ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ե­րէկ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ ծնո­ղաց միու­թիւ­նը այս տա­րի եւս կը ծա­ւա­լէ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ու կ՚ակն­կա­լէ ամ­բողջ թա­ղե­ցի­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի։

Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան եւ Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեան յայտ­նե­ցին, թէ ներ­կայ շաբ­թուան ըն­թաց­քին պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց անդ­րա­նիկ ձեռ­նար­կը եւ այդ ա­ւան­դա­կան ծրագ­րով տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան պի­տի շա­րու­նա­կուի ի­րենց բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016