայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է խօսիլ նաեւ անոնց աշխատանքային համակարգին մասին։
Համայնքի ընդհանուր ճգնաժամային վիճակը զանազան կարեւոր կէտերու պարագային կ՚ունենայ իր դրսեւորումները։ Դպրոցներու շէնքերու ամրութեան հարցն ալ նոյն ամբողջին մէջ է։ Բոլորը գիտեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել։ Սա թէեւ մատակարար մարմիններու գործն է, սակայն, նախապատուութիւն պէտք է տալ՝ այս գործընթացը թափանցիկութեամբ յառաջ տանելու։ Մնաց որ, բոլորը լռելեայն գիտեն, թէ եթէ կուսակալութիւնը չհանդուրժէ, ահա ի՛նչ կրնայ պատահիլ։
- Պոլսահայ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման մակարդակը այն աստիճան անբաւարար դարձած է, որ հաւաքական ժառանգութեան փոխանցման ուղղակի կը սպառնայ լրջօրէն։ Սա չի նշանակե՞ր, որ անոնք դադրած են իրենց գոյութեան նպատակին ծառայելէ։
- Դժբախտաբար, այո՛, պէտք է համաձայնինք, թէ մեր դպրոցները այսօր չեն ծառայեր իրենց գոյութեան նպատակին։ Սա շատ տխուր է, իսկապէս։ Հայերէնի վրայ պարտաւոր ենք աշխատելու, արդիւնաւէտ դասաւանդման համար նորութիւններու հասնելու նպատակով պէտք է արտադրել։ Համապատասխան ծրագրերու մշակումը պէտք է խրախուսել՝ բոլոր զոհողութիւնները յանձն առնելով։ Ընդհանրական ոգիով եւ համակարգուած պէտք է ընթանալ։ Մենք միջոցէ մը ի վեր կը ջանանք մեր հայերէնի՝ աւելի արդիական ուրոյն դասագիրքը ձեւաւորել, բայց շօշափելի արդիւնքի համար բաւարար չէ՝ իւրաքանչիւրին իր անկիւնը, առանձին տարած աշխատանքը։ Համընդհանուր շարժումի մը պէտք ունինք։
Ամբողջ 12 տարի հայկական դպրոց երթալէ վերջ տղաքը ի վիճակի չեն ըլլար հայերէն կարդալու, բոլորովին անտեղեակ կ՚ըլլան իրենց անցեալէն։ Մեր դպրոցները նաեւ փոխանցման հարթակներ են, սակայն, ուսուցիչ չկայ՝ հայերէնով պատմութիւն դասաւանդելու համար։ Փոխանցումը միայն դասով ալ չ՚ըլլար, պէտք է կենսունակ պահուին աւանդութիւնները։ Օրինակ՝ Դպրեվանքի մէջ վերակենդանացուցինք չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահքի ճաշ մատուցելու աւանդութիւնը։ Այսպիսի խորհրդանշական քայլերը անմիջապէս տղոց ուշադրութիւնը կը գրաւեն։
4+4+4-ի բոլոր փուլերուն մենք կ՚ունենաք անանտեսելի թիւով աշակերտի կորուստ։ Սա ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որու ծայրը կը հասնի բոլոր հարցերուն՝ ներառեալ մայրենիի ուսուցումը։ Մեր բոլոր բարդութիւններու յաղթահարման ջանքերու կիզակէտին է ծրագրաւորումը, ծրագրաւորեալ աշխատանքը։ Հայերէնն ալ, անգլերէնի նման, պէտք է ջամբել՝ խօսելու, կարդալու եւ գրելու ուղղութիւններուն ձգտելով։ Յետոյ, այս հարցը մեր դպրոցներու առաքելութեան հետ ուղիղ կապի մէջ է, այս հանգամանքը պէտք է ըլլայ յստակ ու թափանցիկ։ Այս պայքարին պէտք է ներառել ծնողը։ Բոլոր հարցերուն լուծումը պէտք է պատկերացնել աշակերտ-դպրոց-ծնող եռոտանիին մէջ։ Արդարեւ, առանց գիտակից ծնողներու՝ մեր վարժարանները չեն կրնար դարուն քայլ յարմարցնել։
Բոլորը մեծ տաղտուկի մը մէջ են եւ այդ վազվզուքին զոհ պէտք չէ երթայ մեր արժէքներու երիտասարդներուն առողջ փոխանցելու գործը։ Չմոռնանք՝ այսօրուան աշակերտները ապագային պիտի դառնան մեծ ծնողներ, որոնց պիտի վիճակի ընտանեկան մթնոլորտի մէջ փոխանցում ապահովելը։
- Պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու բուն նպատակին յարմար կամ համապատասխան մարդուժ, այսինքն ուսուցիչ, մանկավարժ պատրաստելու ուղղեալ մասնագիտական կառոյցի կամ հարթակի մը բացակայութիւնը այս համակարգը փակուղիի չի՞ մատներ։
- Հասկնալի է, որ փակուղիի մատնուած ենք ու դուրս գալու համար պէտք է վերակազմակերպուիլ, մասնագիտական նոր նախագծերու մշակումը անհրաժեշտ է։ Երիտասարդները անպայման պէտք է ածանցել համակարգին։ Այսօր կան նոր դէմքեր, որոնք նոր բախտ կը փնտռեն։ Մենք մեր վաղեմի խնդիրներու լուծման որոնումներուն մէջ սովոր ենք միշտ նոյն հասցէներուն դիմելու։ Այլեւս այս քարացած վարժութիւններէն պէտք է հրաժարինք։
Գործելաոճը արհեստավարժ պէտք է դառնայ։ ERASMUS-ի դրութիւններուն նման՝ նիւթական միջոցներ շարժման պէտք է անցուին, ներդրումներ պէտք է կատարուին։ Ծրագրի ձեւաչափով հարցադրումներ պէտք է յառաջ քշուին։ Քանի՞ հարցում կայ, քանի՞ թեկնածու կայ։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, վարժարաններու տնօրէններու եւ մատակարար մարմիններու միջոցաւ աշխատաժողովներ կրնան կազմակերպուիլ՝ ընդհանուր համակարգումով։ Բոլորին պէտք է հարցնել, բոլորին կարծիքը պէտք է շօշափել։ Իւրաքանչիւրը պէտք է ներգրաւել աշխատաժողովներուն։
Նայեցէ՛ք, վերադառնանք նոյն տրամաբանութեան։ Մենք չենք գիտեր այս համայնքի նորածիններուն, դպրոցներու շրջանաւարտներուն համեմատութիւնները։ Անհրաժեշտ վիճակագրական տուեալները ունի՞նք՝ այս համայնքին ընդհանուր մարդուժի համայնապատկերը մասնագիտական աչքով դիտարկելու համար։ Ինչպէ՞ս պիտի հաշուարկենք, թէ ապագային քանի՞ ուսուցիչի կարիքը պիտի ունենանք եւ այդ քանակութեամբ կրթական մշակ պատրաստելու համար որքա՞ն ժամանակի ընթացքին, որքա՞ն նիւթական միջոց պէտք է ներդնենք։ Չունենալը մէկ կողմ, նոյնիսկ յայտնի չէ այս պահանջին հասցէատէրը։ Որմէ՞ պիտի ուզենք, ո՞վ է պատասխանատուն։ Մեր համայնքէն պէտք է հասնին մասնագէտներ, որոնց անյետաձգելի կարիքն ունինք՝ առողջ փոխանցում մը, սերնդափոխութիւն մը ապահովելու համար։ Պատահաբար կը նկատենք նոր սերունդէ դրական օրինակներ՝ մինչդեռ շրջանաւարտներու հետ յարաբերութիւնները այս առաջնահերթութեամբ պէտք է վերակառուցուին ու խրախուսուին։ Մենք նոյն տրամաբանութեամբ կրնանք շահիլ նաեւ այն տղաքը, որոնք խառն ամուսնութիւններէ ծնած են։ Կարեւորը՝ արտադրութեան համար քաջալերականն է։ Մենք պէտք չէ աչք փակենք՝ հայկական լիսէներու շրջանաւարտներու մեր հաւաքական կեանքէն հրաժեշտ առնելուն։ Մինչդեռ՝ մեզի համար կանխատեսելի պէտք է ըլլայ, որ տուեալ տարին քանի փոքրիկ կ՚ունենանք նախակրթարան սկսելու տարիքով ու անոնցմէ քանի հատը հայկական դպրոց կ՚արձանագրուի։
Այսօր բաւարար փորձառութիւն եւ դիտարկման հնարաւորութիւններ ունինք՝ մեր ապագային մասին հետեւութիւններ ընելու, ճամբայ մը գծելու համար։ Գիտակից անձը ժամանակէն ետ չի մնար։ Մենք պէտք է դարուն յարմարինք ու պէտք է հասկնանք, թէ մեր արժէքները մեզի ո՛չ թէ կը հեռացնեն դարէն, այլ ընդհակառակն։ Մեր ժառանգութեան օտար մարդոց թիւր կարծիքն է այդ մէկը, իսկ եթէ մարդիկ հայերէն սորվին, գիտնան, ապա այդ ժառանգութեան հաղորդ կը դառնան եւ կը համոզուին մեր նշածին ուղղութեամբ։ Սա ալ կայ, որ մարդ որքան հայերէն գիտնայ՝ այնքան կը խորանայ ուսումնասիրութիւններու, պրպտումներու մէջ։
Կարճ խօսքով՝ վաստակ պէտք է ներդնել։ Հայերէնի համար պէտք է միջգիտաճիւղային (էնթերտիսիփլինէր) համագործակցութեան մը ձեռնարկել։ Հարցադրումներ եւ նիւթեր՝ միշտ նախագծերու ձեւաչափին մէջ։ Համակարգի բոլոր տարրերը պէտք է առաջնորդել մտածելու, միտք յոգնեցնելու, այլապէս հարցերը չեն լուծուիր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ