Սայաթ-Նովա. Հանճարեղ Աշուղն ու Բանաստեղծը
«… Մեր վիթխարի Սայաթ-Նովան մի հոյակապ սիրահար է, բռնուած ու բռնկած սիրոյ հրդեհով, նրա լուսի տակ էլ նկատում է աշխարհքն ու իրերը, զգում է, որ էրւում, վերջանում է ինքը, բայց մնում է արի ու բարի, անչար ու անաչառ, վեհ ու վսեմ, որպէս աշխարհքի ու մարդու մեծ բարեկամը, հաստատուն սիրով ե՛ւ դէպի էն «զալումը», որ իրեն կրակ տուեց ու միշտ մնաց անտարբեր, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք չորս կողմից տաքացան ու հրճուեցին էն կրակով, որի մէջ էրւում էր ինքը, ե՛ւ դէպի նրանց, որոնք հազար ու մի տեսակ իրեն վշտացրին կեանքում։ Զայրացաւ, բայց երբեք չչարացաւ, ցաւեց, բայց երբեք չանիծեց»։
Հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւկին՝ Սայաթ-Նովային (1712-1795) ուղղուած սրտաբուխ այս արժեւորման հեղինակը «հանճարեղ լոռեցին»՝ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանն է։
Սեպտեմբեր 22-ին, 221 տարի առաջ, Աղա Մոհամմէտ խան անուն բռնակալի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող նահատակուեցաւ եւ մեր աշխարհէն հեռացաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Սայաթ-Նովա։ Հաղբատի վանքին մէջ իր վերջին շունչը աւանդեց հայ մեծ գուսանն ու աշուղ-բանաստեղծը՝ գրելով, թէ «Չըխմամամ քիլիսէտէն, տէօնմէմէմ իսա՛տէն (ազերիական թրքերէնով՝ դուրս չեմ գար եկեղեցիէն, չեմ հրաժարիր աղօթքէն)…Այս խօսքերն ասելէս ետք ինձ սպաննեցին պարսիկ Աղա Մոհամմէտ խանի զինուորները»։
Ինչպէս իր կենդանութեան, այնպէս եւ իր մահէն ետք - մինչեւ այսօր ու վստահաբար տակաւին երկար դարեր - Սայաթ-Նովայի երգերն ու բանաստեղծութիւնները մշտանորոգ թարմութեամբ կը հնչեն հայոց իրերայաջորդ սերունդներու շրթներուն։
Հեգնականօրէն՝ հայկական բանասիրութիւնը դեռ ամբողջական լոյսի տակ առած չէ Հայկեան Հանճարի այս անզուգական աշուղ-բանաստեղծին կեանքն ու ժառանգութիւնը։
Սայաթ-Նովայի կեանքին ոչ միայն շատ մը մանրամասնութիւնները, այլեւ հիմնական փուլերն ու ծալքերը դեռ չեն լուսաբանուած անհրաժեշտ ճշգրտութեամբ ու խորութեամբ։
Մինչ ընդհանրապէս օտարներ, նաեւ խոր-հըրդահայ աղբիւրներ պարզապէս Թիֆլիզը կը յիշատակեն իբրեւ ծննդավայրն ու նահատակութեան վայրը «Կովկասի Երգի Թագաւորը» հռչակուած մեծանուն Սայաթ-Նովա-յի, այսուհանդերձ՝ վերջին տասնամեակներուն կատարուած բացայայտումներ կու գան յստակեցնելու, որ աւազանի անունով Արութին կամ Յարութիւն Սայաթեան 14 Յունիս 1712-ին ծնած էր, մեծ հաւանականութեամբ, Սանահինի մէջ, որ ծննդավայրը եղած էր նաեւ մօրը՝ Սարայի, մեծանուն հայ բանաստեղծ Նաղաշ Յովնաթանի թոռնուհիին։ Հայրը՝ Կարապետը, Պոլսոյ հայ-թրքական աշուղական դպրոցի երախտաւորներէն սալմաստցի Ղուլ-Յարութիւն աշուղի որդին էր, որուն ծննդավայրը հաւանաբար եղած է Հալէպը կամ Ատանան, ըստ երեւոյթին փեսայ եկած էր Սանահին։ Սայաթեաններու ընտանիքը կանուխէն տեղափոխուած է Թիֆլիզի մերձակայ գիւղ մը, ուր մանուկ Յարու-թիւն ջուլհակութեան ղրկուած է ծնողքին կողմէ։
Եօթ տարի ան ջուլհակութիւն սորվեցաւ եւ ջուլհակ աշխատեցաւ հետագայ մեծ բանաստեղծը, որ իր ստեղծագործութեանց մէջ միշտ օգտագործեց ջուլհակագործի իր հըմ-տութիւնը՝ բանաստեղծական պատկերներու առումով լայնօրէն գործածելով մետաքսեայ թելերու մանուածքին ու հիւսուածքին, վառ ու գրաւիչ գոյներու խաղերուն, թանկարժէք կերպասներու բանուածքին նրբարուեստական փոխաբերութիւնները։
Ընգծումի արժանի է նաեւ ընտանեկան կազմաւորման այդ ենթահողէն ու միջավայրէն եկող Յարութիւն Սայաթեանի տիրապետումը, հայերէնի կողքին, վրացերէնի եւ ազէրիական թրքերէնի, ինչպէս եւ կարեւոր չափով պարսկերէնի ու մասամբ արաբերէնի։ Եւ պատահական չէ, որ համակովկասեան տարողութեամբ մեծանուն աշուղ-բանաստեղծ դարձաւ Սայաթ-Նովան՝ հայերէնով իր ստեղծագործութեան հիմնական ժառանգութեան կողքին, համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին կտակելով վրացերէն ու թրքերէն մեծարժէք երգեր ու բանաստեղութիւններ։
Բայց գերազանցապէս հայկական ակունք ունեցաւ հանճարեղ գուսանին ստեղծագործութիւնը։ Հայրական եւ մայրական կողմի տաղանդաւոր աշուղներէն, բանաստեղծներէն եւ արուեստագէտներէն ժառանգեց ոչ միայն ընտիր հայերէնն ու բանաստեղծական մշակումի արուեստը, այլեւ՝ հայ ժողովրդական երգ ու պարի աւանդները։ Հազիւ երիտասարդ՝ ան հրաժարեցաւ ջուլհակագործութենէ եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ աշուղական կեանքի։ Ճամբորդեց Պարսկաստան եւ հասաւ մինչեւ Հնդկաստան։ Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ենթակայ տարբեր երկիրներ։ Եւ ամէնուրեք, տարբեր ժողովուրդներու ստեղծագործական աւանդներուն մօտէն ծանօթանալով՝ հարստացուց թէ՛ իր գիտելիքներու պաշարը, թէ՛ բանաստեղծական մշակման հնարաւորութիւնները։ Ուխտի գնաց, մանաւա՛նդ, Տարօնայ աշխարհի Ս. Կարապետ վան-քը, որ կը նկատուէր ժամանակի աշուղներուն հոգեմտաւոր հասունացման ուխտատեղին։
Արդէն հռչակաւոր աշուղ էր եւ «Սայաթ-Նովա (պարսկերէն՝ Երգի Որսորդ)» անունով մկրտուած, երբ հրաւիրուեցաւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին կողմէ արքայական պալատ՝ պաշտօնապէս արքունի աշուղ կարգուելով։ Իր այդ հանգամանքով՝ Սայաթ-Նովա երկար ծառայեց Հերակլ Բ.-ի, արժանացաւ անոր վստահութեան։
Վրացական աշուղական բանաստեղծութիւնը հայկական եւ պարսկական պատուաստումով հարստացուցած հանճարեղ բանաստեղծին՝ Հերակլ Բ. յանձնարարեց նաեւ քաղաքական առաքելութիւններ եւ, կենսագիրներու վկայութեամբ, հայ մեծ գուսանը վճռորոշ դեր ունեցաւ պարսկական արշաւանքներու դէմ հայ-վրացական-թաթարական զինակցութիւն առաջացնելու գործին մէջ։
Վրաց թագաւորին մօտ Սայաթ-Նովայի վայելած վստահութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, երբ բանաստեղծը սիրահարուեցաւ թագաւորի դստեր՝ Աննայի (կարգ մը կենսագիրներու համաձայն՝ Հերակլ Բ.ի քոյրն էր Աննա)։ Սայաթ-Նովա շնորհազրկուեցաւ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ իր նահատակութիւնը, բառին իսկական իմաստով թրուպատուրի՝ թափառաշրջիկ աշուղի կեանք ապրեցաւ, ամէնուր իր երգն ու բանաստեղծութիւնը տարածեց եւ իր կենդանութեան արդէն արժանացաւ ժողովրդային երգիչի դափնեպսակին։ Քանի մը հազարի հասնող աշուղական իր երգերն ու խաղերը, երեք լեզուներով, տարածուեցան բերնէ բերան, ջերմացուցին եւ ծաղկեցուցին ժողովուրդի կեանքին ուրախ եւ տխուր պահերը հաւասարապէս։ Եւ արժանացան յաւերժութեան։
Սայաթ-Նովա իր կենդանութեան եւ իր ձեռքով լծուեցաւ սեփական ստեղծագործութիւնները գրի առնելու, մանաւանդ վրացերէն եւ թրքերէն իր երգերը հայացնելու աշխատանքին։ Գրականագէտները կը հաստատեն, որ իր Օհան որդին կարեւոր ներդրում ունեցաւ այդ աշխատանքին մէջ եւ մեծապէս օգնեց հօրը։ Այսօր Սայաթ-Նովայէն ունինք, գրաւոր պահուած, աւելի քան 230 հայերէն բանաստեղծութիւն։ Բայց կը տիրէ ընդհանուր այն համոզումը, որ տակաւին գոյութիւն ունին հայ հանճարեղ աշուղէն մեր ժողովուրդին կողմէ բանաւոր պահպանուած բազում ստեղծագործութիւններ, որոնք պէտք է հաւաքուին ու գրի առնուին։
Սայաթ-Նովայի անզուգական ժառանգութիւնը փրկելու եւ մեր ժողովուրդին մատչելի դարձնելու դժուարին, այլեւ երախտաշատ գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ ներդրումը հայ ժողովուրդի նոյնքան մեծանուն եւ արժանաւոր հսկաներէն Նիկոլ Աղբալեանի, որուն Սայաթ-Նովայի նուիրուած ժողովրդային լսարաններու բանախօսութիւնները մէկտեղուած են հատորի մը մէջ։
Հայ մեծ գրականագէտն ու քննադատը, իր կեանքի վերջալոյսին եւ Լիբանանի մէջ՝ Ճեմարանի յարկին տակ իր դասաւանդութեանց շրջանին, թիֆլիսեան իր տարիներուն կատարած բանահաւաքի աշխատանքները ի մի բերելով, յիշողութիւնները գրի առնելով եւ Սայաթ-Նովայի լեզուական եւ ոճաբանական իւրայատկութեանց ամէնէն հարազատ ու մատչելի մեկնաբանութեան ձեռնարկելով, փաստօրէն թէ՛ երգեց եւ թէ ասմունքեց հայ հանճարեղ աշուղ-բանաստեղծին լաւագոյն ստեղծագործութիւնները եւ զանոնք մեր սերունդներուն փոխանցեց իբրեւ անկորնչելի ժառանգ ու հարստութիւն։
Կեանքի եւ սիրոյ, տենչանքի ու տառապանքի, վշտի եւ ուրախութեան, իմաստութեան եւ յուսախաբութեանց՝ մարդկային ամէնէն իրա՛ւ ու խորախորհուրդ ապրումներուն հանճարեղ երգիչն է Սայաթ-Նովա։
Որքան ալ դժուար ըլլայ անոր հայերէնը, նորահաս սերունդներն անգամ ուղղակի իրենց սրտէն բխող երգի եւ հոգիի վաւերական խոստովանութեան վերածած են Սայաթ-Նովայի երգերը։
Եւ բնաւ պատահական չէ, որ Հայկեան Հանճարին շարժանկարի մեծ վարպետը՝ Սերգէյ Փարաճանով, 1968-ին իր պատրաստած «Նռան Գոյնը» կամ «Սայաթ-Նովա» գործով, ողջ աշխարհը գրաւող արուեստի գլուխ-գործոց մը սերունդներուն յանձնեց՝ Սայաթ-Նովայի ներշնչումով։
Իսկ սայաթ-նովայագէտ հանճարեղ Պարոյր Սեւակը սերունդներուն կտակեց՝ «Սայաթ-Նովան այնպէս ստեղծագործեց, որ մտաւ երեք ժողովրդի գրականութեան մէջ: Ո՜չ թէ գրականութեան պատմութեան, այլ գրականութեան մէջ՝ կենդանի եւ ապրող, կարդացուող ու երգուող, միշտ ճարուող, բայց միշտ փնտռուող գրականութեան մէջ: Մտաւ իբրեւ աղ: Այսքանով էլ Սայաթ-Նովան անհատ չէ, թէկուզ եւ մեծ անհատ, այլեւ ժամանակ լցնող շունչ է, տարածութիւն լցնող օդ, եւ այդպիսին մնում է մինչեւ հիմա՝ 200 տարի յետոյ էլ»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ