«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽԻՆ
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։ Թերթը կը մատնանշէ, որ Պուլկարիոյ եւ Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններու արդիւնքին իշխանութեան գլուխ եկած են ռուսամէտ ուժեր։ Սուրիոյ մէջ Ռուսաստան արդէն ունի զինուորական ներկայութիւն։
Այս ծիրին մէջ հերթական անգամ վերյիշուած է նաեւ Հայաստան։ Թերթը ընդգծած է, որ 1995 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ սահմանին մերձակայ Կիւմրի քաղաքին մէջ կը գործէ ռուսական ռազմախարիսխ մը։ Լրատուութեան կցուած է այդ ռազմախարիսխէն լուսանկար մը՝ նկարահանուած Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համատեղ այցելութեան ժամանակ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Փութին հաւանութիւն տուաւ Հայաստան-Ռուսաստան համատեղ զօրքի ստեղծուելուն։ Հրամանատարը պիտի նշանակուի Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ։ Հաւանական բախումի մը պարագային ռուսական կողմը պիտի ստանձնէ հրամանատարութիւնը եւ այդ զօրքը պիտի պաշտպանէ Հայաստանը։ Թերթը վիճակագրական տուեալներ ալ թուարկած է ռազմախարիսխին մասին։
Նոյն հաղորդման մէջ կը նշուի, որ Կովկասի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ազդեցութիւնը տարածելու զուգահեռ՝ Ռուսաստան միեւնոյն ժամանակ Իրանի հետ սակարկութիւններու մէջ կը գտնուի՝ 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքի ու զինամթերքի գործարք մը իրականացնելու նպատակով։