ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան Կիրակի գիշերուան Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնած է Հայաստան։ Այս ուղեւորութիւնը լայն արձագանգ գտած է Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամրան սկիզբին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Հայաստան պիտի մեկնէր՝ մասնակցելու համար Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի այցելութեան։ Նոյն ժամանակաշրջանին զուգադիպած էր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկած իր նամակը՝ Գերմանիոյ Պունտեստակի յայտնի որոշման բերումով։ Այդ մթնոլորտին մէջ յառաջացած զանազան թիւրիմացութիւններու եւ շահարկումներու բերումով ան որոշած էր ջնջել Հայաստան այցելութիւնը։ Ուրեմն այդ իրադարձութենէն ի վեր առաջին անգամ Նորին Սրբազնութիւնը կ՚այցելէ Հայաստան, ինչ որ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ արտասովոր արձագանգ ստեղծած է։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ներկայ կարճատեւ այցելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կ՚իջեւանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանատան մէջ։ Ան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Ծանօթ է, որ Վեհափառ Հայրապետն ու Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մօտաւոր անցեալին հանդիպած էին Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեղի ունեցած էր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը եւ համատեղ նիստ մը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն, թեմակալ խորհուրդներու դիւաններուն եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի պատասխանատու Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան Նորին Սրբազնութեան այցելութեան կապակցութեամբ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը հանդիսանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան։ Բազում այլ հոգեւորականներու նման, ինքն ալ ժամանած է Մայրավանք։ Այս այցելութիւնը չի հետապնդեր որեւէ մասնաւոր նպատակ»։
Վերոյիշեալ գործակալութեան հարցման պատասխանելով՝ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ժամանակին անդրադարձած են յիշեալ նամակի պատճառներուն։ Ծանօթ է, որ այդ նոյն շրջանին կարգ մը ծայրայեղ շրջանակներ օրակարգի վրայ բերած էին զանազան արմատական պահանջներ՝ որպէսզի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըլլայ կարգալոյծ։ Այդ բոլորի լոյսին տակ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ընդգծած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւոր։
Հարկ է նշել, որ Ընդհանուր Փոխանորդը քաղաքս պիտի վերադառնայ այս Հինգշաբթի։
Միւս կողմէ, այս օրերուն դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուխտի այցելութիւն մըն ալ կ՚իրականացնեն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։